1 Peter 1:4-9

Armenian(i) 4 եւ անեղծանելի, անարատ ու անթառամ ժառանգութեան մը համար՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի: 5 Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը. 6 ուստի ցնծացէ՛ք անով, թէպէտ հիմա՝ քիչ մը ատեն, եթէ պէտք ըլլայ, կը տրտմիք բազմազան փորձութիւններով, 7 որպէսզի ձեր հաւատքին փորձը (որ կորստական ոսկիէն շատ աւելի պատուական է, թէպէտ ան կը փորձարկուի կրակով,) գտնուի գովեստով, պատիւով եւ փառքով՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան ատենը: 8 Դուք կը սիրէք զայն՝ չտեսած. կը հաւատաք անոր՝ թէպէտ հիմա չէք տեսներ զայն, եւ կը ցնծաք անպատմելի ու փառաւոր ուրախութեամբ, 9 ստանալով ձեր անձերուն փրկութիւնը՝ որպէս վախճանը ձեր հաւատքին: