1 John 2:24-29

Armenian(i) 24 Ուրեմն ի՛նչ որ լսեցիք սկիզբէն՝ թող բնակի ձեր մէջ. եթէ ձեր մէջ բնակի ի՛նչ որ սկիզբէն լսեցիք, դո՛ւք ալ պիտի բնակիք Որդիին մէջ ու Հօրը մէջ: 25 Եւ սա՛ է այն խոստումը՝ որ ինք տուաւ ձեզի, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը: 26 Գրեցի ձեզի այս բաները՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար: 27 Այն օծութիւնը որ ստացաք իրմէ՝ կը բնակի ձեր մէջ. ուստի պէտք չկայ որ մէկը սորվեցնէ ձեզի: Իսկ քանի որ այդ նոյն օծութիւնը կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, ու ճշմարիտ է եւ ո՛չ թէ սուտ, ի՛ր մէջ բնակեցէք՝ ի՛նչպէս ան սորվեցուց ձեզի: 28 Ուրեմն հիմա, որդեակնե՛ր, բնակեցէ՛ք իր մէջ, որպէսզի երբ ինք երեւնայ՝ համարձակութիւն ունենանք, ու չամչնանք իրմէ իր գալուստին ատենը: 29 Եթէ գիտէք թէ ինք արդար է, կ՚ըմբռնէք թէ ո՛վ որ արդարութիւն կը գործէ՝ իրմէ ծնած է: