1 «Արդարեւ երկինքի թագաւորութիւնը նման է հողատիրոջ մը, որ առտուն կանուխ դուրս ելաւ՝ գործաւորներ վարձելու իր այգիին համար:2 Երբ համաձայնեցաւ գործաւորներուն հետ՝ օրը մէկ դահեկանի, ղրկեց զանոնք իր այգին:3 Երրորդ ժամուան՝՝ ատենները դուրս ելլելով՝ տեսաւ ուրիշներ, որոնք անգործ կայնած էին հրապարակը,4 ու ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք ալ գացէք իմ այգիս, եւ կու տամ ձեզի ինչ որ իրաւացի է»:5 Անոնք ալ գացին: Դարձեալ դուրս ելաւ վեցերորդ ժամուան եւ իններորդ ժամուան ատենները, ու նո՛յնը ըրաւ:6 Տասնմէկերորդ ժամուան ատենները դուրս ելաւ, ուրիշնե՛ր գտաւ՝ որոնք անգործ կայնած էին, եւ անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս ամբողջ օրը անգործ կայնած էք»:7 Ըսին իրեն. «Որովհետեւ ո՛չ մէկը վարձեց մեզ»: Ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք ալ գացէք այգին, ու պիտի ստանաք ինչ որ իրաւացի է»:8 Երբ իրիկուն եղաւ, այգիին տէրը ըսաւ իր տնտեսին. «Կանչէ՛ գործաւորները եւ տո՛ւր անոնց վարձքը՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»:9 Երբ եկան անոնք՝ որ տասնմէկերորդ ժամուան ատենները գացեր էին, ստացան մէկական դահեկան:10 Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի՛ պիտի ստանան. բայց իրենք ալ ստացան մէկական դահեկան:11 Երբ ստացան՝ տրտնջեցին հողատիրոջ դէմ եւ ըսին.12 «Այդ վերջինները մէ՛կ ժամ աշխատեցան, բայց զանոնք հաւասար ըրիր մեզի՝ որ կրեցինք օրուան ծանրութիւնն ու տաքութիւնը»:13 Ան ալ պատասխանեց անոնցմէ մէկուն. «Ընկե՛ր, ես չեմ անիրաւեր քեզ. միթէ դուն ինծի հետ չհամաձայնեցա՞ր մէկ դահեկանի.14 ա՛ռ քուկդ եւ գնա՛: Կ՚ուզեմ որ տամ այս վերջինին՝ քեզի տուածիս չափ.15 միթէ արտօնուած չէ՞ ինծի՝ ընել ի՛նչ որ ուզեմ իմ ունեցածիս: Միթէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարի եմ»:16 Այսպէս՝ յետինները պիտի ըլլան առաջին, եւ առաջինները՝ յետին. որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»:17 Երբ Յիսուս կը բարձրանար Երուսաղէմ, ճամբան իրեն հետ առաւ տասներկու աշակերտները՝ առանձին, եւ ըսաւ անոնց.18 «Ահա՛ կը բարձրանանք Երուսաղէմ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն եւ դպիրներուն, ու մահուան պիտի դատապարտեն զինք.19 հեթանոսներուն պիտի մատնեն զինք՝ որ ծաղրուի, խարազանուի եւ խաչուի. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:20 Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը եկաւ անոր իր որդիներուն հետ, կ՚երկրպագէր անոր ու բան մը կը խնդրէր անկէ:21 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ՚ուզես»: Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛, որ քու թագաւորութեանդ մէջ՝ այս երկու որդիներս բազմին, մէկը՝ աջ կողմդ, եւ միւսը՝ ձախ կողմդ»:22 Յիսուս պատասխանեց. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք: Կրնա՞ք խմել այն բաժակը՝ որ ես պիտի խմեմ, կամ մկրտուիլ այն մկրտութեամբ՝ որով ես պիտի մկրտուիմ»: Ըսին իրեն. «Կրնա՛նք»:23 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արդարեւ պիտի խմէ՛ք իմ բաժակս, ու պիտի մկրտուի՛ք այն մկրտութեամբ՝ որով ես մկրտուելու եմ. բայց իմ աջ կամ ձախ կողմս բազմիլը՝ իմս չէ տալը, հապա պիտի տրուի անո՛նց՝ որոնց համար պատրաստուած է իմ Հօրմէս»:24 Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ ընդվզեցան այդ երկու եղբայրներուն դէմ:25 Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Գիտէք թէ հեթանոսներուն իշխաննե՛րը կը տիրապետեն անոնց վրայ, ու մեծամեծնե՛րը կ՚իշխեն անոնց վրայ:26 Բայց այդպէս թող չըլլայ ձեր մէջ. հապա ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ մեծ ըլլալ՝ անիկա ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ,27 ու ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ գլխաւոր ըլլալ՝ անիկա ձեր ստրո՛ւկը թող ըլլայ.28 ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»:29 Երբ անոնք դուրս ելան Երիքովէն, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ անոր:30 Եւ ահա՛ երկու կոյրեր նստած էին ճամբային եզերքը. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ՚անցնի, աղաղակեցին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»:31 Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք՝ որ լռեն, բայց անոնք ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»:32 Յիսուս կանգ առնելով՝ կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի»:33 Ըսին անոր. «Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին»:34 Յիսուս գթալով՝ դպաւ անոնց աչքերուն. իսկոյն անոնց աչքերը բացուեցան, ու հետեւեցան անոր:
Matthew 20 Cross References - Armenian
Matthew 2:11
11 Եւ տուն մտնելով՝ տեսան մանուկը, իր մօր՝ Մարիամի հետ. իյնալով երկրպագեցին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը՝ մատուցանեցին անոր ընծաներ.- ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:
Matthew 3:2
2 եւ ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»:
Matthew 4:21
21 Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսն ու անոր եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք նաւուն մէջ կը կարկտնէին իրենց ուռկանները, իրենց հօր՝ Զեբեդէոսի հետ: Կանչեց զանոնք.
Matthew 6:2
2 Ուրեմն երբ ողորմութիւն ընես, փող մի՛ հնչեցներ առջեւդ, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ, որպէսզի փառաւորուին մարդոցմէ: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
Matthew 6:6
6 Իսկ դո՛ւն՝ երբ աղօթես՝ մտի՛ր ներքին սենեակդ, գոցէ՛ դուռդ, եւ աղօթէ՛ Հօրդ՝ որ գաղտնի տեղ կը գտնուի. ու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի:
Matthew 6:16
16 «Երբ ծոմ պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք՝ կեղծաւորներուն պէս. որովհետեւ իրենց երեսները կը խաթարեն, որպէսզի երեւնան մարդոց՝ թէ ծոմ կը պահեն: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
Matthew 6:23
23 Բայց եթէ աչքդ չար է, ամբողջ մարմինդ խաւարամած կ՚ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ա՛լ ո՜րքան է այդ խաւարը»:
Matthew 7:7-8
Matthew 7:13
13 «Նե՛ղ դռնէն ներս մտէք. որովհետեւ լայն է այն դուռը, եւ ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի, ու շատ են անոնք՝ որ կը մտնեն անկէ.
Matthew 8:2
2 Եւ ահա՛ բորոտ մը եկաւ ու երկրպագեց անոր՝ ըսելով. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնա՛ս մաքրել զիս»:
Matthew 8:11-12
Matthew 8:15
15 Բռնեց անոր ձեռքէն, ու տենդը թողուց զայն: Ան ալ ոտքի ելաւ եւ կը սպասարկէր անոնց:
Matthew 8:20
20 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին, ու երկինքի թռչունները՝ բոյներ, բայց մարդու Որդին տե՛ղ մը չունի, ուր հանգչեցնէ իր գլուխը»:
Matthew 9:9
9 Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ մարդ մը, Մատթէոս կոչուած, որ նստած էր մաքս ընդունելու տեղը, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ան ալ կանգնեցաւ ու հետեւեցաւ անոր:
Matthew 9:27-31
27 Երբ Յիսուս յառաջ անցաւ անկէ, երկու կոյրեր հետեւեցան անոր՝ աղաղակելով. «Ողորմէ՜ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի».28 Երբ տուն հասաւ, կոյրերը եկան իրեն: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ ընել այս բանը»: Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»:29 Այն ատեն դպաւ անոնց աչքերուն եւ ըսաւ. «Թող ըլլայ ձեզի՝ ձեր հաւատքին համեմատ»:
Matthew 9:29
Matthew 9:36
Matthew 11:16-17
Matthew 11:25
25 Այդ ատեն Յիսուս ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, ո՛վ Հայր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն:
Matthew 11:29
29 Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ ու սորվեցէ՛ք ինձմէ՝ որ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, ու հանգստութիւն պիտի գտնէք ձեր անձերուն.
Matthew 12:22-23
Matthew 12:40
40 Որովհետեւ ինչպէս Յովնան մնաց կէտ ձուկին փորին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր, այնպէս մարդու Որդին պիտի մնայ երկրի սիրտին մէջ՝ երեք օր եւ երեք գիշեր:
Matthew 13:11
11 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ:
Matthew 13:24
24 Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց ու ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ լաւ սերմ ցանեց:
Matthew 13:31
31 Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց եւ ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է մանանեխի հատիկի մը, որ մարդ մը առաւ ու ցանեց իր արտին մէջ:
Matthew 13:33
33 Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է խմորին, որ կին մը առաւ ու պահեց երեք գրիւ ալիւրի մէջ՝ մինչեւ որ ամբողջը խմորուեցաւ»:
Matthew 13:39-40
Matthew 13:44-45
Matthew 13:47
47 «Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է ծովը նետուած ուռկանի մը, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ:
Matthew 14:14
14 Երբ դուրս ելաւ, տեսնելով մեծ բազմութիւն մը՝ գթաց անոնց վրայ ու բուժեց անոնց հիւանդները:
Matthew 14:33
33 Անոնք որ նաւուն մէջ էին՝ եկան, երկրպագեցին անոր եւ ըսին. «Ճշմա՛րտապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես»:
Matthew 15:22
Matthew 15:25
25 Բայց անիկա եկաւ, երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի»:
Matthew 15:32
32 Յիսուս՝ քովը կանչելով իր աշակերտները՝ ըսաւ. «Կը գթամ այդ բազմութեան վրայ, որովհետեւ արդէն երեք օրէ ի վեր քովս են, եւ ուտելիք ոչի՛նչ ունին: Չեմ ուզեր անօթի արձակել զանոնք, որպէսզի ճամբան չպարտասին»:
Matthew 16:13
13 Երբ Յիսուս կ՚երթար Փիլիպպոսի Կեսարիային երկրամասը՝ հարցուց իր աշակերտներուն. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես՝ մարդու Որդին»:
Matthew 16:21
21 Այդ ատենէն ետք Յիսուս ցոյց տուաւ իր աշակերտներուն թէ պէտք էր որ երթար Երուսաղէմ, շատ չարչարանքներ կրէր երէցներէն, քահանայապետներէն եւ դպիրներէն, սպաննուէր ու յարութիւն առնէր երրորդ օրը:
Matthew 17:22-23
Matthew 18:1
1 Նոյն ժամուն աշակերտները եկան Յիսուսի քով ու ըսին. «Ո՞վ է մեծագոյնը երկինքի թագաւորութեան մէջ»:
Matthew 18:3-4
Matthew 18:4
4 Ուրեմն ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ այս փոքր մանուկին պէս, անիկա՛ է մեծագոյնը երկինքի թագաւորութեան մէջ.
Matthew 18:28
28 Նոյն ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը՝ որ հարիւր դահեկան կը պարտէր իրեն, ու բռնելով զայն՝ կը խեղդէր եւ կ՚ըսէր. “Վճարէ՛ ինծի ունեցած պարտքդ”:
Matthew 19:13
13 Այն ատեն մանուկներ բերուեցան իրեն, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ. իսկ աշակերտները կը յանդիմանէին զանոնք:
Matthew 19:28
28 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք՝ որ հետեւեցաք ինծի, միւս գալուստին՝՝, երբ մարդու Որդին բազմի իր փառքի գահին վրայ, դո՛ւք ալ պիտի բազմիք տասներկու գահերու վրայ՝ դատելու Իսրայէլի տասներկու տոհմերը”:
Matthew 19:30
30 Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին, ու յետիններ՝ առաջին»:
Matthew 20:2
2 Երբ համաձայնեցաւ գործաւորներուն հետ՝ օրը մէկ դահեկանի, ղրկեց զանոնք իր այգին:
Matthew 20:6-7
Matthew 20:13
13 Ան ալ պատասխանեց անոնցմէ մէկուն. «Ընկե՛ր, ես չեմ անիրաւեր քեզ. միթէ դուն ինծի հետ չհամաձայնեցա՞ր մէկ դահեկանի.
Matthew 20:21
21 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ՚ուզես»: Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛, որ քու թագաւորութեանդ մէջ՝ այս երկու որդիներս բազմին, մէկը՝ աջ կողմդ, եւ միւսը՝ ձախ կողմդ»:
Matthew 20:25-28
25 Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Գիտէք թէ հեթանոսներուն իշխաննե՛րը կը տիրապետեն անոնց վրայ, ու մեծամեծնե՛րը կ՚իշխեն անոնց վրայ:26 Բայց այդպէս թող չըլլայ ձեր մէջ. հապա ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ մեծ ըլլալ՝ անիկա ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ,27 ու ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ գլխաւոր ըլլալ՝ անիկա ձեր ստրո՛ւկը թող ըլլայ.28 ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»:
Matthew 20:32
32 Յիսուս կանգ առնելով՝ կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի»:
Matthew 21:9
9 Եւ առջեւէն գացող ու իրեն հետեւող բազմութիւնները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին: Օրհնեա՜լ է ան՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով: Ովսաննա՜ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:
Matthew 21:14
14 Կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն՝ տաճարին մէջ, եւ բուժեց զանոնք:
Matthew 21:23-31
23 Երբ ան եկաւ տաճարը, քահանայապետներն ու ժողովուրդին երէցները մօտեցան անոր՝ մինչ կը սորվեցնէր, եւ ըսին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես այդ բաները. ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»:24 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես ալ ձեզի՛ հարցնեմ բան մը. եթէ ըսէք ինծի, ես ալ պիտի ըսեմ ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները:25 “Յովհաննէսի մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկինքէ՞ն՝ թէ մարդոցմէ”»: Անոնք կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի ըսէ մեզի. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”:26 Իսկ եթէ պատասխանենք. “Մարդոցմէ”, բազմութենէն կը վախնանք, որովհետեւ բոլորն ալ մարգարէ կը համարեն Յովհաննէսը»:27 Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. «Չենք գիտեր»: Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ չեմ ըսեր ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները»:28 «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. մարդ մը ունէր երկու զաւակ: Առաջինին ըսաւ. “Որդեա՛կ, գնա՛, գործէ՛ այսօր այգիիս մէջ”:
Matthew 21:28-31
28 «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. մարդ մը ունէր երկու զաւակ: Առաջինին ըսաւ. “Որդեա՛կ, գնա՛, գործէ՛ այսօր այգիիս մէջ”:29 Ան ալ պատասխանեց. “Չեմ ուզեր երթալ”: Բայց յետոյ զղջաց ու գնաց:30 Միւսին ալ գնաց եւ նոյնը ըսաւ: Ան ալ պատասխանեց. “Կ՚երթամ, տէ՛ր”, սակայն չգնաց:31 Այս երկուքէն ո՞վ գործադրեց իր հօր կամքը»: Ըսին անոր. «Առաջի՛նը»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:
Matthew 21:31
31 Այս երկուքէն ո՞վ գործադրեց իր հօր կամքը»: Ըսին անոր. «Առաջի՛նը»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:
Matthew 21:33-43
33 «Լսեցէ՛ք ուրիշ առակ մըն ալ: Հողատէր մը կար՝ որ այգի մը տնկեց, ցանկով պատեց զայն, հնձան փորեց անոր մէջ, աշտարակ կառուցանեց, մշակներու յանձնեց զայն եւ ճամբորդեց:34 Երբ պտուղի ատենը մօտեցաւ՝ իր ծառաները ղրկեց մշակներուն, որպէսզի ստանան անոր պտուղները:35 Մշակները բռնեցին անոր ծառաները, մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին:36 Դարձեալ ծառաներ ղրկեց՝ առաջիններէն շատ, եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին:37 Ամենէն ետք իր որդին ղրկեց անոնց՝ ըսելով. “Թերեւս պատկառին որդիէս”:38 Բայց մշակները՝ երբ տեսան որդին՝ ըսին իրարու. “Ա՛յս է ժառանգորդը. եկէ՛ք սպաննենք զայն եւ տիրանանք անոր ժառանգութեան”:39 Ու բռնեցին զայն, այգիէն դուրս հանեցին եւ սպաննեցին:40 Ուրեմն երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այդ մշակներուն»:41 Ըսին իրեն. «Չարաչար պիտի կորսնցնէ այդ չարերը, եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ատենին պիտի տան իրեն»:42 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր Գիրքին մէջ. “Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը: Ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ, եւ սքանչելի է մեր աչքերուն”:43 Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի առնուի ձեզմէ, ու պիտի տրուի այնպիսի ազգի մը՝ որ անոր պտուղները բերէ”:
Matthew 22:2
2 «Երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը՝ որ հարսանիք ըրաւ իր որդիին, ու ղրկեց իր ծառաները՝ կանչելու հարսանիքին հրաւիրեալները.
Matthew 22:9-10
Matthew 22:12
12 Ըսաւ անոր. “Ընկե՛ր, ի՞նչպէս մտար հոս՝ առանց հարսանիքի հագուստի”: Ան ալ պապանձեցաւ:
Matthew 22:14
14 Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»:
Matthew 22:19
19 Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դրամը»: Անոնք դահեկան մը բերին իրեն:
Matthew 22:42
42 «Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է»:
Matthew 23:8-12
8 Բայց դուք մի՛ կոչուիք “ռաբբի”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս,9 եւ դուք բոլորդ եղբայր էք: Ու երկրի վրայ ո՛չ մէկը կոչեցէք ձեր “հայրը”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է:10 Եւ դուք մի՛ կոչուիք “ուսուցիչ”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս:11 Ու ձեր մէջէն մեծագոյնը՝ ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ:12 Ո՛վ որ բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:
Matthew 23:37
37 «Ո՛վ Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը սպաննէիր մարգարէները ու կը քարկոծէիր քեզի ղրկուածները. քանի՜ անգամ ուզեցի հաւաքել զաւակներդ, ինչպէս հաւը թեւերուն տակ կը հաւաքէ իր ձագերը, բայց դուք չուզեցիք:
Matthew 25:1
1 «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի տասը կոյսերու, որոնք՝ առնելով իրենց լապտերները՝ գացին դիմաւորելու փեսան:
Matthew 25:14
14 «Արդարեւ երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի ճամբորդող մարդու մը, որ կանչեց իր ծառաները, եւ յանձնեց անոնց իր ինչքը.
Matthew 25:19
19 Շատ ժամանակ ետք՝ այդ ծառաներուն տէրը եկաւ ու հաշիւ ուզեց անոնցմէ:
Matthew 25:31
31 «Երբ մարդու Որդին գայ իր փառքով՝ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն պիտի բազմի իր փառքի գահին վրայ:
Matthew 25:34
34 Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ իր աջ կողմը եղողներուն. “Եկէ՛ք իմ Հօրս օրհնածները, ժառանգեցէ՛ք այն թագաւորութիւնը, որ պատրաստուած է ձեզի համար՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր:
Matthew 25:44
44 Այն ատեն անոնք ալ պիտի պատասխանեն. “Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած, կամ ծարաւցած, կամ օտարական, կամ մերկ, կամ հիւանդ, կամ բանտի մէջ, եւ չսպասարկեցինք քեզի”:
Matthew 26:2
2 «Գիտէք թէ երկու օր ետք՝ Զատիկ պիտի ըլլայ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի՝ խաչուելու համար»:
Matthew 26:28
28 «Բոլո՛րդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. որովհետեւ ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար:
Matthew 26:35
35 Պետրոս ըսաւ անոր. «Նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ քեզի հետ մեռնիմ՝ բնա՛ւ պիտի չուրանամ քեզ»: Այսպէս կ՚ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները:
Matthew 26:39
39 Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ ինկաւ իր երեսին վրայ, եւ աղօթեց՝ ըսելով. «Իմ հա՜յրս, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող անցնի ինձմէ. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ե՛ս կ՚ուզեմ, հապա՝ ինչպէս դո՛ւն կ՚ուզես»:
Matthew 26:42
42 Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթեց՝ ըսելով. «Իմ հա՜յրս, եթէ կարելի չէ որ այս բաժակը անցնի ինձմէ՝ առանց խմելու անկէ, քու կամքդ թող ըլլայ»:
Matthew 26:50
50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ըրէ՛ ի՛նչ բանի համար որ եկար»: Այն ատեն մօտեցան, ձեռք բարձրացուցին Յիսուսի վրայ ու բռնեցին զայն:
Matthew 26:56
56 Բայց այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի մարգարէներուն գրածները իրագործուին»: Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զայն եւ փախան:
Matthew 26:66
Matthew 27:1
1 Երբ առտու եղաւ, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին երէցները խորհրդակցեցան Յիսուսի դէմ՝ որ մեռցնեն զայն:2 Երբ կապեցին զայն, տարին եւ մատնեցին Պոնտացի Պիղատոս կառավարիչին:3 Այն ատեն Յուդա, որ մատնեց զայն, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ՝ զղջաց, վերադարձուց երեսուն կտոր արծաթը քահանայապետներուն ու երէցներուն,4 եւ ըսաւ. «Մեղանչեցի՝ անմեղ արիւն մատնելով»: Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դո՛ւն անդրադարձիր»:5 Ան ալ ձգեց արծաթը տաճարին մէջ, դուրս ելաւ, ու գնաց՝ խեղդեց ինքզինք:6 Քահանայապետներն ալ առնելով արծաթը՝ ըսին. «Արտօնուած չէ դնել ատիկա կորբանին մէջ՝՝, քանի որ արիւնի գին է»:7 Եւ խորհրդակցեցան, ու գնեցին անով բրուտին արտը՝ օտարականներու գերեզմանատուն ըլլալու համար:8 Ուստի այդ արտը կոչուեցաւ «Արիւնի արտ» մինչեւ այսօր:9 Այն ատեն իրագործուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն կտոր արծաթը, գինը անոր՝ որ գնահատուած էր, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գնահատեցին,10 ու տուին զայն բրուտին արտին, ինչպէս Տէրը հրամայեց ինծի»:
Matthew 27:27-31
27 Այն ատեն՝ կառավարիչին զինուորները առին Յիսուսը պալատէն ներս, ու զինուորներուն ամբողջ գունդը հաւաքեցին անոր շուրջ:28 Մերկացնելով զայն՝ հագցուցին անոր որդան կարմիր վերարկու մը,29 եւ հիւսելով փուշէ պսակ մը՝ դրին անոր գլուխը, ու եղէգ մը՝ անոր աջ ձեռքը. եւ ծնրադրելով անոր առջեւ՝ կը ծաղրէին զայն ու կ՚ըսէին. «Ողջո՜յն, Հրեաներո՛ւ թագաւոր»:30 Եւ թքնելով անոր վրայ՝ կ՚առնէին եղէգը ու կը զարնէին անոր գլուխին:31 Երբ ծաղրեցին զայն, հանեցին վրայէն վերարկուն, հագցուցին անոր իր հանդերձները, ու տարին զայն՝ որպէսզի խաչեն:
Matthew 27:45
45 Վեցերորդ ժամէն՝՝ մինչեւ իններորդ ժամը՝ խաւար եղաւ ամբողջ երկրին վրայ:
Matthew 27:55
Matthew 28:17
17 Երբ տեսան զայն՝ երկրպագեցին անոր. բայց ոմանք կասկածեցան:
Mark 6:22
22 Հերովդիայի աղջիկը՝ հանդէսին սրահը մտնելով՝ պարեց, ու հաճեցուց Հերովդէսը եւ իրեն հետ սեղան նստողները: Թագաւորը ըսաւ աղջիկին. «Խնդրէ՛ ինձմէ ի՛նչ որ կ՚ուզես, ու պիտի տամ քեզի»:
Mark 7:22
22 գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, ցոփութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անմտութիւն:
Mark 7:33
33 Բազմութենէն մէկդի առնելով զայն՝ իր մատները մխեց անոր ականջներուն մէջ ու թքնեց, եւ դպաւ անոր լեզուին.
Mark 9:33-35
Mark 9:35-35
35 Եւ առաւ մանուկ մը, կայնեցուց անոնց մէջտեղ, ապա իր գիրկը առնելով զայն՝ ըսաւ անոնց.
Mark 10:31
31 Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին, եւ յետիններ՝ առաջին»:32 Երբ անոնք դէպի Երուսաղէմ բարձրացող ճամբան էին, Յիսուս անոնց առջեւէն կ՚երթար: Անոնք այլայլած էին ու հետեւելով՝ կը վախնային: Դարձեալ քովը առնելով տասներկուքը, սկսաւ ըսել անոնց՝ ի՛նչ որ պիտի պատահէր իրեն.33 «Ահա՛ Երուսաղէմ կը բարձրանանք, եւ մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն. մահուան պիտի դատապարտեն զայն, հեթանոսներուն պիտի մատնեն զայն,34 պիտի ծաղրեն ու խարազանեն զայն, պիտի թքնեն անոր վրայ եւ սպաննեն զայն. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:35 Ապա Յակոբոս ու Յովհաննէս՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ գացին անոր քով, եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, կ՚ուզենք որ ի՛նչ որ խնդրենք՝ ընես մեզի համար»:36 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ՚ուզէք՝ որ ընեմ ձեզի»:
Mark 10:36-37
Mark 10:37-37
Mark 10:38-39
Mark 10:39-39
Mark 10:40
Mark 10:41
Mark 10:42
Mark 10:43
Mark 10:45
Mark 10:46
46 Յետոյ եկան Երիքով: Երբ դուրս կ՚ելլէր Երիքովէն՝ աշակերտներով եւ մեծ բազմութեամբ, Տիմէոսի որդին՝ կոյր Բարտիմէոս՝ նստած էր ճամբային եզերքը ու կը մուրար:47 Երբ լսեց թէ Յիսուս Նազովրեցին է, սկսաւ աղաղակել. «Յիսո՛ւս, Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՜ ինծի»:48 Շատեր կը հրահանգէին անոր՝ որ լռէ: Բայց ան ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէր. «Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՜ ինծի»:49 Յիսուս կանգ առնելով՝ ըսաւ որ կանչեն զայն: Կանչեցին կոյրը եւ ըսին անոր. «Քաջալերուէ՛, ոտքի՛ ելիր, քե՛զ կը կանչէ»:50 Ան ալ իր հանդերձը նետելով՝ կանգնեցաւ ու եկաւ Յիսուսի:51 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ի՞նչ կ՚ուզես՝ որ ընեմ քեզի»: Կոյրը ըսաւ. «Ռաբբունի՛, թող աչքերս բացուին՝՝»:
Mark 10:51-52
Mark 13:34
34 Ինչպէս ճամբորդող մարդ մը կը թողու իր տունը, իրաւասութիւն կու տայ իր ծառաներուն, իւրաքանչիւրին՝ իր գործը, ու դռնապանին կը հրամայէ որ արթուն կենայ:
Mark 14:24
24 Ըսաւ անոնց. «Ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի շատերո՜ւ համար:
Mark 14:36
36 Ան ըսաւ. «Աբբա՛, Հա՛յր, ամէն բան կարելի է քեզի. հեռացո՛ւր այս բաժակը ինձմէ: Բայց ո՛չ թէ ինչպէս ե՛ս կ՚ուզեմ, հապա՝ ինչպէս դո՛ւն կ՚ուզես»:
Mark 14:64-65
Mark 14:65
65 Ոմանք սկսան թքնել անոր վրայ, ծածկել անոր երեսը, կռփահարել զայն եւ ըսել անոր. «Մարգարէացի՛ր»: Իսկ սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր:
Mark 15:1
1 Առտուն՝ իսկոյն քահանայապետները, երէցներուն ու դպիրներուն հետ, նաեւ ամբողջ ատեանը՝ խորհրդակցեցան, կապեցին Յիսուսը ու տարին մատնեցին Պիղատոսի:
Mark 15:16-20
16 Զինուորները ներս տարին զայն՝ գաւիթը, այսինքն՝ կառավարիչին պալատը, եւ հաւաքեցին ամբողջ գունդը:17 Ծիրանի հագցուցին անոր, ու հիւսելով փուշէ պսակ մը՝ դրին անոր գլուխը.18 եւ սկսան բարեւել զայն ու ըսել. «Ողջո՜յն, Հրեաներո՛ւ թագաւոր»:19 Եղէգով կը զարնէին անոր գլուխին, կը թքնէին անոր վրայ, եւ ծնրադրելով՝ կ՚երկրպագէին անոր:20 Երբ ծաղրեցին զայն, հանեցին վրայէն ծիրանին, հագցուցին անոր իր հանդերձները, ու դուրս տարին զայն՝ որպէսզի խաչեն:
Mark 15:25
25 Երրորդ ժամն՝՝ էր՝ երբ խաչեցին զայն:
Mark 15:29-31
Mark 15:33-34
Mark 15:40
40 Կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին: Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, Կրտսեր Յակոբոսի ու Յովսէսի մայրը՝ Մարիամ, եւ Սողովմէ,
Mark 16:19
19 Այսպէս՝ անոնց հետ խօսելէն ետք՝ Տէրը համբարձաւ երկինք, ու բազմեցաւ Աստուծոյ աջ կողմը.
Luke 1:15
15 որովհետեւ Տէրոջ առջեւ մեծ պիտի ըլլայ: Ո՛չ գինի պիտի խմէ, ո՛չ ալ օղի, ու դեռ իր մօր որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի,
Luke 4:18
18 «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
Luke 5:30
30 Անոնց դպիրներն ու Փարիսեցիները կը տրտնջէին անոր աշակերտներուն դէմ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ կ՚ուտէք ու կը խմէք մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»:
Luke 7:13
13 Տէրը տեսնելով զայն՝ գթաց անոր վրայ եւ ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»:
Luke 7:21
21 Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց ախտերէն, տանջանքներէն եւ չար ոգիներէն, ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց:
Luke 7:47
47 Ուստի կը յայտարարեմ քեզի. “Ասոր բազմաթիւ մեղքերը ներուած են, որովհետեւ շատ սիրեց. բայց ա՛ն՝ որուն քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ”.
Luke 8:3
3 Յովհաննա, Հերովդէսի տան վերակացուին՝ Քուզայի կինը, Շուշան ու շատ ուրիշներ, որոնք կը սպասարկէին անոր իրենց ինչքով:
Luke 10:7
7 Մնացէ՛ք այդ տան մէջ, եւ կերէ՛ք ու խմեցէ՛ք անոնց քով, որովհետեւ գործաւորը արժանի է իր վարձքին. մի՛ երթաք տունէ տուն:
Luke 10:35
35 Հետեւեալ օրը՝ երբ կը մեկնէր անկէ, հանեց երկու դահեկան, տուաւ պանդոկապետին եւ ըսաւ անոր. «Հո՛գ տար ատոր, ու ի՛նչ որ աւելի ծախսես՝ պիտի վճարեմ քեզի երբ վերադառնամ»:
Luke 11:8-10
8 կը յայտարարեմ ձեզի. “Թէեւ բարեկամութեան համար ոտքի չելլէ՝ անոր տալու, անոր պատճառած տաղտուկին՝՝ համար պիտի կանգնի ու պէտք եղածը տայ անոր”:9 Ես ալ կը յայտարարեմ ձեզի. “Խնդրեցէ՛ք՝ եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք՝ ու պիտի գտնէք. դուռը բախեցէ՛ք՝ եւ պիտի բացուի ձեզի:10 Որովհետեւ ո՛վ որ խնդրէ՝ կը ստանայ, ո՛վ որ փնտռէ՝ կը գտնէ, եւ ո՛վ որ դուռը բախէ՝ պիտի բացուի անոր:
Luke 12:42
42 Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը, որ տէրը պիտի նշանակէ իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին տայ անոնց ուտելիքը:
Luke 12:50
50 Բայց մկրտութիւնո՛վ մը պիտի մկրտուիմ, եւ ի՜նչպէս կը կսկծիմ՝ մինչեւ որ կատարուի:
Luke 12:55
55 Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ՚ըսէք. “Տաք պիտի ըլլայ”, եւ այդպէս կ՚ըլլայ:
Luke 13:28-30
28 Հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում , երբ տեսնէք Աբրահամը, Իսահակը, Յակոբը եւ բոլոր մարգարէները՝ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ, իսկ դուք՝ դուրս հանուած:29 Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն եւ արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն, եւ պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ:30 Ու ահա՛ յետիններ կան՝ որոնք պիտի ըլլան առաջին, եւ առաջիններ՝ որոնք պիտի ըլլան յետին»:
Luke 14:7-11
7 Առակ մըն ալ ըսաւ հրաւիրեալներուն, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս կ՚ընտրէին առաջին բազմոցները: Ըսաւ անոնց.8 «Երբ մարդէ մը հրաւիրուիս հարսանիքի, մի՛ նստիր առաջին բազմոցին վրայ. որպէսզի եթէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկը հրաւիրուած ըլլայ,9 ան՝ որ քեզ ու զայն հրաւիրեց, չգայ եւ չըսէ քեզի. “Տե՛ղ տուր ասոր”. ու անկէ ետք՝ սկսիս ամչնալով գրաւել յետին տեղը:10 Հապա երբ հրաւիրուիս՝ գնա՛ եւ նստէ՛ յետին տեղը. որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ՝ ըսէ քեզի. “Բարեկա՛մ, վե՛ր հրամմէ”. այն ատեն փառք կ՚ունենաս քեզի հետ սեղան նստողներուն առջեւ:11 Որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:
Luke 14:21-23
21 Ծառան եկաւ ու պատմեց իր տիրոջ այս բաները: Այդ ատեն տանուտէրը բարկացաւ եւ ըսաւ իր ծառային. “Շուտո՛վ դուրս ելիր՝ դէպի քաղաքին հրապարակներն ու փողոցները, եւ հո՛ս բեր աղքատները, պակասաւորները, կաղերն ու կոյրերը”:22 Ծառան ալ ըսաւ. “Տէ՛ր, կատարուեցաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ”:23 Տէրը ըսաւ ծառային. “Դո՛ւրս ելիր դէպի ճամբաներուն գլուխներն ու ցանկապատերը, եւ հարկադրէ՛ գտածներդ՝ որ հոս մտնեն, որպէսզի տունս լեցուի”:24 Որովհետեւ, կ՚ըսեմ ձեզի, այդ հրաւիրուած մարդոցմէն ո՛չ մէկը պիտի ճաշակէ իմ ընթրիքէս»:
Luke 15:2
2 Իսկ Փարիսեցիները եւ դպիրները կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Ասիկա կ՚ընդունի մեղաւորները եւ կ՚ուտէ անոնց հետ»:
Luke 15:7
7 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ա՛յսպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէ՛կ մեղաւորի համար՝ որ կ՚ապաշխարէ, քան իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»:
Luke 15:28-30
28 Իսկ ինք բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել. ուստի իր հայրը դուրս ելլելով՝ կ՚աղաչէր անոր:29 Ան ալ պատասխանեց իր հօր. “Ահա՛ այսչափ տարի է՝ որ կը ծառայեմ քեզի, ու բնա՛ւ քու պատուիրանդ զանց չըրի. սակայն երբե՛ք ուլ մը չտուիր ինծի՝ որ զուարճանայի բարեկամներուս հետ:30 Բայց երբ եկաւ այդ որդիդ՝ որ լափեց քու ունեցածդ պոռնիկներու հետ, մորթեցիր անոր պարարտ զուարակը”:31 Ան ալ ըսաւ անոր. “Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս քո՛ւկդ է:
Luke 16:1-2
Luke 16:25
25 Աբրահամ ըսաւ. “Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ դուն կեանքիդ ընթացքին ստացար բարիքներդ, նմանապէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա ան (հոս) կը մխիթարուի, ու դուն կը տանջուիս:
Luke 17:17-18
Luke 17:20-21
Luke 18:1-8
1 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց, որ գիտնան թէ պէտք է ամէ՛ն ատեն աղօթել՝ առանց ձանձրանալու:2 Ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդ չէր յարգեր:3 Նոյն քաղաքին մէջ այրի մըն ալ կար, որ կու գար անոր եւ կ՚ըսէր. “Պաշտպանէ՛ իմ իրաւունքս՝ ոսոխիս դէմ”:4 Ան ժամանակ մը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց յետոյ ըսաւ ինքնիրեն. “Թէպէտ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդ չեմ յարգեր,5 գո՛նէ պաշտպանեմ այս այրիին իրաւունքը՝ զիս անհանգստացնելուն համար, որպէսզի չգայ ամէն ատեն թախանձէ ինծի”»:6 Եւ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը:7 Հապա Աստուած պիտի չպաշտպանէ՞ իր ընտրեալներուն իրաւունքը, որոնք կը գոչեն իրեն ցերեկ ու գիշեր, թէեւ համբերատար ըլլայ անոնց հանդէպ:8 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ շուտո՛վ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը. բայց երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»:
Luke 18:11-12
Luke 18:14
14 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:
Luke 18:31-34
31 Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա՛ մենք Երուսաղէմ կը բարձրանանք, ու մարգարէներուն միջոցով մարդու Որդիին մասին բոլոր գրուածները պիտի կատարուին:32 Որովհետեւ հեթանոսներուն պիտի մատնուի եւ պիտի ծաղրուի, պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ,33 պիտի խարազանեն եւ սպաննեն զայն. ու յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:34 Բայց անոնք այս բաներէն ո՛չ մէկը հասկցան. այս խօսքը ծածկուած էր անոնցմէ, եւ չէին հասկնար ըսած բաները:35 Երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը նստած էր ճամբային եզերքը՝ մուրալու:36 Երբ լսեց բազմութեան անցնիլը, հարցափորձեց թէ ի՛նչ էր այդ:37 Լուր տուին իրեն թէ Յիսուս Նազովրեցին կ՚անցնի:38 Ան ալ գոչեց. «Յիսո՛ւս, Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՜ ինծի»:39 Անոնք որ առջեւէն կ՚երթային՝ կը յանդիմանէին զայն, որպէսզի լռէ: Բայց ան ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէր. «Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՜ ինծի»:
Luke 18:39
Luke 18:41-43
Luke 18:43
43 Անմի՛ջապէս իր աչքերը բացուեցան, եւ կը հետեւէր անոր՝ փառաբանելով Աստուած: Ամբողջ ժողովուրդն ալ՝ երբ տեսաւ՝ գովաբանեց Աստուած:
Luke 19:7-10
7 Երբ բոլորն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Մեղաւոր մարդու քով գնաց՝ իջեւանելու»:
Luke 19:7
7 Երբ բոլորն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Մեղաւոր մարդու քով գնաց՝ իջեւանելու»:8 Իսկ Զաքէոս կայնեցաւ եւ ըսաւ Տէրոջ. «Տէ՛ր, ահա՛ ինչքիս կէ՛սը կու տամ աղքատներուն. ու եթէ զրպարտութեամբ ոեւէ մէկը զրկած եմ, քառապատի՛կ կը հատուցանեմ անոր»:9 Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր փրկութիւն եղաւ այս տան, քանի որ ի՛նք ալ Աբրահամի որդի է:10 Արդարեւ մարդու Որդին եկաւ՝ որպէսզի փնտռէ կորսուածը եւ փրկէ»:11 Երբ անոնք կը լսէին այս բաները՝ առակ մըն ալ ըսաւ, քանի որ ինք Երուսաղէմի կը մօտենար եւ անոնք կը կարծէին թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը անմի՛ջապէս պիտի երեւնար:
Luke 22:23-25
Luke 22:24-25
Luke 22:25-27
Luke 22:26
Luke 22:27
27 Քանի որ ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը՝ թէ սպասարկուն: Միթէ սեղան նստողը չէ՞. սակայն ես ձեր մէջ սպասարկուի մը պէս եմ:
Luke 22:42
42 եւ կ՚ըսէր. «Հա՛յր, եթէ փափաքիս՝ հեռացո՛ւր այս բաժակը ինձմէ. բայց ո՛չ թէ ի՛մ կամքս՝ հապա քո՛ւկդ թող ըլլայ»:
Luke 22:51
51 Յիսուս ըսաւ. «Թոյլատրեցէ՛ք մինչեւ այդ տեղը»: Եւ դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զայն:
Luke 22:71
71 Եւ անոնք ըսին. «Ա՛լ ի՞նչ պէտք ունինք վկայութեան, որովհետեւ մենք իսկ լսեցինք անոր բերանէն»:
Luke 23:1-5
1 Անոնց ամբողջ բազմութիւնը կանգնեցաւ, տարին զայն Պիղատոսի,2 եւ սկսան ամբաստանել զինք ու ըսել. «Ասիկա գտանք, որ կը խոտորեցնէր մեր ազգը, կ՚արգիլէր կայսրին հարկ տալ, եւ կ՚ըսէր իր մասին թէ ինք Քրիստոսն է՝ թագաւորը»:3 Պիղատոս հարցուց անոր. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»: Ան ալ պատասխանեց անոր. «Դո՛ւն կ՚ըսես»:4 Ուստի Պիղատոս ըսաւ քահանայապետներուն եւ բազմութեան. «Ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ այս մարդուն վրայ»:5 Բայց անոնք կը պնդէին ու կ՚ըսէին. «Կը գրգռէ ժողովուրդը, եւ կը սորվեցնէ ամբողջ Հրէաստանի մէջ՝ Գալիլեայէն սկսած մինչեւ այստեղ»:
Luke 23:11
11 Հերովդէս ալ՝ իր զօրականներուն հետ՝ անարգեց զայն, ու ծաղրելէն ետք՝ հագցուց անոր փառահեղ տարազ մը եւ ետ ղրկեց Պիղատոսի:
Luke 23:40-43
40 Իսկ միւսը՝ յանդիմանելով զայն՝ ըսաւ. «Դուն չե՞ս վախնար Աստուծմէ, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես:41 Մենք՝ իսկապէս արդարաբար, քանի որ ահա՛ կը ստանանք մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը. բայց ասիկա անտեղի ո՛չ մէկ բան ըրաւ»:42 Եւ ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս՝ երբ գաս քու թագաւորութեամբդ»:43 Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն ա՛յսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ”»:44 Գրեթէ վեցերորդ ժամն՝՝ էր, երբ խաւար եղաւ ամբողջ երկրին վրայ՝ մինչեւ ժամը ինը. արեւը խաւարեցաւ,45 ու տաճարին վարագոյրը պատռեցաւ մէջտեղէն:46 Յիսուս բարձրաձայն գոչեց. «Հա՛յր, քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս»: Ու երբ ըսաւ ասիկա՝ հոգին տուաւ:
Luke 24:46
46 ու ըսաւ անոնց. «Ա՛յս գրուած է, եւ ա՛յսպէս պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր, ու մեռելներէն յարութիւն առնէր երրորդ օրը.
John 1:39
39 Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք»: Գացին ու տեսան թէ ո՛ւր կը բնակէր. եւ այդ օրը մնացին անոր քով, որովհետեւ գրեթէ տասներորդ ժամն՝՝ էր:
John 4:6
6 Հոն կար Յակոբի մէկ աղբիւրը. ուրեմն Յիսուս՝ ճամբորդութենէն յոգնած ըլլալով՝ նստաւ այդ աղբիւրին քով: Գրեթէ վեցերորդ ժամն՝՝ էր:
John 9:1-12
1 Երբ կ՚անցնէր՝ տեսաւ մարդ մը, կոյր ծնած:2 Իր աշակերտները հարցուցին իրեն. «Ռաբբի՛, ո՞վ մեղանչեց, ասիկա՞ թէ անոր ծնողները, որ ան կոյր ծնաւ»:3 Յիսուս պատասխանեց. «Ո՛չ ասիկա մեղանչած է, ո՛չ ալ անոր ծնողները, հապա՝ որպէսզի Աստուծոյ գործերը յայտնաբերուին իր վրայ:4 Մինչ ցերեկ է, պէտք է որ գործեմ զիս ղրկողին գործերը. գիշերը կու գայ, երբ ո՛չ մէկը կրնայ գործել:
John 9:4-12
John 9:6-7
John 9:7-7
7 եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (որ կը թարգմանուի՝ ղրկուած): Ան ալ գնաց եւ լուացուեցաւ, եկաւ՝ ու կը տեսնէր:8 Իսկ դրացիները, եւ անոնք որ նախապէս տեսած էին զինք՝ թէ կոյր էր, կ՚ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր ան՝ որ կը նստէր ու կը մուրար»: Ոմանք կ՚ըսէին. «Անիկա՛ է»:9 Ուրիշներ կ՚ըսէին. «Անոր նման մէկն է»: Իսկ ինք կ՚ըսէր. «Ե՛ս եմ»:10 Ուրեմն ըսին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս աչքերդ բացուեցան»:11 Ինք պատասխանեց. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց, ծեփեց աչքերս ու ըսաւ ինծի. “Գնա՛ Սելովամի աւազանը եւ լուացուէ՛ ”: Ես ալ գացի, լուացուեցայ, ու կը տեսնեմ»:12 Ուստի ըսին իրեն. «Ո՞ւր է ան»: Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»:
John 10:15
15 Ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ զիս՝ ես ալ կը ճանչնամ Հայրը, եւ իմ անձս կ՚ընծայեմ ոչխարներուն համար:
John 11:9
9 Յիսուս պատասխանեց. «Օրը տասներկու ժամ չէ՞: Եթէ մէկը ցերեկը քալէ՝ չի սայթաքիր, որովհետեւ այս աշխարհի լոյսը կը տեսնէ.
John 11:33-35
John 11:50-52
50 «Դուք ոչինչ գիտէք, ու չէք ալ մտածեր թէ աւելի օգտակար է մեզի՝ որ մէ՛կ մարդ մեռնի ժողովուրդին համար, եւ ամբողջ ազգը չկորսուի»:51 Բայց այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ, հապա այդ տարուան քահանայապետը ըլլալով՝ մարգարէացաւ թէ Յիսուս պիտի մեռնէր ազգին համար.52 եւ ո՛չ միայն ազգին համար, այլ նաեւ հաւաքելով միացնելու համար Աստուծոյ ցրուած որդիները:
John 12:12
12 Հետեւեալ օրը՝ մեծ բազմութիւն մը, որ եկած էր տօնին, երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ Երուսաղէմ,
John 12:19-22
19 Իսկ Փարիսեցիները կ՚ըսէին իրարու. «Կը նշմարէ՞ք թէ անօգուտ է. ահա՛ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի անոր՝՝»:20 Հոն՝ տօնին երկրպագելու բարձրացողներուն մէջ՝ քանի մը Յոյներ կային:21 Ասոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդայէն էր, ու կը թախանձէին անոր՝ ըսելով. «Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսո՛ւսը տեսնել»:22 Փիլիպպոս եկաւ եւ ըսաւ Անդրէասի, ապա դարձեալ Անդրէաս ու Փիլիպպոս միասին ըսին Յիսուսի:
John 13:4-17
4 ոտքի ելաւ ընթրիքէն, մէկդի դրաւ հանդերձները, եւ առնելով ղենջակ մը՝ կապեց մէջքին:5 Յետոյ ջուր լեցուց կոնքին մէջ, եւ սկսաւ լուալ աշակերտներուն ոտքերը ու սրբել մէջքին կապած ղենջակով:6 Ուստի եկաւ Սիմոն Պետրոսի. ան ալ ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, դո՞ւն պիտի լուաս իմ ոտքերս»:7 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ինչ որ ես կ՚ընեմ՝ դուն հիմա չես ըմբռներ, բայց յետոյ պիտի ըմբռնես»:8 Պետրոս ըսաւ անոր. «Դուն բնա՛ւ պիտի չլուաս իմ ոտքերս»: Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ չլուամ քեզ, դուն բաժին չունիս ինծի հետ»:9 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, այլ նաեւ՝ ձեռքերս ու գլուխս»:10 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ն որ լոգցած է՝ միայն ոտքերը լուալու պէտք ունի, որ ամբողջովին մաքուր ըլլայ. եւ դուք մաքուր էք, բայց ոչ բոլորդ»:11 Արդարեւ գիտէր թէ ո՛վ պիտի մատնէր զինք: Ուստի ըսաւ. «Բոլորդ մաքուր չէք»:12 Երբ լուաց անոնց ոտքերը, եւ առնելով իր հանդերձները՝ դարձեալ սեղան նստաւ, ըսաւ անոնց. «Գիտէ՞ք ի՛նչ ըրի ձեզի:13 Դուք Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք զիս, եւ ճիշդ կ՚ըսէք, որովհետեւ այնպէս եմ:14 Ուստի եթէ ես՝ Տէրս ու Վարդապետս՝ լուացի ձեր ոտքերը, դո՛ւք ալ պարտաւոր էք լուալ իրարու ոտքերը:15 Որովհետեւ օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչպէս ես ըրի ձեզի՝ դուք ալ ընէք:16 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ո՛չ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն մեծ է”:17 Եթէ գիտէք այս բաները, երանելի՜ էք՝ եթէ ընէք զանոնք:
John 15:1
1 «Ե՛ս եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ իմ Հայրս՝ մշակն է:
John 15:7
7 Եթէ դուք մնաք իմ մէջս, ու իմ խօսքերս ալ մնան ձեր մէջ, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք, եւ պիտի ըլլայ ձեզի:
John 15:15
15 Այլեւս ծառայ չեմ կոչեր ձեզ, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՛նչ կ՚ընէ. հապա ես բարեկա՛մ կոչեցի ձեզ, որովհետեւ ամէն ինչ որ լսեցի իմ Հօրմէս՝ գիտցուցի ձեզի:
John 17:2
2 քանի իշխանութիւն տուիր իրեն ամէն մարմինի վրայ, որ տայ յաւիտենական կեանքը բոլոր անոնց՝ որ տուիր իրեն:
John 18:11
11 Հետեւաբար Յիսուս ըսաւ Պետրոսի. «Դի՛ր սուրդ իր պատեանը. միթէ պիտի չխմե՞մ այն բաժակը՝ որ Հայրը տուաւ ինծի»:
John 18:28-38
28 Կայիափայի տունէն տարին Յիսուսը կառավարիչին պալատը. եւ ա՛լ առտու էր: Իրենք չմտան պալատը՝ որպէսզի չպղծուին, այլ կարենան ուտել զատիկը:29 Ուստի Պիղատո՛ս դուրս ելաւ՝ անոնց քով, եւ ըսաւ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»:30 Պատասխանեցին իրեն. «Եթէ ան չարագործ մը չըլլար՝ քեզի չէինք մատներ զայն»:31 Ուստի Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք առէք զայն, ու դատեցէ՛ք ձեր Օրէնքին համաձայն»: Իսկ Հրեաները ըսին իրեն. «Մեզի արտօնուած չէ մեռցնել ոեւէ մէկը».32 որպէսզի իրագործուի Յիսուսի խօսքը՝ որ ըսեր էր, մատնանշելով թէ ի՛նչ մահով պիտի մեռնէր:33 Իսկ Պիղատոս դարձեալ մտաւ պալատը, կանչեց Յիսուսը եւ ըսաւ անոր. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»:34 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ասիկա դուն քեզմէ՞ կ՚ըսես, թէ ուրիշնե՛ր ըսին քեզի՝ իմ մասիս»:35 Պիղատոս պատասխանեց. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ. քո՛ւ ազգդ եւ քահանայապետները մատնեցին քեզ ինծի. դուն ի՞նչ ըրած ես»:36 Յիսուս պատասխանեց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ: Եթէ իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն ըլլար, իմ սպասաւորներս կը պայքարէին՝ որ ես չմատնուիմ Հրեաներուն ձեռքը: Բայց հիմա՝ իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»:
John 18:36
36 Յիսուս պատասխանեց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ: Եթէ իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն ըլլար, իմ սպասաւորներս կը պայքարէին՝ որ ես չմատնուիմ Հրեաներուն ձեռքը: Բայց հիմա՝ իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»:37 Հետեւաբար Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»: Յիսուս պատասխանեց. «Դո՛ւն կ՚ըսես թէ թագաւոր եմ: Ես սա՛ նպատակով ծնած եմ, սա՛ նպատակով աշխարհ եկած եմ, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան համար. ո՛վ որ ճշմարտութենէն է՝ կը լսէ իմ ձայնս»:38 Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»: Երբ ըսաւ ասիկա՝ դարձեալ դուրս ելաւ Հրեաներուն քով, եւ ըսաւ անոնց. «Ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ անոր վրայ:
John 19:1-4
1 Այն ատեն Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ խարազանեց:2 Զինուորներն ալ հիւսեցին փուշէ պսակ մը ու դրին անոր գլուխը, եւ հագցուցին անոր ծիրանի հանդերձ մը3 ու կ՚ըսէին. «Ողջո՜յն, Հրեաներո՛ւ թագաւոր», եւ ապտակներ կը զարնէին անոր:4 Պիղատոս դարձեալ դուրս ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա՛ դուրս կը բերեմ զայն ձեզի, որպէսզի գիտնաք թէ ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ անոր վրայ»:
Acts 1:6
6 Անոնք ալ համախմբուելով՝ հարցուցին իրեն. «Տէ՛ր, այս ժամանակի՞ն պիտի վերահաստատես Իսրայէլի թագաւորութիւնը»:
Acts 2:15
15 որովհետեւ ասոնք ո՛չ թէ արբեցած են՝ ինչպէս դուք կ՚ենթադրէք, քանի դեռ օրուան երրորդ ժամն՝՝ է,
Acts 2:23
23 Աստուծոյ որոշած ծրագիրով եւ կանխագիտութեամբ մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ սպաննեցիք անօրէններու ձեռքով՝ փայտի վրայ գամելով:
Acts 2:30
30 Ուրեմն, որովհետեւ ան մարգարէ էր,- եւ գիտէր թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ, թէ պիտի յարուցանէ մարմինի համեմատ իր մէջքին պտուղէն եղող Քրիստոսը՝ որ բազմի իր գահին վրայ,-
Acts 3:1
1 Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու՝՝ աղօթքին ատենը միասին տաճարը կը բարձրանային:
Acts 3:13-16
13 Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի Աստուածը, մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին՝ Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսի առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ:14 Բայց դուք ուրացաք այդ Սուրբը եւ Արդարը, ու խնդրեցիք որ մարդասպան մը շնորհուի ձեզի,15 եւ սպաննեցիք կեանքի Ռահվիրան: Իսկ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն, ու մենք վկայ ենք ատոր:16 Անոր անունին հաւատքով՝ անոր անո՛ւնը ամրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք եւ կը ճանչնաք: Անով եղած հաւա՛տքն է՝ որ առողջացուց զայն ձեր բոլորին առջեւ:
Acts 4:16
16 եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. որովհետեւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն բացայայտ է թէ իսկապէս երեւելի նշան մը կատարուեցաւ ասոնց միջոցով, ու մենք չենք կրնար ուրանալ:
Acts 4:27-28
27 Որովհետեւ ճշմարտապէս (այս քաղաքին մէջ) հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս ու Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներուն հետ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ,
Acts 4:27
Acts 10:3
3 Գրեթէ օրուան իններորդ ժամուն՝՝ տեսիլքի մէջ ան բացայայտօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ մտաւ իր քով եւ ըսաւ իրեն. «Կոռնելիո՛ս»:
Acts 10:9
9 Հետեւեալ օրը, մինչ անոնք կը ճամբորդէին ու կը մօտենային քաղաքին, Պետրոս՝ վեցերորդ ժամու՝՝ ատենները՝ տանիքը բարձրացաւ աղօթելու:
Acts 10:29
29 Ուստի երբ կանչուեցայ՝ եկայ առանց հակաճառութեան. ուրեմն կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս»:
Acts 10:41
41 ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, հապա՝ մեզի - նախապէս Աստուծմէ ընտրուածներուս՝ վկայ ըլլալու -, որ կերանք ու խմեցինք իրեն հետ՝ իր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք:
Acts 11:2-3
Acts 12:2
2 Սուրով սպաննեց Յովհաննէսի եղբայրը՝ Յակոբոսը,
Acts 13:5
5 Հասնելով Սաղամինա՝ կը հռչակէին Աստուծոյ խօսքը Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ. Յովհաննէս ալ կը սպասաւորէր իրենց:
Acts 13:45
45 Իսկ Հրեաները՝ երբ տեսան բազմութիւնները՝ լեցուեցան նախանձով, ու դէմ կը խօսէին Պօղոսի ըսածներուն՝ հակաճառելով եւ հայհոյելով:
Acts 17:17-21
17 Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց, նաեւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ անոնց որ հանդիպէր:18 Քանի մը Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներ ալ կը խորհրդակցէին իրեն հետ: Ոմանք կ՚ըսէին. «Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս սերմնաքաղը»: Ուրիշներ ալ կ՛ըսէին. «Կը թուի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». որովհետեւ կ՚աւետէր անոնց Յիսուսը եւ յարութիւնը:19 Ուստի առնելով զայն՝ տարին Արիսպագոս ու կ՚ըսէին. «Կրնա՞նք գիտնալ թէ ի՛նչ է այդ նոր ուսուցումը՝ որ դուն կը քարոզես,20 որովհետեւ քանի մը տարօրինակ բաներ լսել կու տաս մեզի՝՝: Ուրեմն կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ ատոնք»:21 (Որովհետեւ բոլոր Աթենացիներուն եւ հոն գաղթած օտարականներուն ժամանցը ուրիշ ոչինչ է, քան նոր բան ըսել կամ լսել:)
Acts 17:21
21 (Որովհետեւ բոլոր Աթենացիներուն եւ հոն գաղթած օտարականներուն ժամանցը ուրիշ ոչինչ է, քան նոր բան ըսել կամ լսել:)
Acts 17:30-31
Acts 20:34-35
Acts 21:11
11 երբ եկաւ մեզի, առաւ Պօղոսի գօտին, կապեց իր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ ըսաւ. «Սա՛ կը յայտարարէ Սուրբ Հոգին. “Երուսաղէմի մէջ, Հրեաները ա՛յսպէս պիտի կապեն այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, ու պիտի մատնեն հեթանոսներուն ձեռքը”»:
Acts 22:21-22
Acts 26:18
18 անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն՝ լոյսի, եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ դարձնելու, որպէսզի անոնք ստանան մեղքերու ներում, նաեւ ժառանգութիւն անոնց հետ՝ որ սրբացած են հաւատալով ինծի”»:
Romans 1:3-4
Romans 1:14
14 Ես պարտական եմ թէ՛ Յոյներուն եւ թէ օտարներուն, թէ՛ իմաստուններուն եւ թէ անմիտներուն:
Romans 2:6-10
6 Ան պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն փոխարէնը.-7 յաւիտենական կեանք անոնց՝ որ համբերութեամբ յարատեւելով բարի գործերու մէջ՝ կը փնտռեն փառք, պատիւ եւ անմահութիւն.8 իսկ սրդողում ու բարկութիւն անոնց՝ որ հակառակող են, չեն անսար ճշմարտութեան բայց կ՚անսան անիրաւութեան.9 տառապանք եւ տագնապ ամէն մարդու անձին վրայ՝ որ չարիք կը գործէ,10 նախ Հրեային, ապա՝ Յոյնին. իսկ փառք, պատիւ ու խաղաղութիւն ամէն մէկուն՝ որ բարիք կը գործէ, նախ Հրեային, ապա՝ Յոյնին.
Romans 3:4
4 Հապա Աստուած ճշմարտախօս պիտի ճանչցուի՝՝, եւ բոլոր մարդիկ՝ ստախօս. ինչպէս գրուած է. «Հետեւաբար դուն արդար պիտի ըլլաս խօսքերուդ մէջ, եւ յաղթես՝ երբ դատուիս»:
Romans 3:19
19 Բայց գիտենք թէ ի՛նչ որ կ՚ըսէ Օրէնքը, կ՚ըսէ անո՛նց՝ որ Օրէնքին տակ են, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհը դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ:
Romans 3:22-24
Romans 3:24-26
24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ:25 Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը:26 Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ատեն ցոյց տալու համար, որպէսզի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսի հաւատացողը:27 Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծանքը. բացառուեցաւ: Ո՞ր Օրէնքէն, գործերո՞ւ Օրէնքէն: Ո՛չ, հապա հաւատքի Օրէնքէն.
Romans 3:30
30 Քանի որ մէ՛կ Աստուած կայ, որ թլփատութիւնը կ՚արդարացնէ հաւատքով, նաեւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով:
Romans 4:3-6
3 Արդարեւ ի՞նչ կ՚ըսէ Գիրքը. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, եւ ատիկա արդարութիւն սեպուեցաւ իրեն»:4 Բայց ա՛ն որ կը գործէ, անոր վարձատրութիւնը շնորհքէ եղած չի սեպուիր, հապա՝ պարտքէ:5 Իսկ ա՛ն որ չի գործեր, բայց կը հաւատայ անոր՝ որ կ՚արդարացնէ ամբարիշտը, իր հաւատքը արդարութիւն կը սեպուի իրեն:6 Ինչպէս Դաւիթ ալ կը խօսի երանութեան մասին այն մարդուն, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ՝ առանց գործերու:
Romans 4:25
25 որ մատնուեցաւ մեր յանցանքներուն համար ու յարութիւն առաւ մեզ արդարացնելու համար:
Romans 5:15-19
15 Բայց շնորհը յանցանքին պէս չէ. որովհետեւ եթէ մէկին յանցանքով շատեր մեռան, ա՛լ ո՜րչափ աւելի շատերուն վրայ առատացաւ Աստուծոյ շնորհքը, եւ պարգեւը՝ որ շնորհուեցաւ մէկ մարդու՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:16 Եւ պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկ մեղանչողին պատահածը. որովհետեւ դատաստանը մէկին մեղքով դատապարտութեան մատնեց, բայց շնորհը շատ յանցանքներէ արդարութեան առաջնորդեց:17 Քանի որ եթէ մէկ մարդու յանցանքով՝ մահը թագաւորեց այդ մէկով, ո՜րչափ աւելի անոնք՝ որ կը ստանան շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն միակ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:)18 Ուրեմն, ինչպէս բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ տրուեցաւ մէկին յանցանքով, այնպէս ալ բոլոր մարդոց կեանք տուող արդարութիւն շնորհուեցաւ մէկին արդարութեամբ:19 Որովհետեւ ինչպէս շատեր մեղաւոր եղան մէկ մարդու անհնազանդութեամբ, այնպէս շատեր արդար պիտի ըլլան մէկին հնազանդութեամբ:20 Սակայն Օրէնքը ներս սպրդեցաւ՝ որպէսզի յանցանքը աւելնայ. բայց հոն՝ ուր մեղքը աւելցաւ, շնորհքը չափազանց առատացաւ:
Romans 5:20
Romans 6:16-22
16 Չէ՞ք գիտեր թէ որո՛ւն որ դուք ձեզ իբր ստրուկ յանձնէք՝ հնազանդելու համար, ստրուկ կ՚ըլլաք անոր՝ որուն կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքին՝ որ կ՚առաջնորդէ մահուան, եւ թէ հնազանդութեան՝ որ կ՚առաջնորդէ արդարութեան:17 Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեղքին ստրուկ ըլլալէ ետք՝ սրտանց հնազանդեցաք այն ուսուցումի տիպարին՝ որ աւանդուեցաւ ձեզի:18 Ուստի դուք՝ ազատած ըլլալով մեղքէն՝ ստրուկ եղաք արդարութեա՛ն.19 (մարդկային կերպով կը խօսիմ՝ ձեր մարմինին տկարութեան պատճառով.) քանի որ ինչպէս յանձնեցիք ձեր անդամները անօրէնութեան՝ ստրուկ ըլլալու անմաքրութեան եւ անօրէնութեան, այնպէս ալ հիմա ընծայեցէ՛ք ձեր անդամները սրբութեան՝ ստրուկ ըլլալու արդարութեան:20 Որովհետեւ երբ դուք ստրուկ էիք մեղքին՝ ազատ էիք արդարութենէն:21 Ուրեմն այն ատեն ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնց համար հիմա կ՚ամչնաք. որովհետեւ անոնց վախճանը մահ է:22 Իսկ հիմա, մեղքէն ազատած եւ Աստուծոյ ստրուկ եղած ըլլալով, ձեր պտուղը ունիք՝ սրբութեամբ, ու վախճանը՝ յաւիտենական կեանքը:
Romans 8:17
17 ու եթէ զաւակներ՝ ուրեմն ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ, որպէսզի եթէ չարչարուինք իրեն հետ, նաեւ փառաւորուինք իրեն հետ:
Romans 8:26
26 Նոյնպէս Հոգին ալ կ՚օգնէ մեր տկարութիւններուն մէջ. քանի որ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթելու ենք՝ ինչպէս պէտք է. բայց Հոգին ի՛նք կը բարեխօսէ մեզի համար՝ անբարբառ հառաչանքներով:
Romans 8:30
30 Եւ անոնք որ նախասահմանեց՝ նաեւ կանչեց, անոնք որ կանչեց՝ նաեւ արդարացուց, եւ անոնք որ արդարացուց՝ նաեւ փառաւորեց:
Romans 8:34
34 Ուրեմն ո՞վ է դատապարտողը. Քրիստոս՝ որ մեռաւ, մա՛նաւանդ յարութիւն առաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմն է, ա՛ն կը բարեխօսէ մեզի համար:
Romans 9:14-15
Romans 9:15-24
15 Որովհետեւ ան Մովսէսի կ՚ըսէ. «Անո՛ր որ պիտի ողորմիմ՝ կ՚ողորմիմ, եւ անո՛ր վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»:16 Ուրեմն ո՛չ մարդուն ուզելէն, ո՛չ ալ վազելէն՝՝ կախեալ է, հապա Աստուծմէ՝ որ կ՚ողորմի:17 Քանի որ Գիրքը կ՚ըսէ Փարաւոնի. «Բարձրացուցի քեզ, որպէսզի իմ զօրութիւնս ցոյց տամ քու միջոցովդ, եւ իմ անունս հռչակուի ամբողջ երկրին մէջ»:18 Ուրեմն կ՚ողորմի որո՛ւն որ ուզէ, եւ կը խստացնէ զա՛յն որ ուզէ:19 Հետեւաբար դուն պիտի ըսես ինծի թէ “ա՛լ ինչո՞ւ կը մեղադրէ, որովհետեւ ո՞վ կրնայ ընդդիմանալ անոր ծրագիրին”:20 Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ կը դիմադարձես Աստուծոյ: Միթէ կերտուած ը կրնա՞յ ըսել զինք կերտողին. «Ինչո՞ւ ա՛յսպէս շինեցիր զիս»:
Romans 9:20-24
20 Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ կը դիմադարձես Աստուծոյ: Միթէ կերտուած ը կրնա՞յ ըսել զինք կերտողին. «Ինչո՞ւ ա՛յսպէս շինեցիր զիս»:21 Միթէ բրուտը իրաւասութիւն չունի՞ կաւին վրայ, որ նոյն զանգուածէն շինէ անօթ մը՝ պատիւի համար, իսկ ուրիշ մը՝ անպատուութեան համար:22 Ի՞նչ կրնանք ըսել՝ եթէ Աստուած, ուզելով ցոյց տալ իր բարկութիւնը եւ գիտցնել իր զօրութիւնը, շատ համբերատարութեամբ տոկաց կորսուելու պատրաստուած բարկութեան անօթներուն,23 որպէսզի գիտցնէ իր փառքին ճոխութիւնը՝ ողորմութիւն գտնող անօթներուն, որ նախապէս պատրաստեց փառքի համար,24 այսինքն՝ մեզի, որ կանչեց ո՛չ միայն Հրեաներէն, այլ նաեւ հեթանոսներէն,
Romans 9:30-32
30 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք: Հետեւեա՛լը, թէ հեթանոսները՝ որոնք հետամուտ չէին արդարութեան՝ հասան արդարութեան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է.
Romans 9:30
30 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք: Հետեւեա՛լը, թէ հեթանոսները՝ որոնք հետամուտ չէին արդարութեան՝ հասան արդարութեան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է.31 իսկ Իսրայէլ՝ որ հետամուտ էր արդարութեան Օրէնքին՝ չհասաւ արդարութեան Օրէնքին:32 Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուզեց արդարանալ ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ Օրէնքին գործերով: Արդարեւ անոնք գայթեցան սայթաքումի քարին վրայ,
Romans 10:1-3
1 Եղբայրնե՛ր, սիրտիս բաղձանքն է, նաեւ Աստուծոյ ուղղած աղերսանքս՝ Իսրայէլի համար, որ անոնք փրկուին:2 Որովհետեւ ես անոնց համար կը վկայեմ թէ նախանձախնդրութիւն ունին Աստուծոյ հանդէպ, բայց ո՛չ թէ գիտակցութեամբ:3 Քանի որ՝ անգիտանալով Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ջանալով հաստատել իրե՛նց արդարութիւնը՝ անոնք չհպատակեցան Աստուծոյ արդարութեան:
Romans 10:14-17
14 Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն զայն՝ որուն հաւատացած չեն. կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր՝ որուն մասին լսած չեն. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց քարոզիչի:15 Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին, ինչպէս գրուած է. «Ի՜նչ գեղեցիկ են ոտքերը անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ՚աւետեն, բարի բաներ կ՚աւետեն»:16 Բայց բոլորը չհնազանդեցան աւետարանին, քանի որ Եսայի կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»:17 Ուրեմն հաւատքը կու գայ լսելէն, ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն:
Romans 11:5-6
Romans 12:10
10 Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք՝ եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ՝ զիրա՛ր գերադասեցէք:
Romans 16:25
25 Եւ հիմա՝ անո՛ր, որ կարող է ձեզ ամրացնել՝ իմ աւետարանիս ու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան համաձայն, այն խորհուրդին յայտնութեան համաձայն՝ որ լռութեան մէջ մնացած էր դարերու ժամանակներէն ի վեր,
1 Corinthians 2:9
9 Բայց ինչպէս գրուած է. «Աչք չէ տեսեր, ականջ չէ լսեր, ո՛չ ալ մարդու սիրտին մէջ մտեր են այն բաները, որ Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն»:
1 Corinthians 4:1-2
1 Corinthians 4:7
7 Որովհետեւ ո՞վ է ան՝ որ տարբեր կ՚ընէ քեզ ուրիշներէն, եւ ի՞նչ ունիս՝ որ չես ստացած. ու եթէ ստացար, ինչո՞ւ կը պարծենաս՝ իբր թէ ստացած չըլլաս:
1 Corinthians 4:11
11 Մինչեւ այս ժամը թէ՛ կ՚անօթենանք, թէ՛ կը ծարաւնանք, թէ՛ մերկ կը մնանք, թէ՛ կը կռփահարուինք, թէ՛ որոշ բնակավայր չունինք,
1 Corinthians 6:11
11 Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսիներ էին. բայց լուացուեցաք, բայց սրբացաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսի անունով ու մեր Աստուծոյն Հոգիով:
1 Corinthians 9:19-23
19 Քանի որ՝ թէպէտ բոլորէն ազատ էի՝ ես զիս բոլորին ծառայ ըրի, որպէսզի շատերը շահիմ:20 Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէսզի Հրեաները շահիմ:21 Օրէնքի տակ եղողներուն հետ՝ իբր թէ Օրէնքի տակ, (ո՛չ թէ ես Օրէնքի տակ էի,) որպէսզի Օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ: Առանց Օրէնքի եղողներուն հետ՝ իբր թէ առանց Օրէնքի, (ո՛չ թէ ես Աստուծմէ օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսի օրէնքին տակ էի,) որպէսզի առանց Օրէնքի եղողներն ալ շահիմ:22 Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէսզի տկարները շահիմ. բոլորին հետ ամէն ինչ եղայ, որպէսզի ա՛նպայման ոմանք փրկեմ:23 Եւ ասիկա կ՚ընեմ աւետարանին համար, որ հաղորդակից ըլլամ անոր:
1 Corinthians 13:4
4 Սէրը համբերատար է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր. սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար.
1 Corinthians 15:3-7
3 Որովհետեւ նախ աւանդեցի ձեզի այն՝ որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար՝ Գիրքերուն համաձայն,4 թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Գիրքերուն համաձայն,5 ու երեւցաւ Կեփասի, ապա տասներկուքին:6 Յետոյ միաժամանակ երեւցաւ հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու, որոնց մեծ մասը կը մնայ մինչեւ այժմ, իսկ ոմանք ալ ննջեցին:7 Ապա երեւցաւ Յակոբոսի, յետոյ՝ բոլոր առաքեալներուն:
1 Corinthians 15:58
58 Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ եղէք, ու ամէն ատեն յառաջդիմեցէ՛ք Տէրոջ գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատանքը ընդունայն չէ Տէրոջմով:
2 Corinthians 1:7
7 Մեր յոյսը հաստատուն է ձեր վրայ, որովհետեւ գիտենք թէ ինչպէս հաղորդակից էք մեր չարչարանքներուն, նոյնպէս ալ մխիթարութեան պիտի ըլլաք:
2 Corinthians 1:24
24 Ո՛չ թէ կը տիրենք ձեր հաւատքին վրայ, հապա գործակիցներ ենք ձեր ուրախութեան. որովհետեւ դուք հաւատքով կը կենաք:
2 Corinthians 4:5
5 Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար.
2 Corinthians 5:10
10 Որովհետեւ պէտք է որ բոլորս ալ ներկայանանք Քրիստոսի դատարանին առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ այն բաներուն համեմատ՝ որ իր մարմինին մէջ եղած ատեն ըրած է, բարի կամ չար:
2 Corinthians 8:9
9 Քանի որ դուք գիտէք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ թէպէտ հարուստ էր՝ ձեզի համար աղքատ եղաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատանալով:
2 Corinthians 10:4-10
4 որովհետեւ մեր մարտին զէնքերը մարմնաւոր չեն, բայց Աստուծոյ միջոցով զօրաւոր են՝ ամրոցներու քանդումին համար:5 Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում:6 Եւ պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութեան համար, երբ ձեր հնազանդութիւնը լման ըլլայ:7 Բաներու արտաքին երեւոյթի՞ն կը նայիք: Եթէ ոեւէ մէկը կը վստահի ինքնիր վրայ՝ թէ ինք Քրիոտոսինն է, դարձեալ թող մտածէ ինքնիրմէ՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, նոյնպէս ալ՝ մենք:8 Քանի որ նոյնիսկ եթէ աւելի պարծենայի մեր իշխանութեան վրայ, որ Տէրը տուած է մեզի՝ շինութեան համար, եւ ո՛չ թէ ձեր քանդումին համար, պիտի չամչնայի:9 Որպէսզի չթուի թէ ես կ՚ուզեմ զարհուրեցնել ձեզ նամակներով.10 քանի որ կ՚ըսեն. «Անոր նամակները ծանր ու հզօր են, բայց անոր մարմնական ներկայութիւնը տկար է, եւ իր խօսքը՝ անարգ»:
2 Corinthians 11:5
5 Քանի որ ես կը սեպեմ թէ ոչինչո՛վ ետ մնացած եմ գերագոյն առաքեալներէն.
2 Corinthians 11:23-28
23 Աբրահամի զարմէ՞ն են. ե՛ս ալ: Քրիստոսի սպասարկունե՞ր են. (անմտութեամբ կը խօսիմ) ա՛լ աւելի ես: Աշխատանքներով՝ աւելի՛ շատ, ծեծերով՝ չափէ՛ն աւելի, բանտերու մէջ՝ աւելի՛ շատ, մահուան վտանգներով՝ յաճախ:
2 Corinthians 11:23-27
2 Corinthians 11:24-27
2 Corinthians 11:25-27
25 Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ. մէկ անգամ քարկոծուեցայ. երեք անգամ նաւաբեկութիւն կրեցի. գիշեր մը ու ցերեկ մը մնացի ծովու անդունդին մէջ:26 Յաճախ չարչարուեցայ ճամբորդութիւններու մէջ. կրեցի վտանգներ գետերէն, վտանգներ աւազակներէն. վտանգներ իմ ցեղէս, վտանգներ հեթանոսներէն. վտանգներ քաղաքի մէջ, վտանգներ անապատի մէջ. վտանգներ ծովու վրայ, վտանգներ սուտ եղբայրներու մէջ:
2 Corinthians 11:26-27
26 Յաճախ չարչարուեցայ ճամբորդութիւններու մէջ. կրեցի վտանգներ գետերէն, վտանգներ աւազակներէն. վտանգներ իմ ցեղէս, վտանգներ հեթանոսներէն. վտանգներ քաղաքի մէջ, վտանգներ անապատի մէջ. վտանգներ ծովու վրայ, վտանգներ սուտ եղբայրներու մէջ:27 Աշխատանքի ու տաժանքի մէջ էի, յաճախ՝ հսկումներու մէջ, անօթութեան եւ ծարաւի մէջ, շատ անգամ՝ ծոմապահութեան, ցուրտի ու մերկութեան մէջ:
2 Corinthians 11:27-27
2 Corinthians 12:15
15 Ու ես մեծ հաճոյքով պիտի ծախսեմ եւ ծախսուիմ ալ ձեզի համար, թէեւ նուազ սիրուիմ ձեզմէ՝ մինչ շա՛տ աւելի կը սիրեմ ձեզ:
Galatians 3:13
13 Քրիստոս փրկանքով գնեց մեզ Օրէնքի անէծքէն՝ մեզի համար անիծուելով, (որովհետեւ գրուած է. «Անիծեա՛լ է ո՛վ որ փայտէն կը կախուի»)
Ephesians 1:6-8
Ephesians 1:7
Ephesians 1:11
11 Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն,
Ephesians 1:17-19
17 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, փառքի Հայրը, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգին՝ իր գիտակցութեամբ:18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,19 եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան,
Ephesians 2:1
1 Դուք մեռած էիք յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ, բայց ինք ձեզ ապրեցուց:
Ephesians 2:5
5 երբ մեռած էինք մեղքերու մէջ՝ կեանք տուաւ մեզի Քրիստոսի հետ, (դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք.)
Ephesians 2:8-10
8 Որովհետեւ դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք՝ հաւատքի միջոցով, եւ ատիկա ո՛չ թէ ձեզմէ է՝ հապա Աստուծոյ ընծան է.9 ո՛չ թէ գործերէն է, որպէսզի ո՛չ մէկը պարծենայ:10 Քանի որ մենք անոր ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար. Աստուած նախապէս պատրաստեց զանոնք, որպէսզի մենք ընթանանք անոնց մէջ:11 Ուստի յիշեցէ՛ք թէ դուք ժամանակին մարմինով հեթանոսներ էիք, (որոնք անթլփատ կը կոչուին անոնցմէ՝ որ թլփատուած կը կոչուին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած.)12 այդ ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք, ուծացած ըլլալով Իսրայէլի հասարակութենէն, եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն. ո՛չ յոյս ունէիք, ո՛չ ալ Աստուած՝ աշխարհի մէջ:
Ephesians 3:5-6
Ephesians 3:6
6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,
Ephesians 5:2
2 եւ ընթացէ՛ք սիրոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու մեզի համար ընծայեց ինքզինք Աստուծոյ՝ որպէս պատարագ ու զոհ, անուշաբոյր հոտ ըլլալով:
Ephesians 6:8
8 գիտնալով թէ իւրաքանչիւրը՝ ի՛նչ բարիք որ գործէ, նո՛յնը պիտի ստանայ Տէրոջմէն, ստրուկ ըլլայ թէ ազատ:
Philippians 2:3
3 Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք՝՝:4 Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը:5 Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր.6 Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,7 հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝8 խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը:
Philippians 4:6
6 Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ.
Colossians 1:24
24 Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս մէջ, ու Քրիստոսի կրած տառապանքներուն պակասը կը լրացնեմ իմ մարմինիս մէջ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է:
Colossians 1:26
26 այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու սերունդներէն, իսկ հիմա յայտնաբերուեցաւ իր սուրբերուն,
Colossians 3:1
1 Ուրեմն, եթէ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, փնտռեցէ՛ք այն բաները՝ որ վերն են, ուր Քրիստոս կը բազմի՝ Աստուծոյ աջ կողմը:
Colossians 4:1
1 Thessalonians 2:13
13 Հետեւաբար մենք ալ անդադար շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ, որովհետեւ երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա - ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է - որպէս Աստուծոյ խօսք. եւ ան կը ներգործէ նաեւ ձեր մէջ՝ որ կը հաւատաք:
1 Thessalonians 2:16
16 ու կ՚արգիլեն մեզ խօսիլ հեթանոսներուն՝ անոնց փրկութեան մասին, որպէսզի լեցնեն իրենց մեղքերուն չափը՝ ամէն ատեն. բայց բարկութիւնը հասած է անոնց վրայ՝ մինչեւ վախճանը:
1 Thessalonians 5:17
17 Անդադար աղօթեցէ՛ք:
2 Thessalonians 2:13-14
1 Timothy 1:12-13
12 Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:13 Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ.14 եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է:15 Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:16 Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար:
1 Timothy 2:6
6 որ ինքզինք իբր փրկանք ընծայեց բոլորին տեղը՝ յատուկ ատենին վկայութիւն ըլլալու:
1 Timothy 5:13
13 Նաեւ կը սորվին դատարկապորտ ըլլալ՝ շրջելով տունէ տուն. եւ ո՛չ միայն դատարկապորտ, այլ նաեւ շաղակրատ ու հետաքրքրամոլ՝ խօսելով անպատեհ բաներ:
2 Timothy 1:18
18 (Տէրը շնորհէ իրեն՝ որ այն օրը ողորմութիւն գտնէ Տէրոջմէն.) ու դուն շատ լաւ գիտես թէ ո՛րչափ սպասարկեց ինծի Եփեսոսի մէջ ալ:
2 Timothy 2:11-12
2 Timothy 3:15
15 Նաեւ մանկութենէդ ի վեր գիտես Սուրբ Գիրքերը, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ՝ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքով:
Titus 1:7
7 Որովհետեւ եպիսկոպոսը՝ իբր Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է ըլլայ անմեղադրելի. ոչ ինքնահաւան, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,
Titus 2:14
14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:
Titus 3:8
8 Այս խօսքը վստահելի է, եւ կը փափաքիմ որ պնդես այս բաներուն վրայ, որպէսզի Աստուծոյ հաւատացողները ճիգ թափեն մատակարար ըլլալու բարի գործերու. այս բաները բարի են, ու մարդոց օգտակար:
Philemon 1:2-3
Philemon 1:13
Hebrews 2:10
10 Որովհետեւ կը պատշաճէր անոր,- որուն համար է ամէն բան, եւ անո՛վ եղած է ամէն բան,- որ շատ որդիներ փառքի մէջ մտցնելու համար՝ չարչարանքներո՛վ կատարեալ ընէ անոնց փրկութեան Ռահվիրան:
Hebrews 2:17
17 Ուստի պարտաւոր էր բոլորովին նմանիլ իր եղբայրներուն, որպէսզի ըլլար ողորմած ու հաւատարիմ քահանայապետ մը Աստուծոյ քով՝ քաւելու համար ժողովուրդին մեղքերը:
Hebrews 4:15-16
Hebrews 5:8
8 Թէպէտ ինք Որդի էր, հնազանդութիւն սորվեցաւ իր չարչարանքներէն.
Hebrews 6:10
10 Քանի որ Աստուած անիրաւ չէ՝ որ մոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար, երբ սպասարկեցիք սուրբերուն ու կը սպասարկէք ալ:
Hebrews 6:12
12 որպէսզի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա նմանիք անոնց՝ որ հաւատքով ու համբերատարութեամբ ժառանգեցին խոստումները:
Hebrews 9:28
28 նոյնպէս ալ Քրիստոս մէ՛կ անգամ իբր զոհ մատուցանուեցաւ՝ քաւելու համար շատերու մեղքերը, ու երկրորդ անգամ պիտի երեւնայ՝ առանց մեղքի, փրկելու համար անոնք՝ որ կը սպասեն իրեն:
Hebrews 11:16
16 Իսկ հիմա կը բաղձան լաւագոյն հայրենիքի մը, այսինքն՝ երկնայինին. ուստի Աստուած ամօթ չի սեպեր անոնց Աստուածը կոչուիլ, որովհետեւ ինք քաղաք մը պատրաստեց անոնց:
Hebrews 11:24-26
Hebrews 13:21
21 ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ ձեզ՝ իր կամքը գործադրելու, ձեր մէջ իրագործելով իր առջեւ հաճելի եղածը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:
James 1:11
11 քանի որ արեւը կը ծագի այրող տաքութեամբ ու կը չորցնէ խոտը, անոր ծաղիկը կը թափի, եւ անոր տեսքին վայելչութիւնն ալ կը կորսուի: Այդպէս ալ հարուստը պիտի թառամի իր ճամբաներուն մէջ:
James 1:18
18 Ան ի՛ր փափաքով ծնաւ մեզ՝ ճշմարտութեան խօսքով, որպէսզի մենք երախայրիք մը ըլլանք իր արարածներուն:
James 1:23-25
23 Արդարեւ, եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չգործադրէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ կը դիտէ իր բնական երեսը,24 որովհետեւ կը դիտէ ինքզինք ու կ՚երթայ, եւ իսկոյն կը մոռնայ թէ ի՛նչպէս էր:25 Բայց ա՛ն որ ակնկառոյց կը նայի ազատութեան կատարեալ Օրէնքին ու կը կենայ անոր մէջ,- ո՛չ թէ մոռացկոտ լսող մը ըլլալով, հապա՝ գործը կատարող մը,- երանելի պիտի ըլլայ իր ըրածին մէջ:
James 3:14-4:1
14 Բայց եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք ձեր սիրտերուն մէջ, ճշմարտութեան դէմ մի՛ պարծենաք ու մի՛ ստէք:
James 4:3
3 Կը խնդրէք՝ սակայն չէք ստանար, որովհետեւ կը խնդրէք չարամտօրէն՝ որպէսզի վատնէք ձեր կիրքերուն համար:
James 4:5-6
James 5:9
9 Մի՛ հառաչէք իրարու դէմ, եղբայրնե՛ր, որպէսզի չդատապարտուիք: Ահա՛ Դատաւորը կայնած է դրան առջեւ:
1 Peter 1:13
13 Ուստի գօտեպնդեցէ՛ք ձեր միտքին մէջքը, զգա՛ստ եղէք, ու կատարե՛լապէս յուսացէք այն շնորհքին՝ որ պիտի տրուի ձեզի Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան ատենը:
1 Peter 1:18-19
1 Peter 2:24
24 Ի՛նք քաւեց մեր մեղքերը խաչափայտին վրայ՝ իր մարմինով, որպէսզի՝ զերծ ըլլալով մեղքէն՝ ապրինք արդարութեան համար: Դուք անոր վէրքերո՛վ բժշկուեցաք.
1 Peter 3:8
8 Վերջապէս, բոլո՛րդ եղէք համախոհ, կարեկից, եղբայրասէր, գթած ու բարեսիրտ:
1 Peter 3:18
18 Արդարեւ Քրիստո՛ս ալ մէ՛կ անգամ չարչարուեցաւ՝ մեղքերու համար, Արդարը՝ անարդարներուն համար, որպէսզի մօտեցնէ մեզ Աստուծոյ: Ան մարմինով մեռցուեցաւ, բայց Հոգիով կեանք ստացաւ,
1 Peter 4:2-3
2 որպէսզի՝ իր մարմինին մէջ մնացած ժամանակը՝ այլեւս ապրի ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:3 Որովհետեւ կը բաւէ մեզի գործադրած ըլլալ հեթանոսներուն կամքը՝ մեր կեանքին անցած ժամանակը, երբ կ՚ընթանայինք ցոփութիւններու, ցանկութիւններու, գինեմոլութիւններու, զեխութիւններու, արբեցութիւններու եւ անօրէն կռապաշտութիւններու մէջ:
1 Peter 4:10
10 Քանի ձեզմէ իւրաքանչիւրը ստացած է շնորհ մը, սպասարկեցէ՛ք զայն իրարու՝ Աստուծոյ բազմազան շնորհքին բարի տնտեսներուն պէս:11 Եթէ մէկը խօսի, թող խօսի Աստուծոյ պատգամներուն պէս. եթէ մէկը սպասարկէ, թող սպասարկէ Աստուծոյ հայթայթած ոյժին համեմատ. որպէսզի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն կը պատկանին փառքն ու զօրութիւնը դարէ դար՝՝: Ամէն:
1 Peter 5:3
3 ո՛չ ալ տիրապետելով թեմին վրայ, հապա՝ տիպար ըլլալով հօտին.
1 Peter 5:5
5 Նմանապէս դո՛ւք, դեռատինե՛ր, հպատակեցէ՛ք տարեցներուն: Բոլորդ իրարու հպատակելով՝ խոնարհութի՛ւն հագէք. որովհետեւ «Աստուած կ՚ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն»:
2 Peter 1:5-10
5 Ասոր համար ալ՝ ամբողջ փութաջանութեամբ աւելցուցէ՛ք ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն, առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն,6 գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն, համբերութեան վրայ՝ բարեպաշտութիւն,7 բարեպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն, ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր:8 Որովհետեւ եթէ այս բաները ըլլան ձեր մէջ եւ աւելնան, անգործ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով:9 Բայց ա՛ն՝ որուն մէջ այս բաները չկան՝ կոյր է, կարճատես, եւ մոռցած է իր հին մեղքերէն մաքրուած ըլլալը:10 Ուստի, եղբայրնե՛ր, առաւելապէս ջանացէ՛ք՝ որ հաստատէք ձեր կոչումն ու ընտրութիւնը, որովհետեւ ասիկա ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չսայթաքիք.
1 John 2:2
2 Ա՛ն է մեր մեղքերուն քաւութիւնը. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն:
3 John 1:9-10
Jude 1:16
16 Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք կ՚ընթանան իրենց ցանկութիւններուն համաձայն. իրենց բերանները կը խօսին յոխորտաբանութիւններ, ու երեսպաշտութիւն կ՚ընեն օգուտի համար:
Revelation 1:5
5 եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներուն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը: Անոր՝ որ սիրեց մեզ, իր արիւնով լուաց մեզ մեր մեղքերէն,
Revelation 1:9
9 Ես՝ Յովհաննէս, ձեր եղբայրը եւ հաղորդակիցը Յիսուս Քրիստոսի տառապանքին, թագաւորութեան ու համբերութեան, Պատմոս կոչուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար եւ Յիսուս Քրիստոսի վկայութեան համար:
Revelation 5:8-9
8 Երբ առաւ գիրքը, չորս էակներն ու քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ եւ երկրպագեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը, ու ոսկիէ սկաւառակ մը՝ խունկերով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են:9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,
Revelation 6:6
6 Չորս էակներուն մէջէն լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Կապիճ մը ցորենը՝ մէկ դահեկանի, ու երեք կապիճ գարին՝ մէկ դահեկանի: Մի՛ վնասեր ձէթին եւ գինիին»:
Revelation 13:11-17
11 Տեսայ նաեւ ուրիշ գազան մը, որ կը բարձրանար երկրէն. ունէր երկու եղջիւր՝ գառնուկի նման, եւ կը խօսէր վիշապի պէս:12 Կը վարէր առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը՝ անոր առջեւ, ու կը ստիպէր երկիրը եւ անոր բնակիչները՝ որ երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուած էր:13 Մեծ նշաններ կ՚ընէր, եւ մինչեւ անգամ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէր երկրի վրայ՝ մարդոց առջեւ:14 Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:16 Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ,17 որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը:
Revelation 17:6
6 Տեսայ այդ կինը, որ արբեցած էր սուրբերուն արիւնով եւ Յիսուսի վկաներուն արիւնով: Երբ տեսայ զայն՝ մեծապէս զարմացայ:
Revelation 20:11-12
11 Յետոյ տեսայ մեծ, ճերմակ գահ մը, եւ անոր վրայ բազմողը, որուն երեսէն երկիրն ու երկինքը փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց:12 Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, որոնք կայնած էին Աստուծոյ առջեւ: Գիրքերը բացուեցան. բացուեցաւ նաեւ ուրիշ գիրք մը՝ որ կեանքի գիրքն է. ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ: