Romans 13:1-3

Armenian(i) 1 Ամէն անձ թող հպատակի իր վրայ եղած իշխանութիւններուն. որովհետեւ չկայ իշխանութիւն մը՝ որ Աստուծմէ չըլլայ, եւ անոնք որ կան՝ կարգուած են Աստուծմէ: 2 Հետեւաբար ո՛վ որ կ՚ընդդիմանայ իշխանութեան, կը դիմադրէ Աստուծոյ կարգադրութեան. եւ անոնք որ կը դիմադրեն՝ իրենք զիրենք կը դատապարտեն՝՝: 3 Քանի որ իշխանները՝ բարի գործերու համար վախ չեն ազդեր, հապա՝ չար գործերու: Ուստի կ՚ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն. բարի՛ն գործէ, եւ գովեստ պիտի ընդունիս անկէ: