Revelation 18:1-2

Armenian(i) 1 Ասկէ ետք՝ տեսայ (ուրիշ) հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր, ու երկիրը լուսաւորուեցաւ անոր փառքով: 2 Ան հզօր ձայնով աղաղակեց. «Կործանեցա՜ւ, կործանեցա՜ւ մեծ Բաբելոնը, եւ եղաւ դեւերու բնակավայր, ամէն անմաքուր ոգիի բանտ, ու ամէն անմաքուր եւ ատելի թռչունի բանտ.