Armenian(i)
22 Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսի. «Ե՛ս ալ կ՚ուզէի մտիկ ընել այդ մարդուն»: Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ՚ընես»: 23 Հետեւեալ օրը, երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ եկան մեծ հանդէսով եւ մտան ունկնդրութեան տեղը՝ հազարապետներուն ու քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս հրամայեց որ Պօղոսը բերուի: 24 Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս թագաւոր, եւ դո՛ւք ալ՝ բոլոր մարդիկ՝ որ մեզի հետ ներկայ էք, կը տեսնէ՛ք ասիկա՝ որուն մասին Հրեաներուն ամբողջ բազմութիւնը գանգատեցաւ ինծի Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ, ու կը գոռային թէ “ա՛լ պէտք չէ որ ան ապրի”: 25 Բայց ես ըմբռնեցի թէ ան մահուան արժանի ոչինչ ըրած է. եւ քանի որ ինք բողոքեց Օգոստափառ կայսր ին, որոշեցի որ ղրկեմ զայն: 26 Անոր մասին ստոյգ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ներկայացուցի զայն ձեզի, եւ մա՛նաւանդ քեզի՛, Ագրիպպա՛ս թագաւոր, որպէսզի ունենամ գրելիք բան մը՝ հարցաքննելէ ետք. 27 որովհետեւ ինծի անտրամաբանական կը թուի ղրկել բանտարկեալ մը՝ առանց նաեւ մատնանշելու անոր վրայ բարդուած յանցանքները»:26 1 Այն ատեն Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. «Արտօնուած է քեզի՝ խօսիլ դուն քեզի համար»: Պօղոս ալ՝ երկարելով ձեռքը՝ ջատագովեց ինքզինք. 2 «Ագրիպպա՛ս թագաւոր, ես երանելի կը համարեմ զիս, որ այսօր քու առջեւդ պիտի ջատագովեմ զիս՝ Հրեաներուն ինծի դէմ ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար. 3 մա՛նաւանդ որ դուն լաւ գիտես Հրեաներուն բոլոր սովորութիւններն ու հարցերը: Ուստի կ՚աղերսե՛մ որ համբերատարութեամբ մտիկ ընես ինծի: 4 Բոլոր Հրեաները տեղեակ են իմ կենցաղիս՝ պատանութենէս ի վեր, սկիզբէն Երուսաղէմ՝ իմ ազգիս մէջ ըլլալուս համար. 5 անոնք սկիզբէն ի վեր կը ճանչնան զիս, (եթէ ուզեն վկայել,) գիտնալով թէ ապրած եմ մեր կրօնին ամենէն խիստ աղանդին համաձայն՝ իբր Փարիսեցի: 6 Եւ հիմա դատարան ներկայացած եմ ու կը դատուիմ՝ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումի յոյսին համար, 7 որուն կը յուսան հասնիլ մեր տասներկու տոհմերը՝ ջերմեռանդութեամբ պաշտելով Աստուած գիշեր ու ցերեկ: Ես կ՚ամբաստանուիմ Հրեաներէն այս յոյսին համար, Ագրիպպա՛ս թագաւոր: 8 Ինչո՞ւ անհաւատալի կը թուի ձեզի՝ թէ Աստուած կը յարուցանէ մեռելները: 9 Ես ինքս ալ կը կարծէի թէ շատ բաներ պէտք էր ընել Յիսուս Նազովրեցիի անունին դէմ. 10 եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ, ու քահանայապետներէն իրաւասութիւն ստացած՝ բանտարկեցի սուրբերէն շատերը, եւ հաւանութիւն տուի անոնց մեռցուած ատենը: 11 Բոլոր ժողովարաններուն մէջ յաճախ պատժելով զանոնք՝ կը հարկադրէի որ հայհոյեն, եւ սաստիկ խելագարած անոնց դէմ՝ կը հալածէի զանոնք մինչեւ անգամ օտար քաղաքներու մէջ»: