Acts 10:45-11:18

Armenian(i) 45 Թլփատուածներէն եղող բոլոր հաւատացեալները, որ եկած էին Պետրոսի հետ, զմայլեցան որ հեթանոսներուն վրայ ալ թափուեցաւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը. 46 որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին ուրիշ լեզուներով եւ կը մեծարէին Աստուած: 47 Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել, որ ջուրով մկրտուին ասոնք՝ որոնք ստացան Սուրբ Հոգին մեզի պէս»: 48 Ու հրամայեց որ մկրտուին Տէրոջ անունով: Այն ատեն խնդրեցին իրմէ՝ որ հոն մնայ քանի մը օր:11 1 Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ ընդունած են Աստուծոյ խօսքը: 2 Երբ Պետրոս Երուսաղէմ բարձրացաւ, թլփատուածները կը վիճէին անոր հետ 3 ու կ՚ըսէին. «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»: 4 Պետրոս ալ սկսաւ դէպքը կարգով բացատրել անոնց՝ ըսելով. 5 «Ես կ՚աղօթէի Յոպպէ քաղաքը, երբ՝ վերացումի մէջ՝ տեսայ տեսիլք մը. անօթ մը՝ մեծ լաթի պէս, չորս ծայրերէն կախուած, իջաւ երկինքէն ու հասաւ մինչեւ ինծի: 6 Մինչ կը դիտէի՝ աչքերս սեւեռած անոր վրայ, տեսայ երկրի չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները: 7 Ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. “Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ եւ կե՛ր”: 8 Բայց ես ըսի. “Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ պիղծ կամ անմաքուր բան մը բնա՛ւ մտած չէ բերանս”: 9 Կրկին այդ ձայնը երկինքէն պատասխանեց ինծի. “Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր”: 10 Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, ու ամէն ինչ դարձեալ վեր քաշուեցաւ՝ դէպի երկինք: 11 Եւ ահա՛ անյապաղ երեք մարդիկ՝ Կեսարիայէն ղրկուած ինծի՝ եկան ու կեցան այն տան առջեւ, ուր հիւրընկալուած էի: 12 Հոգին ալ ըսաւ ինծի՝ որ երթամ անոնց հետ առանց տատամսելու: Այս վեց եղբայրներն ալ գացին ինծի հետ, ու մտանք այդ մարդուն տունը: 13 Ան ալ պատմեց մեզի թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսաւ հրեշտակ մը, որ կայնած էր եւ կ՚ըսէր իրեն. “Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է: 14 Ան խօսքեր պիտի ըսէ քեզի, որպէսզի փրկուիք՝ դուն եւ ամբողջ տունդ”: 15 Երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ: 16 Եւ յիշեցի Տէրոջ ըսած խօսքը. “Արդարեւ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով”: 17 Ուրեմն եթէ Աստուած տուաւ անոնց միեւնոյն պարգեւը՝ ինչպէս մեզի, երբ հաւատացին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ես ո՞վ էի՝ որ կարենայի արգիլել Աստուած»: 18 Այս բաները լսելով՝ հանդարտեցան, ու փառաբանեցին Աստուած՝ ըսելով. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներո՛ւն ալ ապաշխարութիւն շնորհեց՝ կեանքի համար»: