Romans 3:22-24

Armenian(i) 22 այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ: 23 Արդարեւ բոլորը մեղանչեցին, եւ զրկուած են Աստուծոյ փառքէն. 24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ: