Mark 10:6-12

Armenian(i) 6 բայց արարչութեան սկիզբէն՝ Աստուած զանոնք արու եւ էգ ստեղծեց: 7 “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, 8 ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”: Ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. 9 ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»: 10 Տունը՝ իր աշակերտները դարձեալ նոյն բանը հարցուցին իրեն: 11 Ըսաւ անոնց. «Ո՛վ որ արձակէ իր կինը եւ ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ անոր դէմ: 12 Ու եթէ կին մը արձակէ իր ամուսինը եւ ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ»: