Ephesians -1 Timothy

Armenian(i) 1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ, Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն ու Քրիստոս Յիսուսով հաւատարիմներուն. 2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: 3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով օրհնեց մեզ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնային վայրերու մէջ, 4 ինչպէս անով ընտրեց մեզ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, որպէսզի մենք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ ըլլանք սիրոյ մէջ: 5 Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, իր կամքին բարեհաճութեան համաձայն, 6 որպէսզի գովաբանենք իր շնորհքին փառքը. անո՛վ ընդունելի դարձուց մեզ՝ Սիրելիին միջոցով: 7 Իրմով մենք ունինք ազատագրութիւն՝ իր արիւնին միջոցով, ու մեղքերու ներում՝ իր շնորհքին ճոխութեան համեմատ. 8 անո՛վ ճոխացուց մեզ՝ ամբողջ իմաստութեամբ եւ ուշիմութեամբ: 9 Գիտցուց մեզի իր կամքին խորհուրդը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն, որ իր մէջ՝՝ առաջադրած էր. 10 որպէսզի ժամանակներու լրումին տնտեսութեան մէջ՝ Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները: 11 Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն, 12 որպէսզի մենք՝ նախապէս Քրիստոսի ապաւինողներս՝ գովութիւն ըլլանք իր փառքին: 13 Դո՛ւք ալ ապաւինեցաք անոր՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, եւ հաւատալէ ետք անոր՝ կնքուեցաք խոստացեալ Սուրբ Հոգիով, 14 որ մեր ժառանգութեան գրաւականն է մինչեւ ստացուածքին ազատագրութիւնը՝ իր փառքին գովութեան համար: 15 Ուստի ես ալ, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն մասին, 16 չեմ դադրիր շնորհակալ ըլլալէ ձեզի համար՝ յիշելով ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ. 17 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, փառքի Հայրը, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգին՝ իր գիտակցութեամբ: 18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ, 19 եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան, 20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ, 21 ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ: 22 Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին, 23 որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:2 1 Դուք մեռած էիք յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ, բայց ինք ձեզ ապրեցուց: 2 Անոնց մէջ ժամանակին կ՚ընթանայիք՝ այս աշխարհի ընթացքին համաձայն, օդի իշխանութեան իշխանին համաձայն, այն ոգիին՝ որ հիմա կը ներգործէ անհնազանդութեան որդիներուն մէջ: 3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման: 4 Բայց Աստուած՝ որ հարուստ է ողորմութեամբ, իր մեծ սիրոյն համար՝ որով սիրեց մեզ, 5 երբ մեռած էինք մեղքերու մէջ՝ կեանք տուաւ մեզի Քրիստոսի հետ, (դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք.) 6 անոր հետ յարուցանեց մեզ եւ անոր հետ բազմեցուց մեզ երկնային վայրերու մէջ՝ Քրիստոս Յիսուսով, 7 որպէսզի գալիք դարերուն մէջ ցոյց տայ իր շնորհքին գերազանց ճոխութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով մեզի հանդէպ ցոյց տուած քաղցրութեամբ: 8 Որովհետեւ դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք՝ հաւատքի միջոցով, եւ ատիկա ո՛չ թէ ձեզմէ է՝ հապա Աստուծոյ ընծան է. 9 ո՛չ թէ գործերէն է, որպէսզի ո՛չ մէկը պարծենայ: 10 Քանի որ մենք անոր ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար. Աստուած նախապէս պատրաստեց զանոնք, որպէսզի մենք ընթանանք անոնց մէջ: 11 Ուստի յիշեցէ՛ք թէ դուք ժամանակին մարմինով հեթանոսներ էիք, (որոնք անթլփատ կը կոչուին անոնցմէ՝ որ թլփատուած կը կոչուին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած.) 12 այդ ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք, ուծացած ըլլալով Իսրայէլի հասարակութենէն, եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն. ո՛չ յոյս ունէիք, ո՛չ ալ Աստուած՝ աշխարհի մէջ: 13 Իսկ հիմա՝ Քրիստոս Յիսուսով՝ դուք որ ժամանակին հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսի արիւնով: 14 Որովհետեւ ա՛ն է մեր խաղաղութիւնը. ինք երկուքը՝ մէկ ըրաւ, ու քակեց մէջտեղի անջատող պատը, իր մարմինին մէջ ոչնչացնելով իրարու միջեւ եղած թշնամութիւնը, 15 այսինքն՝ հրամաններով եղած պատուիրաններուն Օրէնքը. որպէսզի իրմով այդ երկուքէն ստեղծէ նոր մարդ մը՝ այսպէս խաղաղութիւն ընելով, 16 ու երկուքն ալ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ մէկ մարմինի մէջ՝ խաչին միջոցով: Անով սպաննեց թշնամութիւնը, 17 եւ եկաւ խաղաղութիւն աւետեց ձեզի՝ որ հեռաւոր էիք, ու անոնց՝ որ մերձաւոր էին: 18 Քանի որ անոր միջոցով մենք բոլորս ալ արտօնութիւն ունինք մօտենալու Հօրը՝ մէ՛կ Հոգիով: 19 Ուրեմն հիմա դուք այլեւս օտարականներ ու պանդուխտներ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները, եւ Աստուծոյ ընտանիքը, 20 շինուած առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիմին վրայ, որուն ծայրագոյն անկիւնաքարը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս է: 21 Անով ամբողջ շէնքը՝ յարմարութեամբ միասին կազմուած՝ կ՚աճի, սուրբ տաճար մը ըլլալու Տէրոջմով. 22 անով դո՛ւք ալ միասին կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակավայր ըլլալու Սուրբ Հոգիին միջոցով:3 1 Ուստի ես՝ Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը ձեզի՝ հեթանոսներուդ համար, 2 (եթէ գոնէ լսած էք Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութեան մասին՝ որ տրուած է ինծի ձեզի համար, 3 թէ ի՛նչպէս ան յայտնութեամբ գիտցուց ինծի այն խորհուրդը - ինչպէս նախապէս ալ համառօտաբար գրեցի ձեզի, 4 որպէսզի՝ երբ կարդաք՝ կարենաք հասկնալ իմ ըմբռնումս Քրիստոսի խորհուրդին մասին -, 5 որ ուրիշ սերունդներու մէջ մարդոց որդիներուն չգիտցուեցաւ, ինչպէս ան հիմա՝ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ յայտնուած է իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն, 6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով, 7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ: 8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը, 9 եւ բոլորին տեսնել տամ թէ ի՛նչ է հաղորդակցութիւնը այն խորհուրդին, որ դարերու սկիզբէն ի վեր ծածկուած էր Աստուծոյ մէջ, որ ստեղծեց ամէն բան. 10 որպէսզի Աստուծոյ բազմակողմանի իմաստութիւնը՝ եկեղեցիին միջոցով հիմա գիտցուի երկնային վայրերու մէջ եղող պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն, 11 իր յաւիտենական առաջադրութեան համաձայն, որ իրագործեց մեր Տէրոջմով՝ Քրիստոս Յիսուսով: 12 Անով մենք ունինք համարձակութիւն ու վստահութեամբ մօտենալու արտօնութիւն՝ հաւատալով իրեն: 13 Ուստի կը խնդրեմ որ չձանձրանաք ձեզի համար կրած տառապանքներուս պատճառով, ինչ որ ձեր փառքն է:) 14 Ուստի կը ծնրադրեմ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօր առջեւ, 15 որմէ կ՚անուանուի ամէն գերդաստան՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ, 16 որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր Հոգիին միջոցով. 17 որպէսզի Քրիստոս բնակի ձեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքով, եւ դուք՝ սիրոյ մէջ արմատանալով ու հիմնուելով՝ 18 կարողանաք ըմբռնել բոլոր սուրբերուն հետ թէ ի՛նչ է լայնութիւնը, երկայնութիւնը, խորութիւնը եւ բարձրութիւնը. 19 այսինքն գիտնալ Քրիստոսի սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջ լիութեամբ: 20 Ուրեմն անոր, որ կարող է գերազանցօրէն աւելի ընել՝ քան ամէն ինչ որ մենք կը խնդրենք կամ կ՚ըմբռնենք, այն զօրութեան համեմատ՝ որ կը ներգործէ մեր մէջ, 21 իրեն փա՜ռք եկեղեցիին մէջ՝ Քրիստոս Յիսուսով, բոլոր սերունդներուն մէջ՝ դարէ դար՝՝: Ամէն:4 1 Ուստի ես՝ Տէրոջ բանտարկեալը՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ այն կոչումին՝ որով կանչուեցաք, 2 լման խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ, համբերատարութեամբ, սիրով իրարու հանդուրժելով, 3 ջանալով պահել Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը՝ խաղաղութեան կապով: 4 Մէ՛կ մարմին կայ, եւ մէ՛կ Հոգի, ինչպէս մէ՛կ յոյսով կանչուեցաք ձեր կոչումին: 5 Տէրը մէ՛կ է, հաւատքը՝ մէ՛կ, մկրտութիւնը՝ մէ՛կ: 6 Մէ՛կ է Աստուած եւ բոլորին Հայրը, որ բոլորէն վեր, բոլորին հետ եւ ձեր բոլորին մէջն է: 7 Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհք տրուած է՝ Քրիստոսի պարգեւին չափին համեմատ: 8 Ուստի կ՚ըսէ. «Երբ ելաւ բարձր տեղը՝ գերեվարեց գերութիւնը եւ նուէրներ տուաւ մարդոց»: 9 (Իսկ այդ «ելաւ»ը ի՞նչ ըսել է, եթէ ոչ նշանակել՝ թէ ինք նաեւ նախապէս իջաւ երկրի ստորին մասերը: 10 Ա՛ն՝ որ իջաւ, նաեւ նոյնն է՝ որ ելաւ բոլոր երկինքներէն աւելի վեր, որպէսզի լեցնէ ամէն բան:) 11 Եւ ինք տուաւ ոմանք՝ առաքեալներ ըլլալու, ոմանք՝ մարգարէներ, ոմանք՝ աւետարանիչներ, ոմանք՝ հովիւներ ու վարդապետներ, 12 սուրբերուն կատարելութեան համար, սպասարկութեան գործին համար, Քրիստոսի մարմինին շինութեան համար. 13 մինչեւ որ բոլորս հասնինք հաւատքին եւ Աստուծոյ Որդին ճանչնալու միաբանութեան, կատարեալ մարդու վիճակին, Քրիստոսի լիութեան հասակի չափին: 14 Որպէսզի ա՛լ ասկէ ետք մանուկ չըլլանք, տարուբերած ու վարդապետութեան ամէն հովէ հոս-հոն քշուած՝ մարդոց խաբեբայութեամբ, որոնք կը մոլորեցնեն խորամանկութեան հնարքներով. 15 հապա՝ ճշմարտութիւնը խօսելով սիրոյ մէջ, ամէն բանի մէջ աճինք անո՛վ՝ որ գլուխն է, այսինքն՝ Քրիստոսով: 16 Անով է որ ամբողջ մարմինը, յարմարութեամբ միասին կազմուած եւ իրարու կցուած ամէն յօդի օժանդակութեամբ՝ ամէն մասի ներգործութեան չափին համեմատ, կ՚աճի սիրոյ մէջ՝ իր շինութեան համար: 17 Ուրեմն սա՛ կը յայտարարեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք այլեւս չընթանաք այնպէս՝ ինչպէս ուրիշ հեթանոսները կ՚ընթանան, իրենց միտքին ունայնութեան մէջ: 18 Անոնց միտքը խաւարած է, եւ իրենք ուծացած են Աստուծոյ կեանքէն՝ իրենց մէջ եղած անգիտութեան եւ իրենց սիրտին կուրութեան պատճառով: 19 Անզգայ դարձած՝ անձնատուր եղան ցոփութեան, որպէսզի ամէն տեսակ անմաքրութիւն գործեն ագահութեամբ: 20 Բայց դուք ա՛յսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը, 21 եթէ իսկապէս լսեցիք զինք եւ սորվեցաք իրմէ՝ Յիսուսի մէջ եղող ճշմարտութեան համաձայն՝ 22 որպէսզի թօթափէք ձեր նախկին վարքին վերաբերող հին մարդը,- որ ապականած է խաբեբայ ցանկութիւններով,- 23 նորոգուիք ձեր միտքին հոգիով, 24 ու հագնիք նո՛ր մարդը, որ ստեղծուած է արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն: 25 Ուստի՝ թօթափելով ստելը՝ ճշմարտութի՛ւնը խօսեցէք իրարու հետ՝՝, որովհետեւ մենք իրարու անդամներ ենք: 26 Բարկացէ՛ք, բայց մի՛ մեղանչէք. արեւը թող մայր չմտնէ ձեր բարկացած վիճակին վրայ, 27 ու տեղ մի՛ տաք Չարախօսին: 28 Ա՛ն որ կը գողնար՝ ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ թող աշխատի՝ իր ձեռքերով գործելով ինչ որ բարի է, որպէսզի բան մը ունենայ տալու կարօտեալին: 29 Ո՛չ մէկ վատ խօսք թող ելլէ ձեր բերանէն, հապա՝ ինչ որ բարի է, շինութեան կարիքին համեմատ, որպէսզի շնորհք տայ լսողներուն: 30 Եւ մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով դուք կնքուեցաք ազատագրութեան օրուան համար: 31 Ամէն տեսակ դառնութիւն, զայրոյթ, բարկութիւն, գոչիւն ու հայհոյութիւն թող վերցուին ձեզմէ՝ ամէն տեսակ չարամտութեան հետ: 32 Եւ քա՛ղցր եղէք իրարու հանդէպ, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի:5 1 Ուրեմն նմանեցէ՛ք Աստուծոյ՝ սիրելի զաւակներու պէս, 2 եւ ընթացէ՛ք սիրոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու մեզի համար ընծայեց ինքզինք Աստուծոյ՝ որպէս պատարագ ու զոհ, անուշաբոյր հոտ ըլլալով: 3 Բայց պոռնկութեան եւ ամէն տեսակ անմաքրութեան կամ ագահութեան անունն իսկ թող չյիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը պատշաճի սուրբերուն,) 4 ո՛չ ալ լրբութեան, յիմար խօսակցութեան կամ խեղկատակութեան, որոնք չեն պատշաճիր. այլ փոխարէնը շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք: 5 Քանի որ գիտէք՝՝ թէ ո՛չ մէկ պոռնկող, կամ անմաքուր, կամ ագահ, որ կռապաշտ է, ունի որեւէ ժառանգութիւն Քրիստոսի եւ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ: 6 Ո՛չ մէկը թող խաբէ ձեզ ունայն խօսքերով, որովհետեւ այս բաներուն պատճառով Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ: 7 Ուրեմն բաժնեկից մի՛ ըլլաք անոնց, 8 որովհետեւ ժամանակին դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի ընթացէ՛ք լոյսի զաւակներու պէս, 9 քանի որ Հոգիին պտուղը ամէն տեսակ բարութեամբ, արդարութեամբ ու ճշմարտութեամբ է: 10 Քննեցէ՛ք թէ ի՛նչ է Տէրոջ հաճելին, 11 եւ ընկերակից մի՛ ըլլաք խաւարին անպտուղ գործերուն, այլ փոխարէնը կշտամբեցէ՛ք զանոնք: 12 Որովհետեւ անոնց ըրած գաղտնի բաներուն մասին խօսիլն իսկ ամօթ է. 13 բայց ամէն բան որ կշտամբուած է՝ կը յայտնաբերուի լոյսին միջոցով, որովհետեւ լոյսն է որ կը յայտնաբերէ ամէն ինչ: 14 Ուստի կ՚ըսէ. «Արթնցի՛ր, դուն որ կը քնանաս, ու կանգնէ՛ մեռելներէն, եւ Քրիստոս պիտի փայլի քու վրադ»: 15 Ուրեմն զգուշացէ՛ք որ ընթանաք շրջահայեցութեամբ. ո՛չ թէ անխոհեմներու պէս, 16 հապա՝ իմաստուններու պէս: Գնեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ օրերը չար են: 17 Ուստի անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա հասկցէ՛ք թէ ի՛նչ է Տէրոջ կամքը: 18 Մի՛ արբենաք գինիով՝ որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք: 19 Սաղմոսներով, օրհներգերով եւ հոգեւոր երգերով դուք ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմո՛ս ըսէք Տէրոջ ձեր սիրտերուն մէջ: 20 Ամէն ատեն՝ ամէն բանի համար շնորհակա՛լ եղէք Աստուծմէ եւ Հօրմէն, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով: 21 Իրարու հպատակեցէ՛ք Աստուծոյ վախով: 22 Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն՝ որպէս թէ Տէրոջ. 23 որովհետեւ ամուսինը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է, եւ ինքն է մարմինին Փրկիչը: 24 Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին հպատակ է Քրիստոսի, նոյնպէս ալ կիները թող ըլլան իրենց ամուսիններուն՝ ամէն բանի մէջ: 25 Ամուսիննե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին եւ ընծայեց ինքզինք անոր համար, 26 որպէսզի սրբացնէ զայն ու մաքրէ ջուրի լուացումով՝ խօսքին միջոցով. 27 որպէսզի ներկայացնէ զայն իրեն՝ իբր փառաւոր եկեղեցի մը, որ չունենայ բիծ, կամ կնճիռ, կամ նման որեւէ բան, հապա ըլլայ սուրբ եւ անարատ: 28 Նոյնպէս ալ ամուսինները պարտաւոր են սիրել իրենց կիները՝ իրենց մարմիններուն պէս. ա՛ն որ կը սիրէ իր կինը՝ կը սիրէ ինքզինք: 29 Արդարեւ ո՛չ մէկը երբեք ատած է իր մարմինը, հապա կը կերակրէ զայն ու կը փայփայէ, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին. 30 քանի որ մենք անոր մարմինին անդամներն ենք, անոր միսէն եւ անոր ոսկորներէն: 31 “Ատոր համար մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”: 32 Ասիկա մեծ խորհուրդ մըն է. բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին մասին: 33 Սակայն ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սիրէ իր կինը այնպէս՝ ինչպէս ինքզինք, ու կինը թող ակնածի իր ամուսինէն:6 1 Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն՝ Տէրոջմով, որովհետեւ ա՛յդ է իրաւացին: 2 Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանն է խոստումով,) 3 որպէսզի բարիք ըլլայ քեզի, ու երկար ապրիս երկրի վրայ: 4 Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, մի՛ բարկացնէք ձեր զաւակները, հապա մեծցուցէ՛ք զանոնք Տէրոջ կրթութեամբ ու խրատով: 5 Ստրուկնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն՝ ահով ու դողով, ձեր սիրտին պարզամտութեամբ, որպէս թէ Քրիստոսի. 6 ո՛չ թէ ծառայելով աչքի առջեւ՝ մարդահաճոներու պէս, հապա Քրիստոսի՛ ստրուկներու պէս՝ սրտանց գործադրելով Աստուծոյ կամքը: 7 Ծառայեցէ՛ք յօժարութեամբ, որպէս թէ Տէրոջ եւ ո՛չ թէ մարդոց, 8 գիտնալով թէ իւրաքանչիւրը՝ ի՛նչ բարիք որ գործէ, նո՛յնը պիտի ստանայ Տէրոջմէն, ստրուկ ըլլայ թէ ազատ: 9 Իսկ դո՛ւք, տէրե՛ր, ըրէ՛ք անոնց նոյն բաները, հրաժարելով սպառնալիքէն: Գիտցէ՛ք թէ անո՛նց ալ, ձե՛ր ալ Տէրը երկինքն է, ու աչառութիւն չկայ անոր քով: 10 Վերջապէս, եղբայրնե՛րս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով եւ անոր հզօր կարողութեամբ: 11 Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն: 12 Որովհետեւ մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին՝՝ իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ: 13 Ուստի առէ՛ք ձեր վրայ Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել չար օրը, 14 ու ամէն բան կատարելէ ետք՝ հաստատուն կայնիլ: Ուստի կայնեցէ՛ք ձեր տեղը՝ ձեր մէջքը գօտեպնդած ճշմարտութեամբ եւ հագած արդարութեան զրահը, 15 ու ձեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցուցած խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը: 16 Բոլորին վրայ՝ առէ՛ք հաւատքին վահանը, որով պիտի կարենաք մարել Չարին բոլոր հրավառ նետերը. 17 եւ առէ՛ք փրկութեան սաղաւարտն ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է: 18 Ամէն ատեն աղօթեցէ՛ք Հոգիով՝ ամէն տեսակ աղօթքով եւ աղերսանքով: Հսկեցէ՛ք ասոր վրայ բոլորովին յարատեւութեամբ ու աղերսանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար. 19 ինծի՛ համար ալ, որպէսզի խօսք տրուի ինծի, որ համարձակութեամբ բանամ բերանս՝ գիտցնելու խորհուրդը աւետարանին, 20 որուն համար ես դեսպան մըն եմ՝ շղթաներով. որպէսզի անով համարձակութեա՛մբ խօսիմ՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ: 21 Բայց որպէսզի դո՛ւք ալ գիտնաք իմ մասիս՝ թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, ամէն բան պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրն ու Տէրոջմով հաւատարիմ սպասարկուն: 22 Զինք յատկապէս ղրկեցի ձեզի, որպէսզի գիտնաք մեր մասին, եւ ինք մխիթարէ ձեր սիրտերը: 23 Խաղաղութի՜ւն եղբայրներուն, ու սէ՜ր՝ հաւատքով միասին՝ Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: 24 Շնո՜րհք բոլոր անոնց հետ՝ որ անկեղծութեամբ կը սիրեն մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը: Ամէն:

Philippians

1 1 Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Յիսուս Քրիստոսի ծառաները՝ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր սուրբերուն, որ Փիլիպպէի կողմերն են՝ եպիսկոպոսներով ու սարկաւագներով. 2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: 3 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ձեզմէ ունեցած բոլոր յիշատակներուս համար, 4 ամէն ատեն՝ ամէն աղերսանքիս մէջ: Ուրախութեամբ կ՚աղերսեմ ձեր բոլորին համար, 5 քանի որ հաղորդակից եղաք աւետարանին՝ առաջին օրէն մինչեւ հիմա. 6 այս մասին համոզուած եմ թէ ա՛ն որ սկսաւ բարի գործ մը ձեր մէջ, պիտի աւարտէ մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի օրը: 7 Իրաւացի ալ է ինծի այսպէս մտածել ձեր բոլորին մասին, քանի որ ձեզ ունիմ իմ սիրտիս մէջ՝՝, ու դուք բոլորդ հաղորդակցեցաք ինծի եղած շնորհքին՝ թէ՛ իմ կապերուս, թէ՛ ալ աւետարանին ջատագովութեան եւ հաստատութեան մէջ: 8 Որովհետեւ Աստուած վկայ է թէ ո՛րքան կարօտցած եմ ձեզ բոլորդ՝ Քրիստոս Յիսուսի գութով, 9 ու սա՛պէս կ՚աղօթեմ՝ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի առատանայ գիտակցութեամբ եւ ամբողջ դատողութեամբ, 10 որպէսզի դուք զատորոշէք տարբեր բաները՝ անկեղծ եւ անսայթաք ըլլալու համար մինչեւ Քրիստոսի օրը, 11 լեցուած արդարութեան պտուղներով Յիսուս Քրիստոսի միջոցով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովութեան համար: 12 Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ ինչ որ պատահեցաւ ինծի՝ առաւելապէս պատճառ եղաւ աւետարանի յառաջդիմութեան, 13 այնպէս որ Քրիստոսի համար կրած կապերս՝ բացայայտ եղան ամբողջ պալատին մէջ եւ ամէնուրեք, 14 ու Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը, վստահութիւն առնելով կապերէս, ա՛լ աւելի յանդուգն են՝ քարոզելու Աստուծոյ խօսքը առանց վախի: 15 Արդարեւ ոմանք կը քարոզեն Քրիստոսը՝ նախանձէ ու կռիւէ մղուած, ոմանք ալ՝ բարեացակամութեամբ: 16 Անոնք կը հռչակեն Քրիստոսը՝ հակառակութեան համար, ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, կարծելով թէ տառապանք կ՚աւելցնեն կապերուս վրայ. 17 իսկ ասոնք՝ սիրոյ համար, որովհետեւ գիտեն թէ ես սահմանուած եմ աւետարանին ջատագովութեան համար: 18 Սակայն ի՞նչ փոյթ. ամէն կերպով, թէ՛ պատրուակով եւ թէ ճշմարտութեամբ, Քրիստոս կը հռչակուի, ու կ՚ուրախանամ ասոր համար, եւ պիտի ուրախանամ ալ: 19 Քանի որ գիտեմ թէ ասիկա պիտի յանգի իմ փրկութեանս՝ ձեր աղերսանքներով ու Յիսուս Քրիստոսի Հոգիին օժանդակութեամբ, 20 իմ եռանդուն ակնկալութեանս եւ յոյսիս համեմատ՝ թէ բնա՛ւ պիտի չամչնամ. հապա՝ բոլորովին համարձակութեամբ, ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա, Քրիստոս պիտի մեծարուի մարմինիս մէջ, կա՛մ կեանքով, կա՛մ մահով. 21 որովհետեւ ինծի համար՝ ապրիլը Քրիստոս է, ու մեռնիլը՝ շահ: 22 Բայց եթէ մարմինի մէջ ապրիլս պտուղ կը բերէ իմ գործիս, ա՛լ չեմ գիտեր ո՛ր մէկը ընտրեմ: 23 Երկուքէն ալ պարտադրուած եմ. ցանկութիւն ունիմ մեկնելու եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու, ինչ որ շատ աւելի լաւ է. 24 սակայն մարմինի մէջ մնալը աւելի հարկաւոր է ձեզի համար: 25 Այս համոզումը ունենալով՝ գիտեմ թէ պիտի մնամ ու ձեր բոլորին հետ կենամ, որ դուք յառաջդիմէք եւ ուրախ ըլլաք հաւատքով. 26 որպէսզի իմ վրաս ձեր ունեցած պարծանքը ճոխանայ Քրիստոս Յիսուսով՝ դարձեալ ձեզի գալուս պատճառով: 27 Սակայն ապրեցէ՛ք Քրիստոսի աւետարանին արժանավայել կերպով. որպէսզի եթէ գամ ու տեսնեմ ձեզ, եւ կամ բացակայ ըլլամ, ձեր մասին լսեմ թէ հաստատուն կը կենաք՝ մէ՛կ հոգիով, ու միասին կը մարտնչիք՝ իբր մէ՛կ անձ՝ աւետարանի հաւատքին համար, 28 ո՛չ մէկ բանով սոսկալով հակառակորդներէն: Ատիկա անոնց համար ապացոյց մըն է կորուստի, իսկ ձեզի համար՝ փրկութեան, 29 որ Աստուծմէ է. որովհետեւ՝ Քրիստոսի պատճառով՝ ձեզի շնորհուեցաւ ո՛չ միայն հաւատալ անոր, այլ նաեւ չարչարուիլ անոր համար, 30 մղելով նոյն պայքարը՝ որ տեսաք իմ մէջս, ու հիմա կը լսէք թէ իմ մէջս է:2 1 Ուրեմն՝ եթէ մխիթարութիւն կայ Քրիստոսով, եթէ կան սիրոյ սփոփանք, Հոգիի հաղորդութիւն, գութ ու կարեկցութիւն, 2 լիացուցէ՛ք իմ ուրախութիւնս՝ ըլլալով համախոհ եւ ունենալով միեւնոյն սէրը, մէ՛կ անձ ու մէ՛կ մտածում: 3 Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք՝՝: 4 Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը: 5 Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր. 6 Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը, 7 հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝ 8 խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը: 9 Ուստի Աստուած ալ մեծապէս բարձրացուց զայն եւ շնորհեց անոր անուն մը՝ որ ամէն անունէ գերազանց է, 10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները, 11 եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար: 12 Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդեցաք, ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս մէջ, հապա ա՛լ աւելի հիմա՝ իմ բացակայութեանս ատեն, գործադրեցէ՛ք ձեր փրկութիւնը՝ ահով ու դողով. 13 որովհետեւ Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ թէ՛ կամենալը եւ թէ ընելը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն: 14 Ըրէ՛ք ամէն ինչ՝ առանց տրտունջներու եւ առարկութիւններու, 15 որպէսզի ըլլաք անմեղադրելի ու աննենգ, Աստուծոյ անարատ զաւակներ՝ կամակոր եւ խոտորեալ սերունդի մը մէջ: Դուք կը փայլիք անոնց մէջ՝ որպէս լուսաւորներ աշխարհի մէջ, 16 ամուր բռնելով կեանքին խօսքը, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսի օրը՝ թէ ընդունայն չեմ վազած, ո՛չ ալ ընդունայն աշխատած: 17 Նոյնիսկ եթէ ընծայուիմ ձեր զոհին ու հաւատքի պաշտօնին համար, կ՚ուրախանամ եւ ուրախակից կ՚ըլլամ ձեր բոլորին: 18 Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք եւ ուրախակի՛ց եղէք ինծի: 19 Տէր Յիսուսով կը յուսամ շուտով ձեզի ղրկել Տիմոթէոսը, որպէսզի իմ սիրտս ալ հանգչի՝ երբ գիտնամ ձեր վիճակը: 20 Որովհետեւ անոր նման ո՛չ մէկ սրտակից ունիմ, որ անկեղծաբար հոգայ ձեզ. 21 քանի որ բոլորը կը փնտռեն իրե՛նց շահը, ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը: 22 Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ան ծառայեց աւետարանին ինծի հետ՝ ինչպէս զաւակ մը հօրը հետ: 23 Ուստի կը յուսամ ձեզի ղրկել զինք անյապաղ, երբ տեսնեմ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վիճակս: 24 Սակայն վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով՝ թէ ե՛ս ալ շուտով պիտի գամ: 25 Բայց հարկաւոր համարեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոսը, իմ եղբայրս, գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իբր կարիքներուս պաշտօնեան: 26 Որովհետեւ ինք ալ կարօտցած է բոլորդ, եւ կը վշտանար որ լսեր էիք թէ հիւանդացեր էր: 27 Արդարեւ ինք հիւանդացաւ ու շատ մօտեցաւ մահուան, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէսզի չունենամ տրտմութիւն տրտմութեան վրայ: 28 Ուստի աւելի փութաջանութեամբ ղրկեցի, որպէսզի՝ տեսնելով զայն՝ դարձեալ ուրախանաք ու ես նուազ տրտմիմ: 29 Ուրեմն ընդունեցէ՛ք զայն Տէրոջմով՝ բոլորովին ուրախութեամբ, եւ պատուեցէ՛ք այդպիսիները. 30 քանի որ մահուան մօտեցաւ Քրիստոսի գործին համար՝ վտանգելով իր անձը, որպէսզի լրացնէ ինչ որ կը պակսէր ձեր կատարելիք պաշտօնին՝ ինծի հանդէպ:3 1 Վերջապէս, եղբայրնե՛րս, ուրախացէ՛ք Տէրոջմով: Արդարեւ նոյն բաները գրել ձեզի՝ ձանձրոյթ չէ ինծի, բայց ապահովութիւն է ձեզի: 2 Զգուշացէ՛ք շուներէն, զգուշացէ՛ք չար գործաւորներէն, զգուշացէ՛ք թլփատութենէն. 3 որովհետեւ թլփատութիւնը մե՛նք ենք, որ կը պաշտենք Աստուած Հոգիո՛վ եւ կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսո՛վ, ու վստահութիւն չունինք մարմինի վրայ. 4 թէեւ ե՛ս ալ ունենալու էի նոյն վստահութիւնը մարմինի վրայ: Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմինի վրայ, ա՛լ աւելի ե՛ս՝ 5 ութերորդ օրը թլփատուած, Իսրայէլի ցեղէն, Բենիամինի տոհմէն, Եբրայեցի մը՝ Եբրայեցիներէն, Օրէնքին համեմատ՝ Փարիսեցի, 6 նախանձախնդրութեան համեմատ՝ եկեղեցին կը հալածէի, Օրէնքէն եղած արդարութեան համեմատ՝ անմեղադրելի էի: 7 Բայց ինչ որ շահ էր ինծի, վնաս համարեցի զայն՝ Քրիստոսի համար: 8 Ու նոյնիսկ բոլոր բաներն ալ վնաս կը համարեմ՝ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսի գիտութեան գերազանցութեան համար: Բոլոր բաներէն զրկուեցայ անոր համար, եւ աղբ կը համարեմ զանոնք, որպէսզի շահիմ Քրիստոսը 9 ու գտնուիմ իր մէջ, ունենալով ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս՝ որ Օրէնքէն է, հապա ա՛յն՝ որ Քրիստոսի հաւատքին միջոցով է, արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէ է՝ հաւատքով. 10 որպէսզի ճանչնամ զինք եւ իր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլամ իր չարչարանքներուն՝ կերպարանակից դառնալով իր մահուան, 11 որպէսզի կարենամ հասնիլ՝՝ մեռելներուն յարութեան: 12 Ո՛չ թէ ես արդէն ստացած եմ մրցանակը, կամ արդէն կատարեալ եղած եմ. հապա հետամուտ եմ բռնելու զայն, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ: 13 Եղբայրնե՛ր, ես չեմ սեպեր թէ բռնած եմ: Հապա կ՚ընեմ սա՛ մէկ բանը. մոռցած եմ ետեւի եղածները, եւ կը դիմեմ առջեւի եղածներուն: 14 Կը հետապնդեմ նպատակակէտը՝ Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին համար: 15 Ուրեմն մենք բոլորս՝ որ կատարեալ ենք՝ մտածե՛նք այսպէս. իսկ եթէ տարբեր կերպով մտածէք բանի մը մասին, Աստուած զա՛յն ալ պիտի յայտնէ ձեզի: 16 Սակայն ի՛նչ աստիճանի որ հասած ենք՝ ընթանա՛նք նոյն կանոնին համաձայն, մտածե՛նք նոյնպէս: 17 Եղբայրնե՛ր, բոլորդ միասին նմանեցէ՛ք ինծի, եւ ուշադի՛ր եղէք անո՛նց՝ որ կ՚ընթանան ա՛յնպէս՝ ինչպէս մենք, որ ունիք իբր տիպար: 18 Որովհետեւ շատեր կ՚ընթանան, որոնց մասին յաճախ կ՚ըսէի ձեզի եւ հիմա կ՚ըսեմ՝ նոյնիսկ լալով, այսինքն՝ Քրիստոսի խաչին թշնամիները. 19 անոնց վախճանը կորուստ է, անոնց աստուածը՝ իրենց որովայնն է, ու անոնց փառքը՝ իրենց ամօթն է: Անոնք կը մտածեն միայն երկրային բաներու մասին. 20 իսկ մեր քաղաքացիութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկիչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, 21 որ պիտի կերպարանափոխէ մեր նուաստացած մարմինը՝ կերպարանակից ըլլալու իր փառաւոր մարմինին, այն ներգործութեան համեմատ՝ որ կարող է նաեւ ամէն ինչ հպատակեցնել իրեն:4 1 Հետեւաբար, սիրելի ու կարօտալի եղբայրնե՛րս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, ա՛յսպէս հաստատուն կեցէք Տէրոջմով, սիրելինե՛րս: 2 Կ՚աղաչե՛մ Եւոդիայի ու կ՚աղաչե՛մ Սիւնտիքի, որ ունենան միեւնոյն մտածումը Տէրոջմով: 3 Եւ կը խնդրեմ քեզմէ՛ ալ, իմ հարազատ լծակիցս, օգնէ՛ ասոնց՝ որ աւետարանին համար մարտնչեցան ինծի հետ, նաեւ Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ են: 4 Ամէ՛ն ատեն ուրախացէք Տէրոջմով. դա՛րձեալ կ՚ըսեմ, ուրախացէ՛ք: 5 Ձեր ազնուութիւնը թող յայտնի ըլլայ բոլոր մարդոց. Տէրը մօտ է: 6 Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ. 7 եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ գերիվեր է, պիտի պահպանէ ձեր սիրտերն ու մտածումները՝ Յիսուս Քրիստոսով: 8 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք: 9 Ինչ որ սորվեցաք, ընդունեցիք, լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս՝ զանո՛նք ըրէք, եւ խաղաղութեան Աստուածը պիտի ըլլայ ձեզի հետ: 10 Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ հիմա վերջապէս նորոգուեցաւ իմ վրաս ձեր ունեցած մտածմունքը, ինչպէս կը մտածէիք ալ, սակայն պատեհութիւն չունէիք: 11 Կարօտութեան համար չէ որ կ՚ըսեմ. որովհետեւ ես սորվեցայ ինքնաբաւ ըլլալ իմ եղած վիճակիս մէջ: 12 Թէ՛ գիտեմ նուաստանալ, թէ՛ ալ գիտեմ առատութեան մէջ ըլլալ: Ամէն բանի մէջ՝ ամէն կերպով վարժուած եմ թէ՛ կշտանալ, թէ՛ ալ անօթենալ, թէ՛ առատութեան եւ թէ կարօտութեան մէջ ըլլալ: 13 Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս: 14 Սակայն լաւ ըրիք՝ որ հաղորդակից եղաք տառապանքիս: 15 Դո՛ւք ալ գիտէք, Փիլիպպեցինե՛ր, թէ աւետարանին քարոզութեան սկիզբը, երբ մեկնեցայ Մակեդոնիայէն, ո՛չ մէկ եկեղեցի հաղորդակից եղաւ ինծի՝ տալու եւ ընդունելու համար, հապա միայն դո՛ւք. 16 որովհետեւ նոյնիսկ մինչեւ Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք ինծի պէտք եղածը՝ մէկ-երկու անգամ: 17 Ես կը փնտռեմ ո՛չ թէ նուէր, հապա կը փնտռեմ պտուղ, որ աւելնայ ձեր հաշիւին վրայ: 18 Իսկ ես ամէն բան ունիմ, եւ առատօրէն. լիացած եմ՝ ստանալով Եպափրոդիտոսի միջոցով ձեր ղրկածները, որ անուշաբոյր հոտ մըն է, ընդունելի զոհ մը, հաճելի՝ Աստուծոյ: 19 Եւ իմ Աստուածս պիտի լեցնէ ձեր բոլոր կարիքները՝ իր ճոխութեան համեմատ, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով: 20 Ուրեմն փա՜ռք Աստուծոյ ու մեր Հօր՝ դարէ դար՝՝: Ամէն: 21 Բարեւեցէ՛ք բոլոր սուրբերը Յիսուս Քրիստոսով: 22 Կը բարեւեն ձեզ ինծի հետ եղող եղբայրները: 23 Կը բարեւեն ձեզ բոլոր սուրբերը, մա՛նաւանդ անոնք՝ որ Կայսրին տունէն են: 24 Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:

Colossians

1 1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը՝ 2 Կողոսայի մէջ եղող սուրբերուն ու Քրիստոսով հաւատարիմ եղբայրներուն. 3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝՝: Ամէն ատեն աղօթելով ձեզի համար՝ շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրմէն, 4 լսելով Քրիստոս Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին եւ բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր տածած սիրոյն մասին, 5 այն յոյսին պատճառով՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի համար: Անոր մասին նախապէս լսեցիք՝ աւետարանին ճշմարտութեան խօսքով, 6 որ հասաւ ձեզի՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, ու պտուղ կ՚արտադրէ (եւ կ՚աճի) նոյնպէս ձեր մէջ ալ, այն օրէն ի վեր՝ երբ լսեցիք ու ճշմարտութեամբ գիտցաք Աստուծոյ շնորհքը, 7 ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակիցէն՝ Եպափրասէն: Ան Քրիստոսի հաւատարիմ սպասարկու մըն է ձեզի համար, 8 եւ ինք ալ բացայայտեց մեզի ձեր սէրը՝ Հոգիով: 9 Հետեւաբար մենք ալ՝ այն օրէն երբ լսեցինք՝ չենք դադրիր աղօթելէ ձեզի համար, եւ խնդրելէ որ լեցուած ըլլաք անոր կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով, 10 որպէսզի ընթանաք Տէրոջ արժանավայել կերպով՝ հաճեցնելով զինք ամէն բանի մէջ, պտղաբեր ըլլալով ամէն տեսակ բարի գործով, եւ աճելով Աստուծոյ ճանաչումով. 11 ու զօրացած ամբողջ ոյժով՝ իր փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար ըլլաք, 12 շնորհակալ ըլլալով Հայր Աստուծմէ, որ արժանացուց մեզ մասնակից ըլլալու լոյսի մէջ բնակող սուրբերու ժառանգութեան, 13 եւ ազատեց մեզ խաւարի իշխանութենէն ու փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութեան. 14 անո՛վ մենք ազատագրութիւն ունինք՝ իր արիւնով, այսինքն՝ մեղքի ներում: 15 Ան անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր արարածներուն անդրանիկը, 16 որովհետեւ անո՛վ ստեղծուեցաւ ամէն բան, ինչ որ երկինքի մէջ է եւ ինչ որ երկրի վրայ կայ, տեսանելի կամ անտեսանելի. թէ՛ գահերը, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները: Բոլոր բաները ստեղծուեցան անով եւ անոր համար: 17 Ան ամէն բանէ առաջ է, ու անո՛վ ամէն բան հաստատ կը կենայ: 18 Ա՛ն է մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին գլուխը. ա՛ն է սկիզբը, մեռելներէն անդրանիկը, որպէսզի նախապատիւ ըլլայ ամէն բանի մէջ. 19 որովհետեւ Հայրը բարեհաճեցաւ որ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը բնակի անոր մէջ, 20 եւ անո՛վ հաշտեցնէ իրեն հետ բոլորը, թէ՛ երկրի վրայ ու թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, խաղաղութիւն ընելով անոր արիւնով, որ թափուեցաւ խաչին վրայ: 21 Եւ ձեզ ալ, որ ժամանակին ուծացած ու ձեր միտքով թշնամիներ էիք՝ չար գործերով, 22 հիմա հաշտեցուց անոր բուն մարմինով՝ մահուան միջոցով, որպէսզի անոր առջեւ սուրբ, անարատ եւ անմեղադրելի ներկայացնէ ձեզ, 23 եթէ հիմնուած ու հաստատուած մնաք հաւատքին վրայ, առանց խախտելու յոյսէն այն աւետարանին՝ որ դուք լսեցիք. ան քարոզուեցաւ երկինքի տակ եղած բոլոր արարածներուն, ու ես՝ Պօղոս՝ սպասարկու եղայ անոր: 24 Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս մէջ, ու Քրիստոսի կրած տառապանքներուն պակասը կը լրացնեմ իմ մարմինիս մէջ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է: 25 Ես սպասարկու եղայ անոր Աստուծոյ տնտեսութեամբ՝ որ տրուեցաւ ինծի ձեզի համար, որպէսզի լիովին քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը, 26 այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու սերունդներէն, իսկ հիմա յայտնաբերուեցաւ իր սուրբերուն, 27 որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը: 28 Մենք կը հռչակենք զինք, խրատելով ամէն մարդ եւ սորվեցնելով ամէն մարդու՝ ամբողջ իմաստութեամբ, որպէսզի ներկայացնենք ամէն մարդ կատարեալ՝ Քրիստոս Յիսուսով: 29 Ասո՛ր համար ես կ՚աշխատիմ, պայքարելով իր ներգործութեան համեմատ՝ որ զօրութեամբ կը գործէ իմ մէջս:2 1 Արդարեւ կ՚ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ պայքար կը մղեմ ձեզի, Լաւոդիկեցիներուն ու բոլոր անոնց համար՝ որ չեն տեսեր իմ երեսս մարմինով, 2 որպէսզի անոնց սիրտերը մխիթարուին՝ սիրով իրարու կցուած, եւ ըմբռնեն լման վստահութեան ամբողջ ճոխութիւնը, այսինքն գիտակցին Հայր Աստուծոյ ու Քրիստոսի խորհուրդին, 3 որուն մէջ պահուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը: 4 Կ՚ըսեմ ասիկա՝ որպէսզի ո՛չ մէկը խաբէ ձեզ հրապուրիչ խօսքերով. 5 որովհետեւ թէպէտ բացակայ եմ մարմինով, ձեզի հետ եմ հոգիով, ու կ՚ուրախանամ՝ տեսնելով ձեր կարգապահութիւնը եւ ձեր հաւատքին ամրութիւնը՝ Քրիստոսի վրայ: 6 Ուրեմն, ի՛նչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը՝ ա՛յնպէս ընթացէք անով, 7 արմատացած ու շինուած անոր վրայ, եւ հաստատուած հաւատքին մէջ՝ ինչպէս սորվեցաք, ու ճոխացէ՛ք անոր մէջ շնորհակալութեամբ: 8 Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը որսայ ձեզ փիլիսոփայութեամբ եւ ունայն խաբէութեամբ, մարդոց աւանդութեան ու աշխարհի սկզբունքներուն համաձայն, եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի վարդապետութեան համաձայն. 9 որովհետեւ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը կը բնակի անոր մէջ մարմնապէս, 10 ու դուք ալ ամբողջացած էք անով՝ որ գլուխն է ամէն պետութեան եւ իշխանութեան: 11 Անո՛վ ալ թլփատուեցաք՝ անձեռակերտ թլփատութեամբ, մերկանալով մեղքերու մարմինէն՝՝ Քրիստոսի թլփատութեամբ: 12 Անոր հետ թաղուեցաք մկրտութեամբ, նաեւ անով եւ անոր հետ յարութիւն առիք՝ հաւատալով Աստուծոյ ներգործութեան, որ մեռելներէն յարուցանեց զայն, 13 եւ ձեզի՛ ալ՝ որ ժամանակին մեռած էիք յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմինին անթլփատութեան մէջ՝ կեանք տուաւ անոր հետ: Մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի, 14 եւ մեզի դէմ հրամաններով եղած պարտամուրհակը՝ որ հակառակ էր մեզի՝ ջնջեց, ու մէջտեղէն վերցուց զայն՝ գամելով խաչափայտին վրայ. 15 եւ մերկացուց պետութիւններն ու իշխանութիւնները, եւ հանրութեան նշաւակ դարձուց՝ անով յաղթելով անոնց: 16 Ուրեմն ա՛լ ո՛չ մէկը թող դատէ ձեզ կերակուրի կամ խմելիքի համար, կամ տօներու, ամսագլուխներու կամ Շաբաթներու կապակցութեամբ, 17 որոնք գալիք բաներուն շուքն են. բայց մարմինը Քրիստոսի է: 18 Ո՛չ մէկը ձեզ թող զրկէ ձեր մրցանակէն՝ յօժարակամ խոնարհութեամբ ու հրեշտակներու կրօնով, միջամուխ ըլլալով չտեսած բաներուն, զուր տեղը հպարտանալով իր մարմնաւոր միտքով, 19 եւ չբռնելով գլուխը՝ որմէ ամբողջ մարմինը, յօդերով ու յօդակապերով հայթայթուած եւ իրարու կցուած, կ՚աճի Աստուծոյ աճումով: 20 Ուրեմն, եթէ դուք մեռաք Քրիստոսի հետ՝ այս աշխարհի սկզբունքներուն հանդէպ, ա՛լ ինչո՞ւ՝ աշխարհի մէջ ապրողներու նման՝ ենթակայ կ՚ըլլաք հրամաններու, ինչպէս՝ 21 «մի՛ մերձենար, մի՛ համտեսեր, մի՛ դպչիր», 22 (ասոնք՝ բոլորը գործածութեամբ սահմանուած են ապականութեան,) մարդոց պատուէրներուն ու վարդապետութիւններուն համաձայն: 23 Ասոնք արդարեւ իմաստութեան կերպարանք մը ունին՝ ինքնակամ կրօնով, խոնարհութեամբ եւ մարմինին չխնայելով. բայց արժանի են ո՛չ մէկ պատիւի, հապա կը ծառայեն մարմինը գոհացնելու:3 1 Ուրեմն, եթէ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, փնտռեցէ՛ք այն բաները՝ որ վերն են, ուր Քրիստոս կը բազմի՝ Աստուծոյ աջ կողմը: 2 Մտածեցէ՛ք վերի բաներուն մասին, ո՛չ թէ երկրի վրայ եղող բաներուն մասին. 3 որովհետեւ դուք մեռաք, ու ձեր կեանքը պահուած է Քրիստոսի հետ՝ Աստուծոյ մէջ: 4 Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը՝ երեւնայ, այն ատեն դո՛ւք ալ փառքով պիտի երեւնաք՝ անոր հետ: 5 Ուրեմն մեռցուցէ՛ք ձեր երկրաւոր անդամները.- պոռնկութիւնը, անմաքրութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է: 6 Ասո՛նց համար Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ, 7 որոնց մէջ դո՛ւք ալ ժամանակին կ՚ընթանայիք, երբ կ՚ապրէիք անոնց մէջ: 8 Բայց հիմա դո՛ւք ալ թօթափեցէ՛ք սա՛ ամէնը.- բարկութիւնը, զայրոյթը, չարամտութիւնը, հայհոյութիւնը, լիրբ խօսքերը՝ ձեր բերանէն: 9 Մի՛ ստէք իրարու. հանեցէ՛ք ձեր վրայէն հին մարդը՝ իր գործերով, 10 ու հագէ՛ք այն նորը, որ նորոգուած է գիտակցութեամբ՝ իր Արարիչին պատկերին համաձայն, 11 եւ որուն մէջ ո՛չ Յոյն կայ, ո՛չ ալ Հրեայ, թլփատութիւն կամ անթլփատութիւն, օտար, Սկիւթացի, ստրուկ կամ ազատ. հապա Քրիստոս է ամէն ինչ, եւ բոլորին մէջ: 12 Ուրեմն, որպէս Աստուծոյ ընտրեալներ՝ սուրբ ու սիրելի, հագէ՛ք գութը, կարեկցութիւնը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, համբերատարութիւնը, 13 հանդուրժելով իրարու եւ ներելով իրարու՝ եթէ մէկը տրտունջ մը ունենայ միւսին դէմ. ինչպէս Քրիստոս ներեց ձեզի, նոյնպէս ալ դո՛ւք ներեցէք: 14 Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ՝ հագէ՛ք սէրը, որ կատարելութեան կապն է: 15 Ձեր սիրտերուն մէջ թող հովանաւորէ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որուն ալ կանչուեցաք՝ մէկ մարմինով, ու շնորհակա՛լ եղէք: 16 Քրիստոսի խօսքը ճոխութեա՛մբ թող բնակի ձեր մէջ, որպէսզի ամբողջ իմաստութեամբ սորվեցնէք իրարու եւ խրատէք զիրար՝ սաղմոսներով, օրհներգերով ու հոգեւոր երգերով, շնորհակալութեամբ երգելով Աստուծոյ՝ ձեր սիրտերուն մէջ: 17 Եւ ամէն ինչ որ կ՚ընէք, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով, ըրէ՛ք Տէր Յիսուսի անունով, շնորհակալ ըլլալով Աստուծմէ ու Հօրմէն՝ անոր միջոցով: 18 Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս կը պատշաճի Տէրոջմով: 19 Ամուսիննե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ մի՛ դառնանաք անոնց դէմ: 20 Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն ամէն բանի մէջ, որովհետեւ ա՛յդ է Տէրոջ հաճելին: 21 Հայրե՛ր, մի՛ գրգռէք ձեր զաւակները, որպէսզի չվհատին: 22 Ստրուկնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ամէն բանի մէջ. ո՛չ թէ աչքի առջեւ ծառայելով՝ մարդահաճոներու պէս, հապա՝ պարզամտութեամբ, Տէրոջմէ՛ն վախնալով: 23 Ի՛նչ որ կ՚ընէք՝ սրտա՛նց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջ եւ ո՛չ թէ մարդոց, 24 գիտնալով թէ Տէրոջմէ՛ն պիտի ստանաք ժառանգութեան հատուցումը, որովհետեւ Տէր Քրիստոսի՛ կը ծառայէք: 25 Բայց անիրաւը պիտի ստանայ իր անիրաւութեան պատիժը, եւ աչառութիւն չկայ:4 1 Տէրե՛ր, հատուցանեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն՝ իրաւունքով ու հաւասարութեամբ, գիտնալով թէ դո՛ւք ալ ունիք Տէր մը՝ երկինքը: 2 Յարատեւեցէ՛ք աղօթքի մէջ, եւ արթո՛ւն կեցէք անոր մէջ՝ շնորհակալութեամբ: 3 Միաժամանակ աղօթեցէ՛ք նաեւ մեզի համար, որ Աստուած խօսքի դուռ մը բանայ մեզի՝ խօսելու Քրիստոսի խորհուրդին մասին, որուն համար կապուած ալ եմ, 4 որպէսզի յայտնաբերեմ զայն այնպէս՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ: 5 Իմաստութեա՛մբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ գնելով ժամանակը: 6 Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքո՛վ թող ըլլայ, աղով համեմուած, որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւրին: 7 Իմ մասիս ամէն ինչ պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս՝ սիրելի եղբայրը, հաւատարիմ սպասարկուն եւ ծառայակիցը Տէրոջմով: 8 Զինք սա՛ նպատակով ղրկեցի ձեզի, որպէսզի գիտնայ ձեր մասին՝՝ ու մխիթարէ ձեր սիրտերը, 9 Ոնեսիմոս հաւատարիմ եւ սիրելի եղբօր հետ՝ որ ձեզմէ է. իրենք պիտի գիտցնեն ձեզի ամէն ինչ որ կայ հոս: 10 Կը բարեւէ ձեզ Արիստարքոս՝ գերութեան ընկերս. նաեւ Մարկոս՝ Բառնաբասի եղբօրորդին, (որուն մասին պատուէրներ ստացաք. ընդունեցէ՛ք զինք՝ եթէ գայ ձեզի,) 11 եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կը կոչուի, որոնք թլփատութենէն են: Միայն ասո՛նք գործակցեցան ինծի՝ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ, եւ մխիթարութիւն եղան ինծի: 12 Կը բարեւէ ձեզ Եպափրաս՝ Քրիստոսի ծառան, որ ձեզմէ է. ամէն ատեն աղօթքի մէջ կը պայքարի ձեզի համար, որպէսզի դուք կատարեալ ու լման կենաք՝ Աստուծոյ ամբողջ կամքին մէջ: 13 Անոր համար կը վկայեմ թէ շատ նախանձախնդրութիւն ունի՝ ձեզի, ինչպէս նաեւ Լաւոդիկէի ու Յերապոլիսի մէջ եղողներուն համար: 14 Կը բարեւեն ձեզ Ղուկաս՝ սիրելի բժիշկը, եւ Դեմաս: 15 Բարեւեցէ՛ք եղբայրները՝ որ Լաւոդիկէ են, ու Նիմփաս եւ անոր տան մէջ եղող եկեղեցին: 16 Երբ այս նամակը կարդացուի ձեր մէջ, կարդա՛լ տուէք նաեւ Լաւոդիկեցիներու եկեղեցիին մէջ: Դուք ալ կարդացէ՛ք Լաւոդիկէէն եկած նամակը, 17 եւ ըսէ՛ք Արքիպպոսի. «Զգուշացի՛ր քու սպասարկութեանդ համար՝ որ ստացար Տէրոջմով, որպէսզի գործադրես զայն»: 18 Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը: Յիշեցէ՛ք կապերս: Շնորհքը ձեզի հետ: Ամէն:

1 Thessalonians

1 1 Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. 2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ՝ ձեր բոլորին համար, յիշելով ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ, 3 անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ, 4 գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ: 5 Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար, 6 եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տէրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ: 7 Հետեւաբար դուք տիպար եղաք բոլոր հաւատացեալներուն՝ որ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ են, 8 որովհետեւ ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ հռչակուեցաւ Տէրոջ խօսքը ձեզմէ, այլ նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ Աստուծոյ վրայ ձեր ունեցած հաւատքը, այնպէս որ պէտք չունինք որեւէ բան խօսելու. 9 քանի որ իրենք իրենցմէ կը պատմեն մեր մասին, թէ ինչպիսի՛ մուտք ունեցանք ձեր մէջ, եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն դարձաք Աստուծոյ՝ ապրող ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար, 10 եւ երկինքէն սպասելու անոր Որդիին՝ որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսի, որ կ՚ազատէ մեզ գալիք բարկութենէն:2 1 Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ գիտէք թէ մեր մուտքը ընդունայն չեղաւ ձեր մէջ. 2 հապա՝ նախապէս Փիլիպպէի մէջ չարչարուելէ եւ նախատուելէ ետք, ինչպէս գիտէք, Աստուծմով համարձակեցանք քարոզել ձեզի Աստուծոյ աւետարանը՝ շատ պայքարելով: 3 Որովհետեւ մեր յորդորը ո՛չ մոլորութենէ էր, ո՛չ անմաքրութենէ, ո՛չ ալ նենգութեամբ. 4 այլ կը խօսինք այնպէս՝ ինչպէս մենք զատորոշուեցանք Աստուծմէ, որպէսզի աւետարանը վստահուի մեզի, ո՛չ թէ մարդիկ հաճեցնելու համար, հապա Աստուած՝ որ կը քննէ մեր սիրտերը: 5 Քանի որ մենք բնա՛ւ չգործածեցինք շողոքորթութեան խօսքեր,- ինչպէս գիտէք,- ո՛չ ալ ագահութեան պատրուակ մը,- Աստուած վկայ է.- 6 եւ փառք չփնտռեցինք մարդոցմէ,- ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն:- 7 Թէեւ կրնայինք՝ իբր Քրիստոսի առաքեալներ՝ ծանրութիւն ըլլալ ձեզի, մենք հեզահամբոյր եղանք ձեր մէջ: 8 Ինչպէս դայեակ մը կը փայփայէ իր զաւակները, նոյնպէս մենք՝ գորովագութ ըլլալով ձեզի հանդէպ՝ կը յօժարէինք տալ ձեզի ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը, հապա մեր անձերն ալ, որովհետեւ դուք սիրելի եղաք մեզի: 9 Կը յիշէք, եղբայրնե՛ր, մեր աշխատանքն ու տաժանքը. գիշեր ու ցերեկ գործելով քարոզեցինք ձեզի Աստուծոյ աւետարանը, չծանրաբեռնելու համար ձեզմէ ոեւէ մէկը: 10 Դուք վկայ էք, եւ Աստուած ալ, թէ ի՛նչպէս սրբութեամբ, արդարութեամբ ու անմեղադրելի կերպով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ կը հաւատաք: 11 Նոյնպէս գիտէք թէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ ինչպէս հայր մը իր զաւակները՝ 12 յորդորեցինք եւ սփոփեցինք, ու վկայեցինք որպէսզի ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ Աստուծոյ՝ որ կանչեց ձեզ իր թագաւորութեան եւ փառքին: 13 Հետեւաբար մենք ալ անդադար շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ, որովհետեւ երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա - ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է - որպէս Աստուծոյ խօսք. եւ ան կը ներգործէ նաեւ ձեր մէջ՝ որ կը հաւատաք: 14 Արդարեւ դուք, եղբայրնե՛ր, նմանեցաք Աստուծոյ եկեղեցիներուն՝ որ Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով, որովհետեւ դո՛ւք ալ կրեցիք նոյն չարչարանքները ձեր տոհմակիցներէն, ինչպէս անոնք՝ Հրեաներէն, 15 որ սպաննեցին թէ՛ Տէր Յիսուսը, թէ՛ ալ մարգարէները, ու հալածեցին մեզ: Աստուծոյ անհաճոյ եւ բոլոր մարդոց հակառակ են, 16 ու կ՚արգիլեն մեզ խօսիլ հեթանոսներուն՝ անոնց փրկութեան մասին, որպէսզի լեցնեն իրենց մեղքերուն չափը՝ ամէն ատեն. բայց բարկութիւնը հասած է անոնց վրայ՝ մինչեւ վախճանը: 17 Իսկ մենք, եղբայրնե՛ր, քիչ մը ատեն ձեզմէ որբ մնացած ըլլալով,- երեսով եւ ո՛չ թէ սիրտով,- ա՛լ աւելի փութացինք տեսնել ձեր երեսը՝ մեծ ցանկութեամբ: 18 Ուստի ուզեցինք գալ ձեզի - ես ինքս՝ Պօղոս՝ մէկ-երկու անգամ -, բայց Սատանան արգիլեց մեզ: 19 Քանի որ ի՞նչ է մեր յոյսը, կամ ուրախութիւնը, կամ մեր պարծանքին պսակը: Միթէ դո՛ւք չէ՞ք, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, անոր գալուստին ատենը. 20 որովհետեւ դո՛ւք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը:3 1 Ուստի, չկարենալով ա՛լ աւելի դիմանալ, յօժարեցանք առանձին մնալ Աթէնք, 2 եւ ղրկեցինք Տիմոթէո՛սը - մեր եղբայրը, Աստուծոյ սպասարկուն ու մեր գործակիցը Քրիստոսի աւետարանին մէջ -, ամրացնելու ձեզ եւ յորդորելու ձեր հաւատքին մէջ. 3 որպէսզի այս տառապանքներուն մէջ ձեզմէ ո՛չ մէկը խախտի, որովհետեւ դուք ձեզմէ գիտէք թէ մենք սահմանուած ենք ատոնց համար: 4 Քանի որ երբ մենք ձեր քով էինք, կանխաւ կ՚ըսէինք ձեզի թէ տառապանքներ պիտի կրենք, ինչպէս եղաւ ալ ու դուք գիտէք: 5 Հետեւաբար ես ալ, չկարենալով աւելի դիմանալ, մարդ ղրկեցի՝ գիտնալու ձեր հաւատքը, թէ արդեօք Փորձիչը փորձա՛ծ է ձեզ, ու մեր աշխատանքը ընդունայն եղա՛ծ է: 6 Բայց հիմա Տիմոթէոս ձեզմէ եկաւ մեզի եւ ձեր հաւատքին ու սիրոյն աւետիսը տուաւ մեզի, եւ ըսաւ թէ ամէն ատեն լաւ յիշատակ ունիք մեզմէ՝ տենչալով տեսնել մեզ, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ: 7 Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր մասին մխիթարուեցանք մեր բոլոր տառապանքներուն ու հարկադրանքներուն մէջ՝ ձեր հաւատքով. 8 որովհետեւ հիմա մենք կ՚ապրինք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով: 9 Քանի որ ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, այն ամբողջ ուրախութեան համար՝ որ ձեր պատճառով կ՚ուրախացնէ մեզ մեր Աստուծոյն առջեւ. 10 գիշեր ու ցերեկ չափազանց կ՚աղերսենք, որպէսզի տեսնենք ձեր երեսը եւ լրացնենք ինչ որ կը պակսի ձեր հաւատքին: 11 Նոյնինքն Աստուած՝ մեր Հայրը, ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թող ուղղեն մեր ճամբան դէպի ձեզ: 12 Տէրը թող աճեցնէ եւ առատացնէ ձեր սէրը իրարու հանդէպ ու բոլորին հանդէպ, ինչպէս մենք ունինք ձեզի հանդէպ, 13 որպէսզի ամրացնէ ձեր սիրտերը՝ սրբութեան մէջ անմեղադրելի ըլլալու Աստուծոյ եւ մեր Հօր առջեւ, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին ատենը՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ:4 1 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, կը թախանձենք ձեզի ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որպէսզի՝ ինչպէս ընդունեցիք մեզմէ թէ ի՛նչպէս պէտք է ընթանաք եւ հաճեցնէք Աստուած՝ ա՛լ աւելի ճոխանաք անոր մէջ, 2 քանի որ գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի՝ Տէր Յիսուսով: 3 Որովհետեւ Աստուծոյ կամքը՝ ձեր սրբացումն է, որ ետ կենաք պոռնկութենէ, 4 ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը գիտնայ իր անօթին տիրանալ սրբութեամբ եւ պատիւով. 5 ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները՝ որ չեն ճանչնար Աստուած: 6 Ո՛չ մէկը թող չափազանցէ այդ բանին՝՝ մէջ ու կեղեքէ իր եղբայրը, քանի որ Տէրը վրէժխնդիր է այդ բոլորին համար, ինչպէս մենք ալ նախապէս ըսինք ձեզի եւ վկայեցինք. 7 որովհետեւ Աստուած կանչեց մեզ ո՛չ թէ անմաքրութեան, հապա՝ սրբութեան: 8 Ուստի ա՛ն որ կ՚անարգէ՝ կ՚անարգէ ո՛չ թէ մարդ մը, հապա Աստուած՝ որ իր Սուրբ Հոգին ալ տուաւ մեզի: 9 Իսկ եղբայրսիրութեան մասին պէտք չունիք որ գրեմ ձեզի, որովհետեւ դուք արդէն Աստուծմէ սորված էք սիրել զիրար, 10 եւ արդարեւ ատիկա կ՚ընէք ամբողջ Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրներուն հանդէպ: Սակայն կ՚աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ա՛լ աւելի ճոխանաք, 11 ու պատի՛ւ համարէք հանդարտ կենալ, ձեր գործերով զբաղիլ եւ ձեր ձեռքերով աշխատիլ, (ինչպէս պատուիրեցինք ձեզի,) որպէսզի դուրսիններուն հետ վարուիք վայելչութեամբ ու ո՛չ մէկ բանի՝՝ պէտք ունենաք: 11 ու պատի՛ւ համարէք հանդարտ կենալ, ձեր գործերով զբաղիլ եւ ձեր ձեռքերով աշխատիլ, (ինչպէս պատուիրեցինք ձեզի,) որպէսզի դուրսիններուն հետ վարուիք վայելչութեամբ ու ո՛չ մէկ բանի՝՝ պէտք ունենաք: 12 Եղբայրնե՛ր, չենք ուզեր որ անգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն մասին, որպէսզի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որ յոյս չունին: 13 Արդարեւ եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ հաւատանք թէ Աստուած պիտի բերէ Յիսուսով ննջողները՝ անոր հետ: 14 Որովհետեւ սա՛ կը յայտարարենք ձեզի՝ Տէրոջ խօսքով, թէ մենք՝ մինչեւ Տէրոջ գալուստը ողջ մնացողներս՝ բնա՛ւ պիտի չկանխենք ննջեցեալները: 15 Քանի որ նոյնինքն Տէրը պիտի իջնէ երկինքէն՝ ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնով եւ Աստուծոյ փողով, ու նախ Քրիստոսով մեռածնե՛րը յարութիւն պիտի առնեն: 16 Ապա մենք, ողջ մնացողներս, անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով՝ Տէրը դիմաւորելու օդին մէջ, եւ այդպէս Տէրոջ հետ պիտի ըլլանք յաւիտեան: 17 Հետեւաբար մխիթարեցէ՛ք զիրար այս խօսքերով:5 1 Բայց, եղբայրնե՛ր, պէտք չունիք որ գրեմ ձեզի այդ ժամանակներուն եւ ատեններուն մասին, 2 քանի որ դուք իսկ ճշգրտութեամբ գիտէք թէ Տէրոջ օրը կու գայ գիշերուան գողին պէս: 3 Երբ մարդիկ ըսեն թէ “խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն է”, այն ատեն աւերումը անակնկալօրէն պիտի հասնի անոնց վրայ՝ յղիին երկունքին պէս, ու զերծ պիտի չմնան: 4 Բայց դո՛ւք, եղբայրնե՛ր, խաւարի մէջ չէք, որ այդ օրը գողի մը պէս հասնի ձեր վրայ. 5 որովհետեւ դուք բոլորդ լոյսի որդիներ էք, եւ ցերեկուան որդիներ. 6 գիշերուան որդիներ չենք, ո՛չ ալ խաւարի: Ուրեմն չքնանա՛նք ուրիշներու նման, հապա ըլլա՛նք արթուն ու զգաստ. 7 քանի որ անոնք որ կը քնանան՝ գիշե՛րը կը քնանան, եւ անոնք որ կ՚արբենան՝ գիշե՛րը կ՚արբենան: 8 Իսկ մենք՝ որ ցերեկուան որդիներն ենք, զգա՛ստ ըլլանք՝ հագնելով հաւատքի ու սիրոյ զրահը, եւ իբր սաղաւարտ՝ փրկութեան յոյսը: 9 Որովհետեւ Աստուած որոշեց մեզ ո՛չ թէ բարկութեան համար, հապա՝ փրկութեան տիրանալու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: 10 Ան մեռաւ մեզի համար, որպէսզի մենք ապրինք իրեն հետ, արթուն ըլլանք թէ քնացած: 11 Ուստի յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար, ինչպէս արդէն կ՚ընէք: 12 Կը թախանձենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք ձեր մէջ աշխատողները, Տէրոջմով վերակացուներն ու ձեզ խրատողները: 13 Պատուեցէ՛ք զանոնք մեծ սիրով՝ իրենց գործին համար: Խաղաղութի՛ւն ունեցէք իրարու հետ: 14 Կը յորդորե՛նք ձեզ, եղբայրնե՛ր, խրատեցէ՛ք անկարգները, սփոփեցէ՛ք թուլասիրտները, ձեռնտո՛ւ եղէք տկարներուն, համբերատա՛ր եղէք բոլորին հանդէպ: 15 Զգուշացէ՛ք, ո՛չ մէկը չարիքի փոխարէն չարիք հատուցանէ ոեւէ մէկուն. հապա՝ ամէն ատեն հետամո՛ւտ եղէք բարիին, թէ՛ ձեր միջեւ, թէ՛ բոլորին հանդէպ: 16 Ամէն ատեն ուրա՛խ եղէք: 17 Անդադար աղօթեցէ՛ք: 18 Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք, որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ կամքը ձեզի հանդէպ՝ Քրիստոս Յիսուսով: 19 Մի՛ մարէք Սուրբ Հոգին: 20 Մի՛ անարգէք մարգարէութիւնները: 21 Քննեցէ՛ք ամէն բան, բարի՛ն ամուր բռնեցէք: 22 Ե՛տ կեցէք ամէն տեսակ չարութենէ: 23 Նոյնինքն խաղաղութեան Աստուածը ամբողջովին սրբացնէ ձեզ, եւ ձեր հոգին, անձն ու մարմինը ամբողջութեամբ անմեղադրելի պահուին մինչեւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը: 24 Ա՛ն որ կանչեց ձեզ՝ հաւատարիմ է. նաեւ ի՛նք պիտի կատարէ ատիկա: 25 Եղբայրնե՛ր, աղօթեցէ՛ք մեզի համար: 26 Բարեւեցէ՛ք բոլոր եղբայրները սուրբ համբոյրով: 27 Կը պարտադրեմ՝՝ ձեզ Տէրոջմով, որ կարդաք այս նամակը բոլոր սուրբ եղբայրներուն: 28 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ: Ամէն:

2 Thessalonians

1 1 Պօղոս, Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. 2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: 3 Պարտական ենք ամէն ատեն Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալ ձեզի համար, եղբայրնե՛ր, ինչպէս որ արժանավայել է. քանի որ ձեր հաւատքը շատ կ՚աճի, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը կ՚աւելնայ իրարու հանդէպ: 4 Ուստի մենք ալ կը պարծենանք ձեզմով Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ, ձեր համբերութեան ու հաւատքին համար՝ ձեր բոլոր հալածանքներուն եւ տառապանքներուն մէջ, որոնց կը հանդուրժէք: 5 Ասիկա Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէսզի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեան, որուն համար կը չարչարուիք ալ: 6 Քանի որ Աստուծոյ քով արդարութիւն է տառապանք հատուցանել ձեզ տառապեցնողներուն, 7 իսկ ձեզի՝ տառապանք կրողներուդ՝ անդորրութիւն մեզի հետ, երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքէն՝ իր հզօր հրեշտակներով, 8 բոցավառ կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ չեն ճանչնար Աստուած, ու չեն հնազանդիր մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին: 9 Անոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով՝ վտարուելով Տէրոջ ներկայութենէն եւ անոր ոյժին փառքէն, 10 երբ ինք գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, ու այդ օրը սքանչացումի առարկայ ըլլալու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (որովհետեւ դուք հաւատացիք ձեր մէջ տրուած մեր վկայութեան): 11 Հետեւաբար ամէն ատեն կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ մեր Աստուածը արժանացնէ ձեզ ձեր կոչումին, եւ զօրութեամբ իրագործէ իր բարութեան ամբողջ բարեհաճութիւնն ու հաւատքին գործը. 12 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը փառաւորուի ձեր մէջ, եւ դուք ալ անոր մէջ, մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն:2 1 Կը թախանձե՛նք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին եւ անոր քով մեր հաւաքուելուն մասին, 2 որ շուտով չսարսիք ձեր միտքին մէջ, ու չվրդովիք՝ ո՛չ հոգիով, ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ նամակով մը՝ իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսի օրը եկած հասած ըլլայ: 3 Ո՛չ մէկը թող խաբէ ձեզ որեւէ կերպով. որովհետեւ այդ օրը պիտի չգայ՝ եթէ նախ չգայ ուխտադրժումը ու չյայտնուի մեղքի մարդը, կորուստի որդին, 4 որ պիտի հակառակի եւ պանծացնէ ինքզինք ամէն բանէ վեր՝ որ Աստուած կը կոչուի կամ կը պաշտուի. մինչեւ անգամ պիտի բազմի Աստուծոյ տաճարին մէջ՝ ներկայացնելով ինքզինք իբր Աստուած: 5 Չէ՞ք յիշեր թէ երբ տակաւին ձեր քով էի, կ՚ըսէի ձեզի այս բաները: 6 Եւ հիմա դուք ձեզմէ գիտէք թէ ի՛նչը կը զսպէ՝ որ ինք յայտնուի իր ատենին: 7 Որովհետեւ անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը ներգործէ. բայց ա՛ն որ հիմա կը զսպէ, պիտի զսպէ՝ մինչեւ որ ինք վերցուի մէջտեղէն: 8 Ա՛յն ատեն պիտի յայտնուի այդ անօրէնը, որ Տէր (Յիսուս) պիտի սպառէ իր բերանին շունչով եւ պիտի ոչնչացնէ իր գալուստին փայլով: 9 Անօրէնը պիտի գայ Սատանային ներգործութեամբ՝ ամէն տեսակ հրաշքներով, նշաններով ու սուտ սքանչելիքներով, 10 եւ անիրաւութեան ամբողջ խաբէութեամբ, անոնց համար՝ որ կը կորսուին, քանի որ անոնք չընդունեցին ճշմարտութեան սէրը՝ որպէսզի փրկուին: 11 Այս պատճառով Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց ազդեցիկ մոլորութիւն մը՝ որ հաւատան ստութեան, 12 որպէսզի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա յօժարեցան անիրաւութեան: 13 Բայց մենք պարտական ենք ամէն ատեն շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, Տէրոջմէն սիրուած եղբայրնե՛ր, քանի որ Աստուած սկիզբէն ընտրեց ձեզ փրկութեան համար՝ Հոգիին սրբացումով եւ ճշմարտութեան հաւատքով, 14 որուն կանչեց ձեզ մեր աւետարանով, որպէսզի տիրանաք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառքին: 15 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, հաստատո՛ւն կեցէք, ու պահեցէ՛ք այն աւանդութիւնները՝ որ սորվեցաք կա՛մ խօսքով, կա՛մ մեր նամակով: 16 Եւ մեր Տէրը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն ու բարի յոյս՝ շնորհքով, 17 թող մխիթարեն ձեր սիրտերը եւ ամրացնեն ձեզ ամէն բարի խօսքի ու գործի մէջ:3 1 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որպէսզի Տէրոջ խօսքը արագ ընթանայ ու փառաւորուի ամէն տեղ՝ ինչպէս ձեր մէջ, 2 եւ մենք ազատինք վատ ու չար մարդոցմէ. որովհետեւ բոլորը հաւատք չունին: 3 Բայց Տէրը հաւատարիմ է. ան պիտի ամրացնէ ձեզ եւ պահէ Չարէն: 4 Ու մենք համոզում ունինք ձեր վրայ Տէրոջմով, թէ ինչ որ պատուիրեցինք ձեզի՝ կ՚ընէք եւ պիտի ընէք ալ: 5 Տէրը թող ուղղէ ձեր սիրտերը դէպի Աստուծոյ սէրն ու Քրիստոսի համբերութիւնը: 6 Կը պատուիրենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ զգուշանաք ամէն եղբօրմէ՝ որ կ՚ընթանայ անկարգութեամբ, եւ ո՛չ թէ այն աւանդութեան համաձայն՝ որ ընդունեցիք մեզմէ: 7 Որովհետեւ դուք ձեզմէ գիտէք թէ ի՛նչպէս պէտք է նմանիք մեզի. քանի որ մենք անկարգութեամբ չընթացանք ձեր մէջ, 8 ո՛չ ալ ձրի կերանք մէկուն հացը, այլ գիշեր ու ցերեկ կը գործէինք՝ աշխատանքով եւ տաժանքով, ձեզմէ ո՛չ մէկը ծանրաբեռնելու համար: 9 Ո՛չ թէ իրաւունք չունէինք, հապա մենք մեզ տիպար դարձուցինք ձեզի՝ որպէսզի նմանիք մեզի: 10 Որովհետեւ երբ ձեր քով էինք, սա՛ կը պատուիրէինք ձեզի, թէ “ա՛ն որ չ՚ուզեր գործել, հա՛ց ալ թող չուտէ”: 11 Արդարեւ կը լսենք թէ ձեր մէջէն ոմանք կ՚ընթանան անկարգութեամբ, բնա՛ւ չեն գործեր, հապա հետաքրքրամոլ կ՚ըլլան: 12 Այդպիսիներուն կը պատուիրենք ու կը յորդորենք մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով, որ գործեն հանդարտութեամբ եւ ուտեն իրե՛նց հացը: 13 Իսկ դո՛ւք, եղբայրնե՛ր, մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ: 14 Եթէ ոեւէ մէկը չհնազանդի այս նամակին մէջ մեր ըսած խօսքին, նշանակեցէ՛ք զայն ու մի՛ յարաբերիք անոր հետ, որպէսզի ամչնայ: 15 Բայց թշնամի մի՛ համարէք զինք, հապա խրատեցէ՛ք իբր եղբայր: 16 Նոյնինքն խաղաղութեան Տէրը խաղաղութիւն տայ ձեզի, ամէն ատեն եւ ամէն կերպով. Տէրը ձեր բոլորին հետ: 17 Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը, որ ամէն նամակի մէջ իմ նշանս է. ես ա՛յսպէս կը գրեմ: 18 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:

1 Timothy

1 1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի՝՝ հրամանով, 2 Տիմոթէոսի՝ հաւատքով հարազատ զաւակիս. շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Քրիստոս Յիսուսէ՝ մեր Տէրոջմէն: 3 Քեզի աղաչեցի որ Եփեսոս մնաս, երբ ես Մակեդոնիա կ՚երթայի, որպէսզի պատուիրես ոմանց՝ ուրիշ կերպով չսորվեցնել, 4 ո՛չ ալ ուշադրութիւն դարձնել առասպելներու եւ անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ՚ըլլայ հաւատքով: 5 Իսկ պատուէրին վախճանը սէրն է՝ բխած սուրբ սիրտէ, բարի խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ: 6 Ասոնցմէ վրիպելով՝ ոմանք խոտորեցան փուճ խօսքերու մէջ. 7 կ՚ուզեն Օրէնքի վարդապետ ըլլալ, բայց չեն հասկնար ո՛չ ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն: 8 Սակայն գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է, եթէ մէկը գործածէ զայն օրինաւոր կերպով, 9 սա՛ գիտնալով թէ Օրէնքը տրուած է ո՛չ թէ արդարներուն համար, հապա՝ անօրէններուն եւ ըմբոստներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, անսուրբերուն եւ սրբապիղծներուն, հայր զարնողներուն, մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն, 10 պոռնկողներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, երդմնազանցներուն, եւ ուրիշ որեւէ բանի համար՝ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, 11 համաձայն երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին՝ որ վստահուեցաւ ինծի: 12 Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ: 13 Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ. 14 եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է: 15 Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ: 16 Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար: 17 Ուրեմն յաւիտենական Թագաւորին՝ որ անեղծ եւ անտեսանելի է, միա՛կ Աստուծոյն՝ պատի՜ւ ու փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն: 18 Սա՛ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որդեա՛կս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով մարտնչիս բարի մարտը, 19 պահելով հաւատքն ու բարի խղճմտանքը, որ ոմանք վանեցին իրենցմէ եւ հաւատքի վերաբերեալ նաւակոծութիւն կրեցին: 20 Ասոնցմէ են Հիմենոս եւ Աղեքսանդրոս, որ մատնեցի Սատանային՝ որպէսզի վարժուին չհայհոյել:2 1 Ուրեմն կը յորդորեմ որ ամէն բանէ առաջ աղերսանք, աղօթք, պաղատանք ու շնորհակալութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար, 2 մա՛նաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանաւորներուն համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք՝ ամբողջ բարեպաշտութեամբ ու պատկառանքով. 3 որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ: 4 Ան կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու գան ճշմարտութեան գիտակցութեան. 5 քանի որ մէ՛կ Աստուած կայ եւ մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, 6 որ ինքզինք իբր փրկանք ընծայեց բոլորին տեղը՝ յատուկ ատենին վկայութիւն ըլլալու: 7 Ես անոր քարոզիչ եւ առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ Քրիստոսով, չեմ ստեր,) ու հեթանոսներուն վարդապետ եղայ՝ հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ: 8 Ուրեմն կը փափաքիմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով, առանց բարկութեան եւ առարկութեան: 9 Նոյնպէս ալ կիները իրենք զիրենք զարդարեն համեստ տարազով, ամօթխածութեամբ եւ խոհեմութեամբ, ո՛չ թէ հիւսուածքներով, ոսկիով, մարգարիտներով կամ մեծածախս պատմուճաններով, 10 հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը պատշաճի աստուածպաշտութիւն դաւանող կիներուն: 11 Կինը թող սորվի՝ հանդարտ կենալով, բոլորովին ենթարկուելով: 12 Բայց կնոջ չեմ արտօներ որ սորվեցնէ, ո՛չ ալ իշխէ այր մարդուն. հապա թող հանդարտ կենայ: 13 Որովհետեւ նախ Ադա՛մ կերտուեցաւ, ու յետոյ՝ Եւա. 14 եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կի՛նը խաբուելով օրինազանց եղաւ: 15 Սակայն ան պիտի փրկուի որդեծնութեամբ, եթէ խոհեմութեամբ յարատեւէ հաւատքի, սիրոյ ու սրբութեան մէջ:3 1 Սա՛ խօսքը վստահելի է. եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը բաղձայ, բարի գործի կը ցանկայ: 2 Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ անարատ, մէկ կնոջ ամուսին, զգաստ, խոհեմ, համեստ, հիւրասէր, սորվեցնելու ընդունակ, 3 ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, հապա՝ ազնիւ, ոչ կռուազան, ոչ արծաթասէր, 4 իր տան լաւ վերակացու եղող, ենթարկուած զաւակներ ունեցող՝ ամբողջ պատկառանքով. 5 (քանի որ եթէ մէկը չգիտնայ վերակացու ըլլալ իր տան, ի՞նչպէս հոգ պիտի տանի Աստուծոյ եկեղեցիին.) 6 ո՛չ ալ նորահաւատ, որ հպարտանալով չիյնայ Չարախօսին սահմանուած դատապարտութեան մէջ: 7 Նաեւ պէտք է ունենայ բարի վկայութիւն դուրսիններէ՛ն ալ, որպէսզի չիյնայ նախատինքի ու Չարախօսին թակարդին մէջ: 8 Նմանապէս սարկաւագները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ երկլեզու, ոչ գինեմոլ, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող, 9 հապա հաւատքին խորհուրդը պահող՝ մաքուր խղճմտանքով: 10 Ասոնք ալ նախ թող փորձարկուին, ու յետոյ կատարեն սարկաւագութիւն՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին: 11 Նոյնպէս ալ անոնց կիները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ չարախօս, հապա զգաստ, հաւատարիմ՝ ամէն բանի մէջ: 12 Սարկաւագները թող ըլլան մէկ կնոջ ամուսին, եւ լաւ վերակացու իրենց զաւակներուն ու տան. 13 որովհետեւ անոնք որ լաւ կը կատարեն սարկաւագութիւնը՝ կը տիրանան բարի աստիճանի մը, ու շատ համարձակութեան՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքին մէջ: 14 Կը գրեմ քեզի այս բաները, թէպէտ կը յուսամ շուտով գալ քեզի, 15 որպէսզի՝ եթէ յապաղիմ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիս Աստուծոյ տան մէջ, որ ապրող Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնն ու խարիսխը: 16 Անվիճելիօրէն մեծ է բարեպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ Հոգիով, տեսնուեցաւ հրեշտակներէն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատացուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ համբարձաւ փառքով:4 1 Հոգին յատկապէս կ՚ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու: 2 Կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին, խանձուած խղճմտանք պիտի ունենան, 3 պիտի արգիլեն ամուսնանալ ու ետ պիտի պահեն կերակուրներէն, որ Աստուած ստեղծեր է որպէսզի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը գիտցողները շնորհակալութեամբ ընդունին. 4 որովհետեւ ամէն ինչ որ Աստուած ստեղծած է՝ բարի է, ու ոչինչ մերժուելու է՝ եթէ ընդունուի շնորհակալութեամբ, 5 քանի որ կը սրբացուի Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով: 6 Եթէ թելադրես այս բաները եղբայրներուն, պիտի ըլլաս Յիսուս Քրիստոսի բարի սպասարկու մը, սնած խօսքերով հաւատքին ու բարի վարդապետութեան՝ որուն հետեւեցար: 7 Բայց մերժէ՛ սրբապիղծ ու պառաւական առասպելները, եւ դուն քեզ վարժեցուր բարեպաշտութեան. 8 որովհետեւ մարմինին վարժութիւնը օգտակար է քիչ բանի, բայց բարեպաշտութիւնը օգտակար է ամէն բանի, ունենալով թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին խոստումը: 9 Այս խօսքը վստահելի է ու բոլորովին ընդունուելու արժանի: 10 Արդարեւ մենք կ՚աշխատինք եւ կը նախատուինք սա՛ նպատակով, որովհետեւ կը յուսանք ապրող Աստուծոյ, որ Փրկիչն է բոլոր մարդոց, մա՛նաւանդ՝ հաւատացեալներուն: 11 Պատուիրէ՛ եւ սորվեցո՛ւր այս բաները: 12 Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քու երիտասարդութիւնդ, հապա տիպա՛ր եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարքով, սիրով, հաւատքով ու մաքրակեցութեամբ: 13 Մինչեւ որ գամ՝ ուշադի՛ր եղիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու: 14 Անհոգ մի՛ ըլլար քու մէջդ եղած շնորհին հանդէպ, որ մարգարէութեամբ տրուեցաւ քեզի՝ երէցներուն ձեռնադրութեամբ: 15 Խոկա՛ այդ բաներուն մասին եւ զբաղէ՛ ատոնցմով, որպէսզի քու յառաջդիմութիւնդ երեւնայ ամենուն: 16 Ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի ու վարդապետութեան, եւ մի՛շտ յարատեւէ ատոնց մէջ. քանի որ այդպէս ընելով՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները:5 1 Մի՛ սաստեր տարեցը, հապա յորդորէ՛ զայն՝ հօր մը պէս. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս, 2 տարեց կիները՝ մայրերու պէս, դեռահասակները՝ քոյրերու պէս, բոլորովին մաքրակեցութեամբ: 3 Պատուէ՛ այն այրիները՝ որ ի՛րապէս այրի են: 4 Բայց եթէ այրի մը ունի զաւակներ կամ թոռներ, անոնք թող սորվին նախ իրենց տան մէջ բարեպաշտութիւն ցոյց տալ, ու փոխարէնը հատուցանել իրենց ծնողներուն. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ: 5 Իսկ ան որ ի՛րապէս այրի է ու մինակ մնացած, կը յուսայ Աստուծոյ, եւ գիշեր-ցերեկ կը յարատեւէ աղերսանքի ու աղօթքի մէջ. 6 մինչդեռ փափկասէր այրին մեռած է, թէպէտ կ՚ապրի: 7 Պատուիրէ՛ այս բաները, որպէսզի անարատ ըլլան: 8 Բայց եթէ մէկը չի հոգար իրենները ու մա՛նաւանդ իր ընտանիքը, ան ուրացած է հաւատքը, եւ աւելի գէշ է՝ քան անհաւատ մը: 9 Իբր այրի թող դասուի ա՛ն՝ որ վաթսուն տարեկանէն կրտսեր չէ, մէկ մարդու կին եղած է, 10 ու բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած է, հիւրեր ընդունած, սուրբերուն ոտքերը լուացած, տառապեալներուն նպաստած, ամէն բարի գործի հետամուտ եղած: 11 Բայց մերժէ՛ դեռահասակ այրիները. քանի որ երբ պերճանքը հեռացնէ զիրենք Քրիստոսէ, կ՚ուզեն ամուսնանալ 12 եւ դատապարտութիւն կը կրեն՝՝, որովհետեւ կ՚անարգեն իրենց առաջին հաւատքը: 13 Նաեւ կը սորվին դատարկապորտ ըլլալ՝ շրջելով տունէ տուն. եւ ո՛չ միայն դատարկապորտ, այլ նաեւ շաղակրատ ու հետաքրքրամոլ՝ խօսելով անպատեհ բաներ: 14 Ուրեմն կը փափաքիմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, իրենց տունը կառավարեն՝՝, եւ հեգնելու առիթ չտան հակառակորդին, 15 քանի որ արդէն ոմանք խոտորեցան՝ երթալով Սատանայի ետեւէն: 16 Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը ունի այրիներ, ի՛նք թող նպաստէ անոնց, որպէսզի եկեղեցին չծանրաբեռնուի ու կարենայ նպաստել իրակա՛ն այրիներուն: 17 Լաւ վերակացու եղող երէցները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որոնց աշխատանքն է խօսքը քարոզել եւ սորվեցնել, թող արժանանան կրկնապատիկ պատիւի, 18 որովհետեւ Գիրքը կ՚ըսէ. «Մի՛ կապեր կալի մէջ աշխատող՝՝ եզին դունչը»: Նաեւ. «Գործաւորը արժանի է իր վարձքին»: 19 Երէցի դէմ ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, բայց միայն երկու կամ երեք վկայի առջեւ: 20 Անոնք որ կը մեղանչեն՝ կշտամբէ՛ բոլորին առջեւ, որպէսզի միւսներն ալ վախնան: 21 Կը վկայեմ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ ընտրեալ հրեշտակներուն առջեւ, որ պահես այս բաները առանց նախընտրանքի, ոչինչ ընելով կողմնակալութեամբ: 22 Աճապարելով ձեռք մի՛ դներ ոեւէ մէկուն վրայ, եւ մի՛ հաղորդակցիր ուրիշներուն մեղքերուն: Դուն քեզ մաքրակենցա՛ղ պահէ: 23 Այլեւս միայն ջուր մի՛ խմեր, հապա քիչ մըն ալ գինի գործածէ՝ ստամոքսիդ ու յաճախադէպ հիւանդութիւններուդ համար: 24 Կարգ մը մարդոց մեղքերը առաջուընէ յայտնի են, նախքան իրենց դատաստանը. իսկ ոմանց մեղքերը յետոյ կը յայտնուին՝՝: 25 Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են. իսկ անոնք որ տարբեր են՝ չեն կրնար պահուիլ:6 1 Լուծի տակ եղող բոլոր ստրուկները թող արժանի համարեն իրենց տէրերը ամէն պատիւի, որպէսզի Աստուծոյ անունն ու վարդապետութիւնը չհայհոյուին: 2 Իսկ անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին՝ թող չարհամարհեն զանոնք՝ որովհետեւ եղբայրներ են. այլ մանաւանդ թող ծառայեն անոնց յօժարութեամբ, քանի բարերարութենէն օգտուողները հաւատացեալ են ու սիրելի: Սորվեցո՛ւր այս բաները եւ յորդորէ՛: 3 Եթէ մէկը սորվեցնէ ուրիշ կերպով, ու չյարի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեան՝ որ համաձայն է բարեպաշտութեան, 4 այդպիսին հպարտացած է ու ոչինչ գիտէ, հապա վարակուած է վէճերու եւ բանակռիւներու ախտէն, որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, չար ենթադրութիւններ, 5 զրաբանութիւններ՝ միտքով ապականած ու ճշմարտութենէն զրկուած մարդոց, որ կը կարծեն թէ բարեպաշտութիւնը շահավաճառութիւն է. հեռացի՛ր այդպիսիներէն: 6 Սակայն բարեպաշտութիւնը՝ ինքնաբաւութեամբ միասին՝ մեծ շահավաճառութիւն մըն է. 7 որովհետեւ ոչինչ բերինք աշխարհ, եւ բացայայտ է թէ ոչինչ կրնանք դուրս հանել անկէ. 8 ուստի կերակուր ու հագնելիք ունենալով՝ բաւարարուինք անոնցմով: 9 Բայց անոնք որ կը փափաքին հարստանալ՝ կ՚իյնան փորձութեան եւ թակարդի, ու շատ անմիտ եւ վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք կ՚ընկղմեն մարդիկը աւերումի կամ կորուստի մէջ. 10 որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով: 11 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Աստուծոյ մարդ, փախի՛ր այս բաներէն, եւ հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, բարեպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան: 12 Պայքարէ՛ հաւատքին բարի պայքարը, բռնէ՛ յաւիտենական կեանքը՝ որուն համար կանչուեցար եւ տուիր բարի դաւանութիւնը շատ վկաներու առջեւ: 13 Կը պատուիրեմ քեզի՝ Աստուծոյ առջեւ, որ կեանք կու տայ բոլոր բաներուն, ու Քրիստոս Յիսուսի առջեւ, որ վկայեց բարի դաւանութիւնը Պոնտացի Պիղատոսի առջեւ, 14 որ պահես այս պատուէրը՝ ապրելով անբիծ, անարատ, մինչեւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երեւումը: 15 Զայն իր ատենին ցոյց պիտի տայ Երանելին եւ միակ Հզօրը, Թագաւորներուն թագաւորն ու Տէրերուն տէրը: 16 Միայն ի՛նք ունի անմահութիւն, եւ կը բնակի անմերձենալի լոյսի մէջ: Մարդոցմէ ո՛չ մէկը տեսեր է զինք, ո՛չ ալ կրնայ տեսնել: Իրե՛ն պատիւ ու զօրութիւն յաւիտեան: Ամէն: 17 Պատուիրէ՛ այս աշխարհի մէջ հարուստ եղողներուն՝ որ մեծամիտ չըլլան, ո՛չ ալ յուսան անստոյգ հարստութեան, հապա՝ ապրող Աստուծոյ, որ ամէն բան կու տայ մեզի ճոխութեամբ՝ վայելելու համար: 18 Բարիք թող գործեն, բարի գործերով թող հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին կարիքներուն հաղորդակից ըլլան, 19 ապագային համար իրենք իրենց լաւ հիմ դնելով իբր պահեստ՝ որպէսզի բռնեն յաւիտենական կեանքը: 20 Ո՛վ Տիմոթէոս, պահէ՛ քեզի յանձնուած աւանդը, խուսափելով սրբապիղծ ունայնաբանութիւններէն ու սուտանուն գիտութեան հակադրութիւններէն. 21 ոմանք վրիպեցան հաւատքէն՝ դաւանելով զանոնք: Շնորհքը քեզի հետ: Ամէն: