Luke 2:26-32

Armenian(i) 26 Ան պատգամ ստացած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէր՝ մինչեւ որ տեսնէր Տէրոջ Օծեալը: 27 Ան ալ՝ առաջնորդուելով Հոգիէն՝ եկաւ տաճարը. ու երբ ծնողները բերին Յիսուս մանուկը՝ որպէսզի Օրէնքին սովորութեան համաձայն կատարեն անոր համար, 28 ինք ալ առաւ զայն իր գիրկը, օրհնեց Աստուած եւ ըսաւ. 29 «Հիմա, Տէ՛ր, արձակէ՛ ծառադ խաղաղութեամբ՝ քու խօսքիդ համաձայն. 30 որովհետեւ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ՝ 31 որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ, 32 լոյս մը՝ հեթանոսները լուսաւորելու, ու փառք՝ Իսրայէլի, քու ժողովուրդիդ»: