Titus 2:2-12

Armenian(i) 2 Տարեցները թող ըլլան զգաստ, պատկառելի, խոհեմ, եւ ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ: 3 Տարեց կիներն ալ թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան ո՛չ չարախօս, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի բաներ սորվեցնող. 4 որպէսզի սորվեցնեն դեռահասակ կիներուն՝ սիրել իրենց ամուսինները, սիրել իրենց զաւակները, 5 եւ ըլլալ խոհեմ, մաքրակենցաղ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց ամուսիններուն հպատակ, որ Աստուծոյ խօսքը չհայհոյուի: 6 Նոյնպէս յորդորէ՛ երիտասարդները որ ըլլան խոհեմ: 7 Ամէն բանի մէջ դուն քեզ ցոյց տուր իբր տիպար՝ բարի գործերու. վարդապետութեան մէջ՝ ցոյց տուր անեղծութիւն, պատկառանք, 8 ողջամիտ եւ անպարսաւելի խօսք, որպէսզի հակառակողը ամչնայ՝ մեր մասին չարախօսելիք ոչինչ ունենալով: 9 Յորդորէ՛ ստրուկները՝ որ հպատակին իրենց տէրերուն ու հաճելի ըլլան անոնց՝ ամէն բանի մէջ. չհակաճառեն, 10 չխորեն, հապա բոլորովին բարի հաւատարմութիւն ցոյց տան, որպէսզի զարդարեն մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը՝ ամէն բանի մէջ: 11 Քանի որ Աստուծոյ փրկարար շնորհքը երեւցաւ բոլոր մարդոց, 12 կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,