Armenian(i)
1 «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի տասը կոյսերու, որոնք՝ առնելով իրենց լապտերները՝ գացին դիմաւորելու փեսան: 2 Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար: 3 Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց ձէթ չառին իրենց հետ. 4 սակայն իմաստունները՝ ամաններով ձէթ ալ առին իրենց լապտերներուն հետ: 5 Երբ փեսան ուշացաւ, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան: 6 Կէս գիշերին գոչիւն մը եղաւ. “Ահա՛ փեսան կու գայ. գացէ՛ք դիմաւորելու զինք”: 7 Այն ատեն բոլոր կոյսերը ոտքի ելան եւ յարդարեցին իրենց լապտերները: 8 Յիմարները ըսին իմաստուններուն. “Տուէ՛ք մեզի ձեր ձէթէն, որովհետեւ մեր լապտերները կը մարին”: