Acts 5:1-11

Armenian(i) 1 Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով, իր կնոջ՝ Սափիրայի հետ ստացուածք մը ծախեց, 2 անոր հասոյթէն խորեց իր կնոջ գիտակցութեամբ, ու մաս մը բերելով՝ դրաւ առաքեալներու տրամադրութեան տակ՝՝: 3 Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան լեցուց սիրտդ, որ ստես Սուրբ Հոգիին եւ խորես արտին հասոյթէն: 4 Քուկդ չէ՞ր ան՝ քանի կեցած էր, ու ծախուած ալ՝ իշխանութեանդ տակ էր: Ինչո՞ւ այս բանը դրիր սիրտիդ մէջ. դուն ստեցիր ո՛չ թէ մարդոց, հապա՝ Աստուծոյ»: 5 Անանիա՝ լսելով այս խօսքերը՝ ինկաւ եւ շունչը փչեց. ու մեծ վախ համակեց բոլոր անոնք՝՝ որ լսեցին ասիկա: 6 Երիտասարդները կանգնեցան, պատանքով փաթթեցին զայն, եւ դուրս հանելով թաղեցին: 7 Գրեթէ երեք ժամ ետք՝ անոր կինը ներս մտաւ, չգիտնալով պատահածը: 8 Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, արտը ա՞յդ գինով ծախեցիք»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, ա՛յդ գինով»: 9 Ուստի Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է, որ դուք համաձայնեցաք՝ Տէրոջ Հոգին փորձելու. ահա՛ ամուսինդ թաղողներուն ոտքերը դրան քով են, քե՛զ ալ պիտի հանեն դուրս»: 10 Եւ անմի՛ջապէս կինը ինկաւ անոր ոտքերուն քով ու շունչը փչեց: Երիտասարդները՝ ներս մտնելով՝ մեռած գտան զայն, եւ դուրս հանելով՝ թաղեցին իր ամուսինին քով: 11 Մեծ վախ մը համակեց ամբողջ եկեղեցին, ու բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս բաները: