Luke 2:28-34

Armenian(i) 28 ինք ալ առաւ զայն իր գիրկը, օրհնեց Աստուած եւ ըսաւ. 29 «Հիմա, Տէ՛ր, արձակէ՛ ծառադ խաղաղութեամբ՝ քու խօսքիդ համաձայն. 30 որովհետեւ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ՝ 31 որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ, 32 լոյս մը՝ հեթանոսները լուսաւորելու, ու փառք՝ Իսրայէլի, քու ժողովուրդիդ»: 33 Յովսէփ եւ անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ՝ որ կը խօսուէին անոր մասին: 34 Սիմէոն օրհնեց զանոնք, եւ ըսաւ անոր մօր՝ Մարիամի. «Ահա՛ այս մանուկը սահմանուած է շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար՝ Իսրայէլի մէջ, եւ հակաճառութեան նշան մը ըլլալու համար.