Armenian(i)
50 Մարդ մը կար՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի եւ արդար մարդ մը, 51 (ասիկա հաւանութիւն տուած չէր անոնց ծրագիրին ու արարքին,) Հրեաներուն Արիմաթեա քաղաքէն. ի՛նք ալ կը սպասէր Աստուծոյ թագաւորութեան: 52 Ասիկա գնաց Պիղատոսի քով եւ խնդրեց Յիսուսի մարմինը: 53 Ու խաչէն իջեցնելով զայն՝ փաթթեց կտաւով եւ դրաւ վիմափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր բնա՛ւ մէկը դրուած չէր: 54 Այդ օրը Ուրբաթ էր, ու Շաբաթը պիտի սկսէր: