Revelation 8:13-9:2

Armenian(i) 13 Տեսայ, ու լսեցի երկինքի մէջտեղէն թռչող հրեշտակ մը՝ որ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի բնակիչներուն՝ այն միւս փողի ձայներուն համար, որ երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»:9 1 Հինգերորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու տեսայ աստղ մը՝ որ երկինքէն ինկաւ երկրի վրայ: Անդունդի գուբին բանալին տրուեցաւ անոր. 2 ան ալ բացաւ անդունդին գուբը, եւ այդ գուբէն ծուխ բարձրացաւ՝ մեծ հնոցի մը ծուխին պէս: Արեւն ու օդը խաւարեցան գուբին ծուխէն: