Armenian(i)
24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ: 25 Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը: 26 Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ատեն ցոյց տալու համար, որպէսզի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսի հաւատացողը: