Armenian(i)
18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ, 19 եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան, 20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ, 21 ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ: 22 Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին, 23 որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ: