Ephesians 5:22-24

Armenian(i) 22 Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն՝ որպէս թէ Տէրոջ. 23 որովհետեւ ամուսինը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է, եւ ինքն է մարմինին Փրկիչը: 24 Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին հպատակ է Քրիստոսի, նոյնպէս ալ կիները թող ըլլան իրենց ամուսիններուն՝ ամէն բանի մէջ: