Matthew 12:18 Cross References - Armenian

18 «Ահա՛ իմ ծառաս՝ որ ընտրեցի, եւ իմ սիրելիս՝ որուն հաճեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս պիտի դնեմ անոր վրայ, ու իրաւունքը պիտի հռչակէ հեթանոսներուն:

Matthew 3:16-17

16 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր ու կու գար իր վրայ:17 Եւ ահա՛ ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»:

Matthew 17:5

5 Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ. անո՛ր մտիկ ըրէք»:

Mark 1:11

11 ու ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»:

Mark 9:7

7 Յանկարծ, երբ իրենց շուրջը նայեցան, ուրիշ ո՛չ մէկը տեսան, հապա միայն Յիսուսը՝ իրենց հետ:

Luke 2:31-32

31 որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ,32 լոյս մը՝ հեթանոսները լուսաւորելու, ու փառք՝ Իսրայէլի, քու ժողովուրդիդ»:

Luke 3:22

22 եւ Սուրբ Հոգին իջաւ անոր վրայ մարմնաւոր երեւոյթով՝ աղաւնիի պէս, ու ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի՛ հաճեցայ»:

Luke 4:18

18 «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,

Luke 9:35

35 Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, անո՛ր մտիկ ըրէք»:

Luke 23:35

35 Ժողովուրդը կայնած՝ կը դիտէր. պետերն ալ անոնց հետ կը քամահրէին զայն ու կ՚ըսէին. «Ուրիշները փրկեց, ինքզի՛նքն ալ թող փրկէ, եթէ ի՛նք է Քրիստոսը՝ Աստուծոյ ընտրեալը»:

John 1:32-34

32 Ու Յովհաննէս վկայելով ըսաւ. «Տեսայ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր երկինքէն եւ կը մնար անոր վրայ:33 Ես չէի ճանչնար զայն, բայց ա՛ն որ ղրկեց զիս ջուրով մկրտելու, ի՛նք ըսաւ ինծի. “Որո՛ւն վրայ որ տեսնես թէ Հոգին կ՚իջնէ ու կը մնայ, անիկա՛ է՝ որ Սուրբ Հոգիո՛վ կը մկրտէ”:34 Ես ալ տեսայ, եւ վկայեցի թէ ա՛յս է Աստուծոյ Որդին»:

John 3:34

34 որովհետեւ ա՛ն որ Աստուած ղրկեց՝ կը քարոզէ Աստուծոյ խօսքերը, քանի որ Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին:

Acts 10:38

38 Նազարէթէն եղող Յիսուսը, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ, շրջեցաւ բարիք գործելով ու բժշկելով բոլոր Չարախօսէն ճնշուածները, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր.

Acts 11:18

18 Այս բաները լսելով՝ հանդարտեցան, ու փառաբանեցին Աստուած՝ ըսելով. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներո՛ւն ալ ապաշխարութիւն շնորհեց՝ կեանքի համար»:

Acts 13:46-48

46 Ուստի Պօղոս ու Բառնաբաս համարձակելով ըսին. «Հարկ էր որ Աստուծոյ խօսքը քարոզուէր նախ ձեզի՛. բայց քանի որ կը վանէք զայն ձեզմէ, եւ դուք ձեզ արժանի չէք սեպեր յաւիտենական կեանքի, ահա՛ մենք կը դառնանք հեթանոսներուն:47 Որովհետեւ Տէրը սա՛ պատուիրած է մեզի. “Քեզ իբր լոյս դրի հեթանոսներուն, որպէսզի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս՝ մինչեւ երկրի ծայրերը”»:48 Լսելով ասիկա՝ հեթանոսները կ՚ուրախանային ու կը փառաւորէին Աստուծոյ խօսքը, եւ անոնք որ սահմանուած էին յաւիտենական կեանքին՝ հաւատացին:

Acts 14:27

27 Ու հոն երկար ժամանակ կեցան աշակերտներուն հետ:

Acts 26:17-18

17 Պիտի ազատեմ քեզ այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա կը ղրկեմ քեզ՝18 անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն՝ լոյսի, եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ դարձնելու, որպէսզի անոնք ստանան մեղքերու ներում, նաեւ ժառանգութիւն անոնց հետ՝ որ սրբացած են հաւատալով ինծի”»:

Romans 15:9-12

9 եւ հեթանոսները Աստուած փառաբանեն՝ իր ողորմութեան համար, ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար պիտի ներբողեմ քեզ հեթանոսներուն մէջ, եւ սաղմոս պիտի երգեմ քու անունիդ»:10 Դարձեալ կ՚ըսէ. «Հեթանոսնե՛ր, ուրախացէ՛ք անոր ժողովուրդին հետ»:11 Եւ դարձեալ. «Գովաբանեցէ՛ք Տէրը, բոլո՛ր հեթանոսներ, ու գովեցէ՛ք զայն, բոլո՛ր ժողովուրդներ»:12 Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ. «Յեսսէի մէկ արմատը պիտի ըլլայ, եւ կանգնելով՝ հեթանոսներուն վրայ պիտի իշխէ. անո՛ր պիտի յուսան հեթանոսները»:

Ephesians 1:6

6 որպէսզի գովաբանենք իր շնորհքին փառքը. անո՛վ ընդունելի դարձուց մեզ՝ Սիրելիին միջոցով:

Ephesians 2:11-13

11 Ուստի յիշեցէ՛ք թէ դուք ժամանակին մարմինով հեթանոսներ էիք, (որոնք անթլփատ կը կոչուին անոնցմէ՝ որ թլփատուած կը կոչուին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած.)12 այդ ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք, ուծացած ըլլալով Իսրայէլի հասարակութենէն, եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն. ո՛չ յոյս ունէիք, ո՛չ ալ Աստուած՝ աշխարհի մէջ:13 Իսկ հիմա՝ Քրիստոս Յիսուսով՝ դուք որ ժամանակին հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսի արիւնով:

Ephesians 3:5-8

5 որ ուրիշ սերունդներու մէջ մարդոց որդիներուն չգիտցուեցաւ, ինչպէս ան հիմա՝ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ յայտնուած է իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն,6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,

Philippians 2:6-7

6 Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,7 հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝

Colossians 1:1

1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը՝

Colossians 1:13

13 եւ ազատեց մեզ խաւարի իշխանութենէն ու փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութեան.

1 Peter 2:4

4 Մօտեցէ՛ք անոր՝ ապրող քարին, որ արդարեւ մարդոցմէ մերժուած է, բայց Աստուծմէ ընտրուած ու պատուական է:

2 Peter 1:17

17 Որովհետեւ ինք պատիւ եւ փառք ստացաւ Հայր Աստուծմէ, երբ այն մեծավայելուչ փառքէն այսպիսի ձայն մը եկաւ իրեն. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն ես հաճեցայ»:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.