Armenian(i)
3 Բայց ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ՚ըլլայ անոնցմով. 4 որովհետեւ նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը անկարող է քաւել մեղքերը: 5 Ուստի երբ մտաւ աշխարհ՝ ըսաւ. «Զոհ եւ ընծայ չուզեցիր, հապա մարմին մը պատրաստեցիր ինծի: 6 Ողջակէզներու եւ մեղքի պատարագներու չբարեհաճեցար: 7 Այն ատեն ըսի. “Ահա՛ կու գամ (ի՛մ մասիս գրուած է Գիրքի պատատին մէջ) քու կամքդ գործադրելու, ո՛վ Աստուած”»: