1 Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըսենք. արդեօք յարատեւե՞նք մեղքի մէջ՝ որպէսզի շնորհքը աւելնայ:
Romans 6:1 Cross References - Armenian
Romans 2:4
4 Կամ թէ կ՚արհամարհե՞ս անոր քաղցրութեան, հանդուրժողութեան ու համբերատարութեան ճոխութիւնը, անգիտանալով թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը կ՚առաջնորդէ քեզ ապաշխարութեան:
Romans 3:5-8
5 Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը կ՚ապացուցանէ Աստուծոյ արդարութիւնը, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ բարկութիւն կը ցուցաբերէ6 (մարդկօրէն կ՚ըսեմ). ամե՛նեւին: Այլապէս՝ Աստուած ի՞նչպէս պիտի դատէ աշխարհը:7 Որովհետեւ եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը կը ճոխանայ իմ ստութեամբս՝ իր փառքին համար, ա՛լ ես ինչո՞ւ կը դատուիմ իբր մեղաւոր:8 Եւ ինչո՞ւ պատշաճ չէ ըսել. «Չարիք գործենք՝ որ բարիք յառաջ գայ», ինչպէս ոմանք մեզի հայհոյելով կը զրպարտեն՝՝ թէ մենք այդպէս կ՚ըսենք: Ատոնց դատապարտութիւնը արդարացի է:
Romans 3:31
31 Ուստի մենք կ՚ոչնչացնե՞նք Օրէնքը հաւատքով: Ամե՛նեւին. նոյնիսկ կը հաստատե՛նք Օրէնքը:
Romans 5:20-21
Romans 6:15
15 Ուրեմն ի՞նչ. մեղանչե՞նք, քանի որ Օրէնքի տակ չենք, հապա՝ շնորհքի տակ: Ամե՛նեւին:
Galatians 5:13
13 Որովհետեւ դուք ազատութեա՛ն կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու առիթ չըլլայ, հապա սիրո՛վ իրարու ծառայեցէք:
1 Peter 2:16
16 ըլլալով ազատ բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ո՛չ թէ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա՝ իբր Աստուծոյ ծառաներ:
2 Peter 2:18-19
Jude 1:4
4 Որովհետեւ քանի մը մարդիկ - որոնց դատապարտութիւնը վաղուց արձանագրուած է՝՝ - գաղտնի մտան ձեր մէջ, ամբարիշտներ՝ որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը այլափոխեցին ցոփութեան, եւ ուրացան միակ Տիրակալն ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը: