Acts 25:1-3

Armenian(i) 1 Երբ Փեստոս հասաւ իր իշխանութեան գաւառը, երեք օր ետք բարձրացաւ Կեսարիայէն Երուսաղէմ: 2 Քահանայապետն ու Հրեաներուն գլխաւորներն ալ յայտնեցին անոր իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ, 3 եւ աղաչեցին իրեն ու շնորհք խնդրեցին անոր դէմ՝ որ Երուսաղէմ կանչէ զայն. մինչ իրենք դարան կը պատրաստէին՝ ճամբան սպաննելու համար զայն: