Matthew 22:24-27

Armenian(i) 24 «Վարդապե՛տ, Մովսէս ըսաւ. “Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակի, անոր եղբայրը թող ամուսնանայ անոր կնոջ հետ, եւ զարմ հանէ իր եղբօր”: 25 Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային մեր քով: Առաջինը ամուսնացաւ ու վախճանեցաւ, եւ զարմ չունենալուն համար՝ իր կինը թողուց իր եղբօր: 26 Նմանապէս ալ երկրորդն ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը: 27 Ամենէն ետք կինն ալ մեռաւ: