Armenian(i)
10 ինչպէս գրուած է. «Ո՛չ մէկ արդար կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ: 11 Ո՛չ մէկը կայ որ հասկնայ, ո՛չ մէկը կայ որ փնտռէ Աստուած: 12 Բոլո՛րը խոտորեցան, միասին անպէտ դարձան. ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ»: 13 «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուով նենգաւոր եղան»: «Իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»: 14 «Անոնց բերանը լեցուն է անէծքով ու դառնութեամբ»: 15 «Անոնց ոտքերը կ՚աճապարեն արիւն թափելու. 16 կործանում եւ թշուառութիւն կայ անոնց ճամբաներուն մէջ: 17 Չճանչցան խաղաղութեան ճամբան»: 18 «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»: 19 Բայց գիտենք թէ ի՛նչ որ կ՚ըսէ Օրէնքը, կ՚ըսէ անո՛նց՝ որ Օրէնքին տակ են, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհը դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ: 20 Ուստի ո՛չ մէկ մարմին պիտի արդարանայ անոր առջեւ Օրէնքին գործերով, քանի որ Օրէնքին միջոցով կ՚ըլլայ մեղքի գիտակցութիւնը: 21 Բայց հիմա՝ առանց Օրէնքին՝ Աստուծոյ արդարութիւնը բացայայտ եղած է, վկայուած ըլլալով Օրէնքէն ու Մարգարէներէն. 22 այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ: 23 Արդարեւ բոլորը մեղանչեցին, եւ զրկուած են Աստուծոյ փառքէն. 24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ: 25 Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը: 26 Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ատեն ցոյց տալու համար, որպէսզի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսի հաւատացողը: 27 Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծանքը. բացառուեցաւ: Ո՞ր Օրէնքէն, գործերո՞ւ Օրէնքէն: Ո՛չ, հապա հաւատքի Օրէնքէն. 28 որովհետեւ մենք կը հետեւցնենք թէ մարդ կ՚արդարանայ հաւատքով՝ առանց Օրէնքին գործերուն: 29 Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞. այո՛, նաեւ հեթանոսներունը: 30 Քանի որ մէ՛կ Աստուած կայ, որ թլփատութիւնը կ՚արդարացնէ հաւատքով, նաեւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով: 31 Ուստի մենք կ՚ոչնչացնե՞նք Օրէնքը հաւատքով: Ամե՛նեւին. նոյնիսկ կը հաստատե՛նք Օրէնքը: