Armenian(i)
1 Նմանապէս դո՛ւք, կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ոմանք չանսան խօսքին, շահուին առանց խօսքի՝ կիներուն վարքով, 2 մինչ կը տեսնեն ձեր մաքրակենցաղ ու երկիւղած վարքը: 3 Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դուրսէն՝ մազերու հիւսքերով, ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, 4 հապա ձեր զարդը թող ըլլայ սիրտին ծածուկ մարդը, հեզ եւ հանդարտ հոգիի մը անապականութեամբ, ինչ որ թանկագին է Աստուծոյ առջեւ: 5 Որովհետեւ ժամանակին սուրբ կիներն ալ, որոնք կը յուսային Աստուծոյ, ա՛յսպէս կը զարդարէին իրենք զիրենք՝ հպատակելով իրենց ամուսիններուն,