1 Corinthians 10:6-12

Armenian(i) 6 Ուրեմն այդ բաները մեզի տիպար եղան, որպէսզի չցանկանք չար բաներու, ինչպէս անոնք ցանկացին: 7 Ո՛չ ալ կռապաշտ ըլլաք՝ անոնցմէ ոմանց պէս, ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու, յետոյ կանգնեցան զբօսնելու»: 8 Ո՛չ ալ պոռնկինք՝ ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկեցան, ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան: 9 Ո՛չ ալ փորձենք Քրիստոսը՝ ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին, եւ օձերէն ջարդուեցան: 10 Ո՛չ ալ տրտնջեցէք՝ ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին, ու ջարդուեցան բնաջնջողէն: 11 Իսկ այդ բոլոր բաները կը պատահէին անոնց՝ իբր տիպար, եւ գրուեցան խրատելու համար մեզ՝ որ հասած ենք դարերու վախճանին: 12 Հետեւաբար ա՛ն որ կը կարծէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ՝ որ չիյնայ: