Acts 13:34-39

Armenian(i) 34 Ան սա՛ կ՚ըսէ զինք մեռելներէն յարուցանելու մասին՝ որ անգա՛մ մըն ալ ապականութեան չվերադառնայ. “Ձեզի պիտի տամ Դաւիթի մնայուն կարեկցութիւնները”: 35 Այս մասին ուրիշ Սաղմոսի մը մէջ ալ կ՚ըսէ. “Պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ”: 36 Որովհետեւ Դաւիթ ննջեց՝ Աստուծոյ ծրագիրով սպասաւորելէ ետք իր սերունդին, դրուեցաւ իր հայրերուն քով եւ ապականութիւն տեսաւ: 37 Բայց ա՛ն՝ որ Աստուած յարուցանեց, ապականութիւն չտեսաւ: 38 Ուրեմն գիտցէ՛ք, մարդի՛կ եղբայրներ, թէ ասո՛ր միջոցով մեղքերու ներում կը հռչակուի ձեզի, 39 եւ թէ իրմո՛վ ամէն հաւատացեալ կ՚արդարանայ այն բոլոր բաներէն՝ որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքով: