Armenian(i)
24 Հաւատքո՛վ Մովսէս, երբ մեծցաւ, մերժեց Փարաւոնի աղջիկին որդի կոչուիլ, 25 նախընտրելով չարչարուիլ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ՝ քան վայելել մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը: 26 Աւելի մեծ հարստութիւն համարեց Քրիստոսի նախատինքը՝ քան Եգիպտոսի գանձերը, որովհետեւ կը դիտէր վարձատրութիւնը: 27 Հաւատքո՛վ ձգեց Եգիպտոսը՝ առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, որովհետեւ հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին: 28 Հաւատքո՛վ կատարեց զատիկը եւ արիւնին հեղումը, որպէսզի անդրանիկները բնաջնջողը չդպչի իրենց: 29 Հաւատքո՛վ Կարմիր ծովէն անցան՝ որպէս թէ ցամաքէ, ինչ որ Եգիպտացիները փորձեցին՝ սակայն ընկղմեցան: 30 Հաւատքո՛վ Երիքովի պարիսպները ինկան, երբ Իսրայելացիները եօթը օր դարձան անոնց շուրջը: 31 Հաւատքո՛վ Ռախաբ պոռնիկը չկորսուեցաւ անհնազանդներուն հետ, խաղաղութեամբ ընդունած ըլլալով լրտեսները: 32 Եւ ա՛լ ի՞նչ ըսեմ. որովհետեւ ժամանակը պիտի պակսի՝ պատմելու Գեդէոնի, Բարակի, Սամփսոնի, Յեփթայէի, Դաւիթի, Սամուէլի եւ ուրիշ մարգարէներու մասին, 33 որոնք հաւատքո՛վ պայքարեցան թագաւորութիւններու դէմ, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու երախներ գոցեցին, 34 կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերանէ խուսափեցան, տկարութենէ զօրացան, պատերազմի մէջ ուժեղացան, օտարներու բանակներ ընկճեցին: