Armenian(i)
10 ու ազատեց զայն իր բոլոր տառապանքներէն: Շնորհք եւ իմաստութիւն տուաւ անոր Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ. ան ալ կառավարիչ նշանակեց զայն Եգիպտոսի ու իր ամբողջ տան վրայ: 11 Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի ամբողջ երկրին մէջ սով եղաւ, ու մեծ տառապանք, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ: 12 Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ ճամբեց մեր հայրերը: 13 Երկրորդ անգամ՝ Յովսէփ ճանչցուց ինքզինք իր եղբայրներուն, եւ Յովսէփի ցեղը յայտնի եղաւ Փարաւոնի: 14 Յովսէփ մարդ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը՝ Յակոբը, եւ բոլոր ազգականները՝ եօթանասունհինգ անձ: 15 Յակոբ իջաւ Եգիպտոս, ուր վախճանեցան ինք ու մեր հայրերը, 16 եւ փոխադրուելով Սիւքէմ՝ դրուեցան այն գերեզմանին մէջ, որ Աբրահամ արծաթով գնած էր Սիւքէմի հօր՝ Եմովրի որդիներէն: 17 Երբ մօտեցաւ ժամանակը խոստումին՝ որուն համար Աստուած երդում ըրած էր Աբրահամի, ժողովուրդը աճեցաւ ու բազմացաւ Եգիպտոսի մէջ՝ 18 մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ չէր ճանչնար Յովսէփը: