Armenian(i)
2 Առաջին հրեշտակը գնաց եւ թափեց իր սկաւառակը երկրի վրայ. գէշ ու չարորակ պալար մը եղաւ այն մարդոց վրայ՝ որ ունէին գազանին դրոշմը, եւ անոնց վրայ՝ որ կ՚երկրպագէին անոր պատկերին: 3 Երկրորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը ծովուն վրայ. ջուրերը մեռած մարդու մը արիւնին պէս եղան, ու ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան: 4 Երրորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը գետերուն եւ ջուրերու աղբիւրներուն վրայ, ու անոնք արիւն եղան: 5 Լսեցի ջուրերուն հրեշտակը՝ որ կ՚ըսէր. «Արդա՛ր ես, դուն՝ որ ես եւ որ էիր, ու սո՛ւրբ ես՝ որ ա՛յսպէս դատեցիր, 6 որովհետեւ անոնք թափեցին սուրբերուն եւ մարգարէներուն արիւնը. դուն արիւն խմել տուիր անոնց՝ քանի որ արժանի են»: 7 Ու զոհասեղանէն լսեցի՝ որ կ՚ըսէր. «Այո՛, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած, քու դատաստաններդ ճշմարիտ եւ արդար են»: 8 Չորրորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը արեւին վրայ, 9 ու զօրութիւն տրուեցաւ անոր՝ որ կրակով տօթակէզ ընէ մարդիկը: Մարդիկ տօթակէզ եղան սաստիկ տօթէն, եւ հայհոյեցին անունը Աստուծոյ՝ որ իշխանութիւն ունի այս պատուհասներուն վրայ. բայց չապաշխարեցին՝ որ փառք տան անոր: 10 Հինգերորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը գազանին գահին վրայ, ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ: Ցաւէն՝ մարդիկ կը ծամէին իրենց լեզուն, 11 ու հայհոյեցին երկինքի Աստուծոյն՝ իրենց ցաւերուն եւ պալարներուն պատճառով. բայց չապաշխարեցին իրենց գործերէն: 12 Վեցերորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը Եփրատ մեծ գետին վրայ, ու անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէսզի պատրաստուի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան: 13 Տեսայ թէ վիշապին բերանէն, գազանին բերանէն եւ սուտ մարգարէին բերանէն դուրս ելան երեք անմաքուր ոգիներ՝ գորտերու նմանող: 14 Արդարեւ անոնք դեւերու ոգիներ էին, որ նշաններ կ՚ընէին ու կ՚երթային ամբողջ երկրագունդի թագաւորներուն, որպէսզի հաւաքեն զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այդ մեծ օրուան պատերազմին համար: 15 (Ահա՛ գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր՝ որ արթուն կը կենայ եւ կը պահէ իր հանդերձները, որպէսզի մերկ չշրջի ու իր անվայելչութիւնը չտեսնուի:) 16 Եւ հաւաքեցին զանոնք տեղ մը, որ եբրայերէն Արմագեդոն կը կոչուի: 17 Եօթներորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը օդին մէջ, ու երկինքի տաճարէն՝ գահէն հզօր ձայն մը ելաւ, որ կ՚ըսէր. «Եղա՛ւ»: