Acts 25:22-23

Armenian(i) 22 Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսի. «Ե՛ս ալ կ՚ուզէի մտիկ ընել այդ մարդուն»: Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ՚ընես»: 23 Հետեւեալ օրը, երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ եկան մեծ հանդէսով եւ մտան ունկնդրութեան տեղը՝ հազարապետներուն ու քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս հրամայեց որ Պօղոսը բերուի: