Armenian(i)
8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք, եւ մի՛ սկսիք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. քանի որ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ: 9 Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ՝ որ լաւ պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը նետուի»: 10 Բազմութիւնները հարցուցին իրեն. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»: 11 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Ո՛վ որ երկու բաճկոն ունի՝ մէկը թող տայ չունեցողին, եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ»: 12 Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու, եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, մե՞նք ինչ ընենք»: 13 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Մի՛ պահանջէք աւելի՝ քան ինչ որ ձեզի պատուիրուած է»: