Acts 17:24-28

Armenian(i) 24 Աստուած՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ, 25 ո՛չ ալ կը խնամուի մարդոց ձեռքով՝ իբր թէ որեւէ բանի կարօտ ըլլար. քանի որ ի՛նք կու տայ բոլորին կեանք, շունչ, եւ ամէն ինչ: 26 Մէ՛կ արիւնէ ստեղծեց մարդոց բոլոր ազգերը՝ որպէսզի բնակին ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ, ու սահմանեց նախապէս որոշուած ժամանակները եւ անոնց բնակարանի սահմանները՝ որ փնտռեն Տէրը, 27 ու թերեւս գտնեն զինք խարխափելով, թէպէտ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ալ հեռու չէ: 28 Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”: