Armenian(i)
5 Ուրեմն մեռցուցէ՛ք ձեր երկրաւոր անդամները.- պոռնկութիւնը, անմաքրութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է: 6 Ասո՛նց համար Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ, 7 որոնց մէջ դո՛ւք ալ ժամանակին կ՚ընթանայիք, երբ կ՚ապրէիք անոնց մէջ: 8 Բայց հիմա դո՛ւք ալ թօթափեցէ՛ք սա՛ ամէնը.- բարկութիւնը, զայրոյթը, չարամտութիւնը, հայհոյութիւնը, լիրբ խօսքերը՝ ձեր բերանէն: 9 Մի՛ ստէք իրարու. հանեցէ՛ք ձեր վրայէն հին մարդը՝ իր գործերով,