Armenian(i)
28 Որովհետեւ Հրեայ չէ ա՛ն՝ որ երեւոյթով է, եւ թլփատութիւն չէ ա՛յն՝ որ երեւոյթով է, մարմինով: 29 Հապա Հրեայ է ա՛ն՝ որ ծածուկ է, ու իսկական թլփատութիւնը՝ սիրտի՛նն է, հոգիո՛վ եւ ո՛չ թէ գիրով. ու անոր գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ:3 1 Ուրեմն ի՞նչ առաւելութիւն ունի Հրեան, կամ ի՞նչ շահ կայ թլփատութենէն. 2 շատ՝ ամէն կերպով: Նախ այն՝ որ Աստուծոյ պատգամները վստահուեցան անոնց: