Revelation 13:15-18

Armenian(i) 15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին: 16 Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ, 17 որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը: 18 Հո՛ս է իմաստութիւնը. ո՛վ որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը, քանի որ մարդու մը թիւն է, եւ անոր թիւը՝ վեց հարիւր վաթսունվեց է: