Matthew 24:7-10

Armenian(i) 7 Որովհետեւ ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան դէմ. եւ տեղ-տեղ սովեր, ժանտախտներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան: 8 Սակայն ասոնք բոլորը ցաւերուն սկիզբն են: 9 Այն ատեն պիտի մատնեն ձեզ տառապանքներու, պիտի սպաննեն ձեզ, ու բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար: 10 Եւ այն ատեն շատե՜ր պիտի գայթակղին, պիտի մատնեն զիրար ու պիտի ատեն զիրար: