1 Երբ Յիսուս աւարտեց պատուէր տալը իր տասներկու աշակերտներուն, մեկնեցաւ անկէ՝ սորվեցնելու եւ քարոզելու անոնց քաղաքներուն մէջ:2 Երբ Յովհաննէս բանտին մէջ լսեց Քրիստոսի գործերուն մասին, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ ըսաւ անոր.3 «Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի՛ մը սպասենք»:4 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Գացէ՛ք եւ պատմեցէ՛ք Յովհաննէսի՝ ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք.5 կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ աղքատներուն կ՚աւետարանուի:6 Երանի՜ անոր՝ որ չի գայթակղիր իմ պատճառովս»:7 Երբ անոնք մեկնեցան, Յիսուս սկսաւ բազմութիւններուն ըսել Յովհաննէսի մասին. «Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատը. հովէն տատանող եղէ՞գ մը:8 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա՛ փափուկ հանդերձներ կրողները՝ թագաւորներուն տուներն են:9 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. մարգարէ՞ մը: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի:10 Որովհետեւ ասիկա՛ է ա՛ն՝ որուն մասին գրուած է. “Ահա՛ ես կը ղրկեմ իմ պատգամաւորս քու առջեւէդ. ան պիտի պատրաստէ ճամբադ՝ քու առջեւդ”:11 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Կիներէ ծնածներուն մէջ՝ Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծը ելած չէ”. սակայն երկինքի թագաւորութեան մէջ՝ ամենէն պզտիկը անկէ աւելի մեծ է:12 Ու Յովհաննէս Մկրտիչին օրերէն մինչեւ հիմա՝ երկինքի թագաւորութիւնը ոյժո՛վ կ՚առնուի, եւ ուժեղնե՛րը կը յափշտակեն զայն.13 որովհետեւ բոլոր Մարգարէներն ու Օրէնքը մարգարէացան մինչեւ Յովհաննէս:14 Եթէ կ՚ուզէք ընդունիլ, անիկա՛ է Եղիան՝ որ պիտի գար:15 Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ:16 Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդը: Կը նմանի մանուկներու, որոնք հրապարակները նստելով՝ կը գոչեն իրենց ընկերներուն17 եւ կ՚ըսեն. “Սրինգ նուագեցինք ձեզի՝ ու չպարեցիք, ողբացինք ձեզի՝ ու չհեծեծեցիք”:18 Որովհետեւ Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ՚ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ՚ըսէին. “Դեւ կայ անոր մէջ”:19 Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ եւ կը խմէ, ու կ՚ըսեն. “Ահա՛ շատակեր ու գինեսէր մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ”: Բայց իմաստութիւնը արդարացաւ իր զաւակներով»:20 Այն ատեն սկսաւ կշտամբել այն քաղաքները՝ որոնց մէջ կատարուեր էին իր հրաշքներէն շատերը, քանի որ չապաշխարեցին.21 «Վա՜յ քեզի՝ Քորազին, վա՜յ քեզի՝ Բեթսայիդա, որովհետեւ եթէ Տիւրոսի եւ Սիդոնի մէջ կատարուած ըլլային այն հրաշքները՝ որոնք ձեր մէջ կատարուեցան, շատո՛նց ապաշխարած պիտի ըլլային քուրձով ու մոխիրով:22 Բայց ձեզի կը յայտարարեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան ձեզի:23 Իսկ դո՛ւն, Կափառնայում, որ բարձրացած ես մինչեւ երկինք, պիտի իջնես մինչեւ դժոխք, որովհետեւ եթէ Սոդոմի մէջ կատարուած ըլլային այն հրաշքները՝ որոնք քու մէջդ կատարուեցան, տակաւին մնացած պիտի ըլլար մինչեւ այսօր:24 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»:25 Այդ ատեն Յիսուս ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, ո՛վ Հայր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն:26 Այո՛, Հա՛յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:27 Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի իմ Հօրմէս, եւ ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Որդին՝ բայց միայն Հայրը, ու ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Հայրը՝ բայց միայն Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել:28 Եկէ՛ք ինծի, դուք բոլորդ որ կը յոգնիք ու բեռնաւորուած էք, եւ ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ:29 Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ ու սորվեցէ՛ք ինձմէ՝ որ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, ու հանգստութիւն պիտի գտնէք ձեր անձերուն.30 որովհետեւ իմ լուծս հեշտ է, եւ իմ բեռս՝ թեթեւ»:
Matthew 11 Cross References - Armenian
Matthew 1:17
17 Ուրեմն բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ՝ տասնչորս սերունդ են, եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնի տարագրութիւնը՝ տասնչորս սերունդ, ու Բաբելոնի տարագրութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնչորս սերունդ:
Matthew 2:2-6
2 եւ ըսին. «Ո՞ւր է ա՛ն՝ որ ծնաւ իբր Հրեաներուն թագաւորը. որովհետեւ մենք տեսանք անոր աստղը՝ արեւելքի մէջ, ու եկանք երկրպագելու անոր»:3 Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ ամբողջ Երուսաղէմը:4 Ապա, հաւաքելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին դպիրները, հարցափորձեց զանոնք թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:5 Անոնք ալ ըսին իրեն. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ: Որովհետեւ սա՛ գրուած է մարգարէին միջոցով.6 “Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի՛ երկիր, Յուդայի կառավարիչներուն մէջ բնա՛ւ ամենափոքրը չես. որովհետեւ Կառավարիչ մը պիտի ելլէ քեզմէ, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը”»:
Matthew 3:1-3
Matthew 3:3
3 Ա՛յս է ա՛ն, որուն մասին Եսայի մարգարէն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները”»:4 Յովհաննէսի հագուստը ուղտի մազէ էր, իր մէջքին շուրջ՝ կաշիէ գօտի ունէր, եւ իր կերակուրը՝ մարախ ու վայրի մեղր էր:5 Այն ատեն Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանանի ամբողջ շրջակայքէն կ՚երթային իրեն,
Matthew 3:11
11 Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով՝ ապաշխարութեան համար, բայց ա՛ն որ կու գայ իմ ետեւէս՝ ինձմէ հզօր է, ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
Matthew 4:12
Matthew 4:23
23 Յիսուս ամբողջ Գալիլեան շրջելով՝ կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ ժողովուրդին մէջ կը բուժէր ամէն տեսակ ախտ ու ամէն տեսակ վատառողջութիւն:
Matthew 5:3
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
Matthew 5:3-12
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:4 Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:5 Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:6 Երանի՜ անոնց՝ որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:7 Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:8 Երանի՜ անոնց՝ որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած:9 Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:10 Երանի՜ անոնց՝ որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:11 Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր կ՚ըսեն՝ իմ պատճառովս:12 Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը շատ է երկինքը. քանի որ ա՛յս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»:
Matthew 5:17-18
17 «Մի՛ կարծէք թէ եկայ՝ աւրելու Օրէնքը կամ Մարգարէները: Եկայ ո՛չ թէ աւրելու, հապա՝ գործադրելու:18 Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մինչեւ որ երկինքն ու երկիրը անցնին, Օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի՝ մինչեւ որ բոլորն ալ կատարուին”:19 Ուրեմն ո՛վ որ այս ամենափոքր պատուիրաններէն մէկը լուծէ եւ մարդոց ա՛յնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ. բայց ո՛վ որ գործադրէ ու սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ:
Matthew 7:24
24 «Ուրեմն ո՛վ որ կը լսէ այս խօսքերս եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանցնեմ զայն ուշիմ մարդու մը՝ որ իր տունը կառուցանեց վէմի վրայ:
Matthew 7:28
28 Երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, բազմութիւնը ապշած մնաց անոր ուսուցումին վրայ.
Matthew 8:1-4
1 Երբ այդ լեռնէն վար իջաւ, մեծ բազմութիւններ հետեւեցան անոր:2 Եւ ահա՛ բորոտ մը եկաւ ու երկրպագեց անոր՝ ըսելով. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնա՛ս մաքրել զիս»:3 Յիսուս՝ երկարելով իր ձեռքը՝ դպաւ անոր եւ ըսաւ. «Կ՚ուզե՛մ, մաքրուէ՛»: Իսկոյն անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ:4 Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգուշացի՛ր, ո՛չ մէկուն ըսէ. հապա գնա՛, ցո՛յց տուր քեզ քահանային, ու մատուցանէ՛ Մովսէսի պատուիրած ընծան՝ վկայութիւն ըլլալու համար անոնց»:5 Երբ մտաւ Կափառնայում, հարիւրապետ մը քովը եկաւ, կ՚աղաչէր անոր
Matthew 9:10-11
Matthew 9:14
Matthew 9:23
Matthew 9:30
30 Անոնց աչքերը բացուեցան, ու Յիսուս ազդարարեց անոնց՝ ըսելով. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը գիտնայ»:
Matthew 9:35
35 Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ կը բուժէր բոլոր ախտերն ու բոլոր վատառողջութիւնները ժողովուրդին մէջ:
Matthew 10:8
8 Բուժեցէ՛ք հիւանդները, մաքրեցէ՛ք բորոտները՝՝, հանեցէ՛ք դեւերը. ձրի՛ ստացած էք, ձրի՛ տուէք:
Matthew 10:15
15 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու երկրին աւելի՛ դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, քան այդ քաղաքին”»:
Matthew 10:25
25 Բաւական է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ, ու ծառային՝ իր տիրոջ պէս: Եթէ տանուտէրը կոչեցին Բէեղզեբուղ, ո՜րչափ աւելի՝ անոր տնեցիները»:
Matthew 11:13-14
Matthew 11:22
22 Բայց ձեզի կը յայտարարեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան ձեզի:
Matthew 11:24
24 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»:
Matthew 11:27-28
27 Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի իմ Հօրմէս, եւ ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Որդին՝ բայց միայն Հայրը, ու ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Հայրը՝ բայց միայն Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել:28 Եկէ՛ք ինծի, դուք բոլորդ որ կը յոգնիք ու բեռնաւորուած էք, եւ ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ:29 Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ ու սորվեցէ՛ք ինձմէ՝ որ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, ու հանգստութիւն պիտի գտնէք ձեր անձերուն.
Matthew 12:19-20
Matthew 12:34
34 Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք՝ չար ըլլալով՝ բարի բաներ խօսիլ. որովհետեւ բերանը կը խօսի սիրտին լիութենէն:
Matthew 12:36
36 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ որ մարդիկ կը խօսին, հաշիւ պիտի տան դատաստանին օրը”:
Matthew 12:41
41 Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը պիտի կանգնին այս սերունդին դէմ ու պիտի դատապարտեն զայն, որովհետեւ զղջացին Յովնանի քարոզութեամբ. եւ ահա՛ Յովնանէ մեծ մէկը կայ հոս:
Matthew 12:41-42
41 Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը պիտի կանգնին այս սերունդին դէմ ու պիտի դատապարտեն զայն, որովհետեւ զղջացին Յովնանի քարոզութեամբ. եւ ահա՛ Յովնանէ մեծ մէկը կայ հոս:42 Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը ոտքի պիտի ելլէ այս սերունդին դէմ ու զայն պիտի դատապարտէ, որովհետեւ ինք եկաւ երկրի ծայրերէն՝ Սողոմոնի իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա՛ Սողոմոնէ մեծ մէկը կայ հոս»:
Matthew 13:9
9 Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Matthew 13:11-16
11 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ:12 Որովհետեւ ո՛վ որ ունի, անոր պիտի տրուի ու առատութեան մէջ պիտի ըլլայ. իսկ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի:13 Ուստի առակներով կը խօսիմ անոնց, քանի որ տեսնելով՝ չեն տեսներ, ու լսելով՝ չեն լսեր, ո՛չ ալ կը հասկնան:14 Անոնց վրայ պիտի իրագործուի Եսայիի մարգարէութիւնը՝ որ կ՚ըսէ. “Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք. շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:15 Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ, եւ իրենց ականջներով ծանր լսեցին ու գոցեցին իրենց աչքերը, որպէսզի աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան, եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք”:16 Բայց երանի՜ ձեր աչքերուն՝ որ կը տեսնեն, եւ ձեր ականջներուն՝ որ կը լսեն:
Matthew 13:43
43 Այն ատեն արդարները պիտի փայլին արեւի պէս՝ իրենց Հօր թագաւորութեան մէջ: Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Matthew 13:55-57
55 Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր: Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս, Յովսէս, Սիմոն ու Յուդա,56 եւ ասոր քոյրերը՝ բոլորն ալ մեր քով չե՞ն: Ուրեմն ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բոլոր բաները».57 ու կը գայթակղէին անոր պատճառով: Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը առանց պատիւի չէ, բացի իր բնագաւառին եւ իր տան մէջ»:
Matthew 14:3
3 Արդարեւ Հերովդէս բռներ էր Յովհաննէսը, ու զայն կապելով բանտը դրեր էր, իր եղբօր՝ Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով.
Matthew 14:5
5 Ուստի կ՚ուզէր սպաննել զայն, բայց կը վախնար բազմութենէն, որովհետեւ մարգարէ կը նկատէին՝՝ զայն:
Matthew 15:12-14
Matthew 15:21
21 Յիսուս անկէ մեկնելով՝ գնաց Տիւրոսի ու Սիդոնի երկրամասերը:
Matthew 15:30-31
30 Ու մեծ բազմութիւններ եկան իրեն, որոնք ունէին իրենց հետ կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ շատ ուրիշներ, ու ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը: Ան ալ բուժեց զանոնք.31 այնպէս որ բազմութիւնը զմայլեցաւ՝ տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին. ու կը փառաբանէին Իսրայէլի Աստուածը:
Matthew 16:17
Matthew 17:5
5 Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ. անո՛ր մտիկ ըրէք»:
Matthew 17:10-13
10 Աշակերտները հարցուցին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ դպիրները կ՚ըսեն թէ “պէտք է որ նախ Եղիա գայ”»:11 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Իրաւ է թէ նախ Եղիա պիտի գայ եւ վերահաստատէ ամէն բան:12 Բայց ձեզի կ՚ըսեմ թէ Եղիա արդէն եկած է, ու չճանչցան զայն, հապա ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր. նոյնպէս ալ մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնցմէ»:13 Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին ըսաւ իրենց:
Matthew 17:24
24 Երբ տուն մտաւ, Յիսուս կանխեց զինք՝ ըսելով. «Ի՞նչ է քու կարծիքդ, Սիմո՛ն. երկրի թագաւորները որմէ՞ կը ստանան հարկը կամ տուրքը, իրենց որդիներէ՞ն՝ թէ օտարներէն»:
Matthew 18:3-4
Matthew 18:7
7 Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններու պատճառով. որովհետեւ հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով գայթակղութիւնը կու գայ:
Matthew 21:5
5 «Ըսէ՛ք Սիոնի աղջիկին. “Ահա՛ Թագաւորդ կու գայ քեզի, հեզ եւ հեծած իշու վրայ, իշու ձագի՝ աւանակի վրայ”»:
Matthew 21:9
9 Եւ առջեւէն գացող ու իրեն հետեւող բազմութիւնները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին: Օրհնեա՜լ է ան՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով: Ովսաննա՜ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:
Matthew 21:14
14 Կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն՝ տաճարին մէջ, եւ բուժեց զանոնք:
Matthew 21:16
16 եւ ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ի՛նչ կ՚ըսեն ատոնք»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացած գրուածը. “Երախաներուն ու ծծկերներուն բերանով գովաբանութիւն կատարեցիր”»:
Matthew 21:23-32
23 Երբ ան եկաւ տաճարը, քահանայապետներն ու ժողովուրդին երէցները մօտեցան անոր՝ մինչ կը սորվեցնէր, եւ ըսին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես այդ բաները. ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»:24 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես ալ ձեզի՛ հարցնեմ բան մը. եթէ ըսէք ինծի, ես ալ պիտի ըսեմ ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները:
Matthew 21:24-32
24 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես ալ ձեզի՛ հարցնեմ բան մը. եթէ ըսէք ինծի, ես ալ պիտի ըսեմ ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները:25 “Յովհաննէսի մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկինքէ՞ն՝ թէ մարդոցմէ”»: Անոնք կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի ըսէ մեզի. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”:
Matthew 21:25-26
25 “Յովհաննէսի մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկինքէ՞ն՝ թէ մարդոցմէ”»: Անոնք կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի ըսէ մեզի. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”:
Matthew 21:25-32
Matthew 21:26-32
26 Իսկ եթէ պատասխանենք. “Մարդոցմէ”, բազմութենէն կը վախնանք, որովհետեւ բոլորն ալ մարգարէ կը համարեն Յովհաննէսը»:27 Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. «Չենք գիտեր»: Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ չեմ ըսեր ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները»:28 «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. մարդ մը ունէր երկու զաւակ: Առաջինին ըսաւ. “Որդեա՛կ, գնա՛, գործէ՛ այսօր այգիիս մէջ”:29 Ան ալ պատասխանեց. “Չեմ ուզեր երթալ”: Բայց յետոյ զղջաց ու գնաց:30 Միւսին ալ գնաց եւ նոյնը ըսաւ: Ան ալ պատասխանեց. “Կ՚երթամ, տէ՛ր”, սակայն չգնաց:31 Այս երկուքէն ո՞վ գործադրեց իր հօր կամքը»: Ըսին անոր. «Առաջի՛նը»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:32 Արդարեւ Յովհաննէս արդարութեան ճամբայով եկաւ ձեզի, եւ դուք չհաւատացիք անոր. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները հաւատացին անոր, իսկ դուք տեսաք եւ յետոյ չզղջացիք՝ որ հաւատայիք անոր»:
Matthew 23:4
4 Արդարեւ ծանր ու դժուարակիր բեռներ կը կապեն եւ կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ, ու իրենց մատո՛վ իսկ չեն ուզեր շարժել զանոնք:
Matthew 23:13-29
13 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը գոցէք երկինքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ. դո՛ւք չէք մտներ, ու մտնողներուն ալ թոյլ չէք տար՝ որ մտնեն:14 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը լափէք այրիներուն տուները, ու իբր պատրուակ՝ աղօթքը կ՚երկարէք. ուստի աւելի՛ խստութեամբ պիտի դատուիք՝՝:15 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը շրջիք ծով ու ցամաք՝ մէկը նորահաւատ ընելու, եւ երբ ըլլայ՝ զայն ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ՚ընէք:16 Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ, որ կ՚ըսէք. “Ո՛վ որ երդում կ՚ընէ տաճարին վրայ՝ բան մը չէ, բայց ո՛վ որ երդում կ՚ընէ տաճարի ոսկիի՛ն վրայ՝ պարտաւոր կ՚ըլլայ”:17 Յիմարնե՛ր ու կոյրե՛ր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն՝ թէ տաճա՛րը, որ կը սրբացնէ ոսկին:18 Նաեւ կ՚ըսէք. “Ո՛վ որ երդում կ՚ընէ զոհասեղանին վրայ՝ բան մը չէ, բայց ո՛վ որ երդում կ՚ընէ զոհասեղանին վրայի ընծայի՛ն վրայ՝ պարտաւոր կ՚ըլլայ”:19 Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ընծա՞ն՝ թէ զոհասեղանը, որ կը սրբացնէ ընծան:20 Ուրեմն, ո՛վ որ երդում կ՚ընէ զոհասեղանին վրայ, երդում կ՚ընէ անոր վրայ ու անոր վրայ եղած բոլոր բաներուն վրայ:21 Եւ ո՛վ որ երդում կ՚ընէ տաճարին վրայ, երդում կ՚ընէ անոր վրայ ու անոր մէջ բնակողին վրայ:22 Եւ ո՛վ որ երդում կ՚ընէ երկինքի վրայ, երդում կ՚ընէ Աստուծոյ գահին վրայ ու անոր վրայ բազմողին վրայ:23 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը վճարէք անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը, բայց կը թողուք Օրէնքին աւելի ծանր բաները՝ իրաւունքը, կարեկցութիւնն ու հաւատքը. ասո՛նք պէտք է ընէիք, եւ զանոնք չձգէիք:24 Կո՛յր առաջնորդներ, որ կը քամէք մժղուկը ու կը կլլէք ուղտը:25 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը մաքրէք գաւաթին ու պնակին դուրսի՛ կողմը, բայց ներսէն լեցուն են յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ:26 Կո՛յր Փարիսեցի, նախ մաքրէ՛ գաւաթին ու պնակին ներսի՛ կողմը, որպէսզի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ:27 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփուած գերեզմաններու, որոնք արդարեւ դուրսէն գեղեցիկ կ՚երեւնան, բայց ներսէն լեցուն են մեռելներու ոսկորներով ու ամէն տեսակ անմաքրութեամբ:28 Նոյնպէս դուք դուրսէն արդար կ՚երեւնաք մարդոց, իսկ ներսէն լի էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ»:29 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ կը կառուցանէք մարգարէներուն տապանները եւ կը զարդարէք արդարներուն գերեզմանները,
Matthew 23:36
36 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս բոլոր բաները պիտի գան այս սերունդին վրայ”»:
Matthew 24:10
10 Եւ այն ատեն շատե՜ր պիտի գայթակղին, պիտի մատնեն զիրար ու պիտի ատեն զիրար:
Matthew 24:34
34 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”:
Matthew 26:24
24 Ի՛րապէս մարդու Որդին կ՚երթայ՝ ինչպէս գրուած է իր մասին, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով մարդու Որդին կը մատնուի: Այդ մարդուն լաւ պիտի ըլլար՝ որ ծնած չըլլար»:
Matthew 26:31
31 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք բոլորդ պիտի գայթակղիք այս գիշեր իմ պատճառովս, որովհետեւ գրուած է. “Հովիւը պիտի զարնեմ, ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին”:
Matthew 28:18
18 Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:
Matthew 28:20
20 Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն:
Mark 1:2
2 Ինչպէս Մարգարէներուն մէջ գրուած է. «Ահա՛ ես կը ղրկեմ իմ պատգամաւորս քու առջեւէդ. ան պիտի պատրաստէ ճամբադ՝ քու առջեւդ»:3 «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները”»:4 Յովհաննէս կը մկրտէր անապատին մէջ եւ կը քարոզէր ապաշխարութեան մկրտութիւնը՝ մեղքերու ներումին համար:5 Ամբողջ Հրէաստանի երկիրը ու բոլոր Երուսաղեմացիները կ՚երթային անոր: Բոլորը կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ՝ իրենց մեղքերը խոստովանելով:
Mark 1:38-39
Mark 3:8
8 Երուսաղէմէն, Եդովմէն ու Յորդանանի միւս կողմէն. նաեւ անոնք՝ որ Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջակայ տեղերէն էին, մեծ բազմութեամբ, երբ լսեցին ինչ որ կ՚ընէր՝ եկան իրեն:
Mark 4:9
9 Եւ ըսաւ անոնց. «Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:10 Երբ առանձին էր, իր շուրջը եղողները՝ տասներկուքին հետ հարցուցին իրեն այս առակին մասին:11 Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց որ դուրսէն են՝ ամէն ինչ առեղծուած կ՚ըլլայ.12 որպէսզի շատ տեսնեն՝ բայց չըմբռնեն, շատ լսեն՝ բայց չհասկնան, ու դարձի չգան եւ իրենց մեղքերը չներուին»:
Mark 4:23
23 Եթէ մէկը ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Mark 4:30
30 Ապա կ՚ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք, կամ ի՞նչ առակով բացատրենք զայն:
Mark 6:11
11 Իսկ անոնք որ չեն ընդունիր ձեզ ու մտիկ չեն ըներ ձեզի, երբ անկէ մեկնիք՝ թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն ներքեւի փոշին, իբր վկայութիւն անոնց: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Սոդոմացիներուն եւ Գոմորացիներուն աւելի՛ դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան այդ քաղաքին”՝՝»:
Mark 6:17
17 Արդարեւ Հերովդէս՝ ի՛նք մարդ ղրկելով բռներ էր Յովհաննէսը, ու կապելով բանտը դրեր էր, իր եղբօր՝ Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով, քանի որ անոր հետ ամուսնացած էր.
Mark 6:45
45 Իսկոյն իր աշակերտները հարկադրեց՝ որ նաւ մտնեն, ու իրմէ առաջ անցնին միւս եզերքը՝ Բեթսայիդա, մինչ ինք կ՚արձակէր բազմութիւնը:
Mark 7:15
15 Ոչինչ կայ՝ որ դուրսէն մտնէ մարդուն մէջ ու կարող ըլլայ պղծել զայն. հապա ինչ որ դուրս կ՚ելլէ անկէ, անիկա՛ է որ կը պղծէ մարդը:
Mark 7:24
24 Կանգնելով՝ անկէ գնաց Տիւրոսի եւ Սիդոնի հողամասերը, ու տուն մը մտնելով՝ կ՚ուզէր որ ո՛չ մէկը գիտնայ. բայց չկրցաւ թաքուն մնալ:
Mark 7:31
31 Դարձեալ Տիւրոսի եւ Սիդոնի հողամասերէն մեկնելով՝ գնաց Գալիլեայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի հողամասին մէջէն:
Mark 7:37
37 Չափազանց կ՚ապշէին ու կ՚ըսէին. «Ան ամէն ինչ լաւ կ՚ընէ. խուլերուն լսել կու տայ, եւ համրերուն՝ խօսիլ»:
Mark 8:22
22 Երբ գնաց Բեթսայիդա՝ կոյր մը բերին անոր առջեւ, ու կ՚աղաչէին իրեն՝ որ դպչի անոր:
Mark 9:11-13
11 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Արդարեւ նախ Եղիա կու գայ ու կը վերահաստատէ ամէն բան. ի՛նչպէս գրուած է մարդու Որդիին մասին՝ թէ պէտք է շատ չարչարանքներ կրէ եւ անարգուի:12 Բայց կ՚ըսեմ ձեզի թէ Եղիա եկաւ ալ, ու ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր, ինչպէս գրուած էր իր մասին»:13 Աշակերտներուն քով գալով՝ տեսաւ մեծ բազմութիւն մը անոնց շուրջը, ու դպիրներ՝ որ կը վիճաբանէին անոնց հետ:
Mark 9:19
19 Իրեն բերին զայն: Երբ տղան տեսաւ զինք, իսկոյն չար ոգին ցնցեց զայն, եւ գետին ինկած՝ կը թաւալէր ու կը փրփրէր:
Mark 9:25
25 Ոգին աղաղակելով՝ սաստիկ ցնցեց զայն ու ելաւ. եւ տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին. «Մեռա՛ւ»:
Mark 10:14-16
14 Երբ Յիսուս տեսաւ, ընդվզելով ըսաւ անոնց. «Թո՛յլ տուէք այդ մանուկներուն՝ որ գան ինծի, եւ մի՛ արգիլէք զանոնք, որովհետեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է:15 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ չընդունի Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ մանուկի մը պէս, բնա՛ւ պիտի չմտնէ անոր մէջ”»:16 Ու գիրկը առաւ զանոնք, ձեռք դրաւ անոնց վրայ եւ օրհնեց զանոնք:
Mark 11:9
9 Առջեւէն գացողներն ու իրեն հետեւողները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜. օրհնեա՜լ է ա՛ն՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով:
Mark 16:14
14 Յետոյ երեւցաւ տասնմէկին՝ երբ սեղան նստած էին, ու կշտամբեց անոնց անհաւատութիւնը եւ սիրտի կարծրութիւնը, որովհետեւ չհաւատացին անոնց՝ որոնց ինք երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առած:
Luke 1:15-17
15 որովհետեւ Տէրոջ առջեւ մեծ պիտի ըլլայ: Ո՛չ գինի պիտի խմէ, ո՛չ ալ օղի, ու դեռ իր մօր որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի,
Luke 1:15
15 որովհետեւ Տէրոջ առջեւ մեծ պիտի ըլլայ: Ո՛չ գինի պիտի խմէ, ո՛չ ալ օղի, ու դեռ իր մօր որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի,16 եւ Իսրայէլի որդիներէն շատերը պիտի դարձնէ Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն:17 Ինք պիտի գայ անոր առջեւէն՝ Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ, հայրերուն սիրտը վերադարձնելու դէպի զաւակները, եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեան, որպէսզի պատրաստէ Տէրոջ բարեյօժար ժողովուրդ մը»:
Luke 1:17
17 Ինք պիտի գայ անոր առջեւէն՝ Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ, հայրերուն սիրտը վերադարձնելու դէպի զաւակները, եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեան, որպէսզի պատրաստէ Տէրոջ բարեյօժար ժողովուրդ մը»:
Luke 1:76
76 Իսկ դո՛ւն, մանո՛ւկ, Ամենաբարձրին մարգարէն պիտի կոչուիս, որովհետեւ “պիտի երթաս Տէրոջ առջեւէն՝ անոր ճամբաները պատրաստելու,
Luke 2:34
34 Սիմէոն օրհնեց զանոնք, եւ ըսաւ անոր մօր՝ Մարիամի. «Ահա՛ այս մանուկը սահմանուած է շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար՝ Իսրայէլի մէջ, եւ հակաճառութեան նշան մը ըլլալու համար.
Luke 3:3-7
3 Ան ալ եկաւ Յորդանանի շրջակայքը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր՝ մեղքերու ներումին համար,4 ինչպէս գրուած է Եսայի մարգարէին խօսքերուն գիրքին մէջ. «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները:5 Ամէն ձոր պիտի լեցուի, եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ. ծուռը պիտի շտկուի, խորտուբորտ տեղերը պիտի ըլլան հարթ ճամբաներ,6 եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը”»:7 Իրմէ մկրտուելու եկող բազմութեան ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն:
Luke 3:19
19 Բայց Հերովդէս չորրորդապետը, կշտամբուելով անկէ իր եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի համար, նաեւ բոլոր չարիքներուն համար՝ որ Հերովդէս ըրած էր,
Luke 4:15-21
15 Ինք կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, ու կը փառաւորուէր բոլորէն:16 Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը, ու կանգնեցաւ որ կարդայ:17 Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը: Երբ բացաւ գիրքը, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր.18 «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
Luke 4:18
18 «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,19 գերիներուն՝ ազատ արձակում եւ կոյրերուն տեսողութիւն յայտարարելու, հարստահարութիւն կրողները ազատ արձակելու, Տէրոջ բարեհաճութեան տարին յայտարարելու»:20 Յետոյ գոցեց գիրքը, տուաւ սպասաւորին, ու նստաւ: Բոլոր ժողովարանը եղողները իրենց աչքերը սեւեռած էին անոր վրայ:21 Ուստի սկսաւ ըսել անոնց. «Այսօր այս գրուածը իրագործուեցաւ, ու ձեր ականջները լսեցին»:
Luke 4:23-29
23 Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք սա՛ առածը. “Բժի՛շկ, դուն քե՛զ բուժէ: Ո՜րչափ բաներ լսեցինք՝ որ Կափառնայումի մէջ կատարուեցան. հո՛ս ալ ըրէ՝ քո՛ւ բնագաւառիդ մէջ”»:
Luke 4:23
23 Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք սա՛ առածը. “Բժի՛շկ, դուն քե՛զ բուժէ: Ո՜րչափ բաներ լսեցինք՝ որ Կափառնայումի մէջ կատարուեցան. հո՛ս ալ ըրէ՝ քո՛ւ բնագաւառիդ մէջ”»:24 Եւ շարունակեց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛չ մէկ մարգարէ ընդունելի է իր բնագաւառին մէջ”:25 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Շատ այրիներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիայի օրերը, երբ երկինք գոցուեցաւ երեք տարի ու վեց ամիս, եւ մեծ սով եղաւ ամբողջ երկրին մէջ.26 բայց Եղիա անոնցմէ ո՛չ մէկուն ղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներուն Սարեփթա քաղաքը բնակող այրի կնոջ մը:
Luke 4:26
26 բայց Եղիա անոնցմէ ո՛չ մէկուն ղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներուն Սարեփթա քաղաքը բնակող այրի կնոջ մը:27 Նաեւ շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիսէ մարգարէին ատենը, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը մաքրուեցաւ, հապա միայն՝ Նէեման Ասորին”»:28 Ժողովարանին մէջ բոլորն ալ զայրոյթով լեցուեցան՝ երբ լսեցին այս խօսքերը.29 ուստի կանգնելով՝ դուրս հանեցին զայն քաղաքէն, եւ տարին զայն մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը՝ որուն վրայ իրենց քաղաքը կառուցանուած էր, որպէսզի բարձր տեղէն վար նետեն զայն:
Luke 5:29-30
Luke 6:17
17 Անոնց հետ իջնելով՝ տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, ինչպէս նաեւ իր աշակերտներուն խումբը եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը՝ ամբողջ Հրէաստանէն, Երուսաղէմէն, ու Տիւրոսի եւ Սիդոնի ծովեզերքէն.
Luke 6:46-48
46 «Ինչո՞ւ “Տէ՛ր, Տէ՛ր” կը կոչէք զիս, բայց չէք գործադրեր ինչ որ կ՚ըսեմ:47 Ո՛վ որ կու գայ ինծի, կը լսէ իմ խօսքերս ու կը գործադրէ զանոնք, ցոյց տամ ձեզի թէ որո՛ւ կը նմանի:48 Ան կը նմանի տուն կառուցանող մարդու մը, որ փորեց, խորացաւ եւ հիմը դրաւ վէմի վրայ. երբ ողողում եղաւ՝ հեղեղը զարկաւ այդ տան բայց չկրցաւ սարսել զայն, որովհետեւ վէմի վրայ հիմնուած էր:
Luke 7:14-16
Luke 7:18-35
18 Յովհաննէսի աշակերտները պատմեցին իրեն այս բոլոր բաներուն մասին:19 Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը կանչեց իրեն ու ղրկեց Յիսուսի՝ ըսելով. «Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի՛ մը սպասենք»:20 Երբ այդ մարդիկը եկան անոր քով՝ ըսին. «Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ ղրկեց քեզի՝ ըսելով. “Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի՛ մը սպասենք”»:21 Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց ախտերէն, տանջանքներէն եւ չար ոգիներէն, ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց:
Luke 7:21-22
21 Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց ախտերէն, տանջանքներէն եւ չար ոգիներէն, ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց:22 Ապա Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Գացէ՛ք, պատմեցէ՛ք Յովհաննէսի ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, աղքատներուն կ՚աւետարանուի:
Luke 7:22-22
22 Ապա Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Գացէ՛ք, պատմեցէ՛ք Յովհաննէսի ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, աղքատներուն կ՚աւետարանուի:23 Երանի՜ անոր՝ որ չի գայթակղիր իմ պատճառովս»:24 Երբ Յովհաննէսի պատգամաւորները գացին, Յիսուս սկսաւ բազմութիւններուն խօսիլ Յովհաննէսի մասին. «Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատը. հովէն տատանող եղէ՞գ մը:
Luke 7:24-30
Luke 7:25-30
Luke 7:26-30
26 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. մարգարէ՞ մը: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, աւելի՛ քան մարգարէ մը:
Luke 7:26-27
Luke 7:27-30
27 Որովհետեւ ասիկա՛ է ան՝ որուն մասին գրուած է. “Ահա՛ ես կը ղրկեմ իմ պատգամաւորս քու առջեւէդ. ան պիտի պատրաստէ ճամբադ՝ քու առջեւդ”:
Luke 7:27-27
Luke 7:28-30
28 Արդարեւ կը յայտարարեմ ձեզի. “Կիներէ ծնածներուն մէջ՝ Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծ մարգարէ չկայ”. սակայն Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ՝ ամենէն պզտիկը անկէ աւելի մեծ է»:
Luke 7:28
Luke 7:29-30
29 Երբ ամբողջ ժողովուրդն ու մաքսաւորները լսեցին, արդարացուցին Աստուած՝ որ Յովհաննէսի մկրտութեամբ մկրտուեցան:
Luke 7:29
Luke 7:30-30
30 Բայց Փարիսեցիներն ու օրինականները անարգեցին Աստուծոյ ծրագիրը իրենց հանդէպ՝ անկէ չմկրտուելով:31 «Ուրեմն որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդին մարդիկը, եւ որո՞ւ կը նմանին:32 Կը նմանին մանուկներու, որոնք հրապարակները նստելով՝ կը գոչեն իրարու եւ կ՚ըսեն. “Սրինգ նուագեցինք ձեզի՝ ու չպարեցիք, ողբացինք ձեզի՝ ու չլացիք”:33 Որովհետեւ Յովհաննէս Մկրտիչը եկաւ, ո՛չ հաց կ՚ուտէր եւ ո՛չ գինի կը խմէր, ու կ՚ըսէիք. “Դեւ կայ անոր մէջ”:34 Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ եւ կը խմէ, ու կ՚ըսէք. “Ահա՛ շատակեր ու գինեսէր մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ”:
Luke 7:34-36
Luke 7:35-36
Luke 8:1
1 Անկէ ետք, ինք կը քարոզէր՝ քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ շրջելով, եւ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Տասներկուքը իրեն հետ էին,
Luke 8:8
8 Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»: Երբ ըսաւ այս բաները՝ գոչեց. «Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Luke 8:18
18 Ուրեմն զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. որովհետեւ ո՛վ որ ունի՝ պիտի տրուի անոր, իսկ ո՛վ որ չունի՝ անկէ պիտի առնուի նոյնիսկ ինչ որ ինք կը կարծէ թէ ունի»:
Luke 8:35
35 Մարդիկ դուրս ելան՝ պատահածը տեսնելու: Եկան Յիսուսի քով, ու գտան այն մարդը՝ որմէ դեւերը ելած էին, նստած Յիսուսի ոտքերուն քով, հագուած եւ սթափած. ու վախցան:
Luke 9:10
10 Առաքեալները վերադարձան, ու պատմեցին անոր՝ ինչ որ ըրին. եւ առնելով զանոնք՝ մէկդի քաշուեցաւ ամայի տեղ մը, քաղաքի մը քով՝ որուն անունը Բեթսայիդա էր:
Luke 9:48
48 ու ըսաւ անոնց. «Ո՛վ որ կ՚ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զի՛ս կ՚ընդունի, եւ ո՛վ որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի. որովհետեւ ա՛ն որ ամենէն պզտիկն է ձեր բոլորին մէջ, անիկա՛ պիտի ըլլայ մեծը»:
Luke 9:51-56
51 Երբ իր աշխարհէն վերանալու ժամանակը հասաւ՝՝, հաստատապէս որոշեց՝՝ Երուսաղէմ երթալ:52 Եւ իր առջեւէն ղրկեց պատգամաւորներ, որոնք երբ գացին՝ մտան Սամարացիներուն մէկ գիւղը, որպէսզի պատրաստութիւն տեսնեն իրեն համար:53 Բայց չընդունեցին զայն, որովհետեւ անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ ուղղուած էր:54 Երբ իր աշակերտները՝ Յակոբոս ու Յովհաննէս՝ տեսան ասիկա, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս որ ըսենք, որպէսզի երկինքէն կրակ իջնէ եւ սպառէ զանոնք, ինչպէս Եղիա ալ ըրաւ»:55 Դարձաւ ու յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք.56 որովհետեւ մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ մարդոց անձերը կորսնցնելու, հապա՝ փրկելու՝՝»: Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին:
Luke 10:12
12 Կը յայտարարեմ ձեզի. “Այն օրը Սոդոմի դատաստանը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան այդ քաղաքին”»:13 «Վա՜յ քեզի, Քորազի՛ն, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա՛. որովհետեւ եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ կատարուած ըլլային այն հրաշքները՝ որոնք կատարուեցան ձեր մէջ, շատո՛նց ապաշխարած պիտի ըլլային՝ քուրձով եւ մոխիրի մէջ նստելով:14 Բայց դատաստանին օրը՝ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Տիւրոսի ու Սիդոնի, քան ձեզի:
Luke 10:14
Luke 10:21-24
21 Այդ նոյն ժամուն՝ Յիսուս Հոգիով ցնծաց եւ ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, Հա՜յր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն: Այո՛, Հա՜յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:
Luke 10:21
21 Այդ նոյն ժամուն՝ Յիսուս Հոգիով ցնծաց եւ ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, Հա՜յր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն: Այո՛, Հա՜յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:22 Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի՝ իմ Հօրմէս, ու ո՛չ մէկը գիտէ թէ ո՛վ է Որդին, բայց միայն՝ Հայրը, եւ թէ ո՛վ է Հայրը, բայց միայն՝ Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել»:
Luke 10:22
22 Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի՝ իմ Հօրմէս, ու ո՛չ մէկը գիտէ թէ ո՛վ է Որդին, բայց միայն՝ Հայրը, եւ թէ ո՛վ է Հայրը, բայց միայն՝ Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել»:23 Աշակերտներուն դառնալով՝ առանձին ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որ կը տեսնեն ձեր տեսածները.24 արդարեւ կը յայտարարեմ ձեզի. “Շատ մարգարէներ ու թագաւորներ ուզեցին տեսնել ձեր տեսածները՝ բայց չտեսան, եւ լսել ձեր լսածները՝ բայց չլսեցին”»:
Luke 10:39-42
39 Ան քոյր մը ունէր՝ որուն անունը Մարիամ էր. ան եկաւ, նստաւ Յիսուսի ոտքերուն քով, եւ մտիկ կ՚ընէր անոր խօսքերը:40 Բայց Մարթա շատ զբաղած էր սպասարկութեամբ: Եկաւ անոր քով ու ըսաւ. «Տէ՛ր, հոգ չե՞ս ըներ՝ որ քոյրս մինակ ձգեց զիս սպասարկութեան մէջ. ուրեմն ըսէ՛ իրեն՝ որ օգնէ ինծի»:41 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար կը մտահոգուիս եւ իրար կ՚անցնիս.42 բայց մէ՛կ բան պէտք է, ու Մարիամ ընտրեց այդ լաւ բաժինը, որ պիտի չառնուի իրմէ»:
Luke 11:27-28
Luke 11:42-52
42 «Բայց վա՜յ ձեզի՝ Փարիսեցիներուդ, որ կը վճարէք անանուխին, փեգենային եւ ամէն տեսակ բանջարեղէնի տասանորդը, բայց զանց կ՚ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասո՛նք պէտք է ընէիք, ու զանոնք չթողուիք:43 Վա՜յ ձեզի՝ Փարիսեցիներուդ, որ կը սիրէք առաջին աթոռները՝ ժողովարաններու մէջ, եւ բարեւները՝ հրապարակներուն վրայ:44 Վա՜յ ձեզի՝ կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ նման էք անյայտ գերեզմաններու, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն եւ չեն գիտեր»:45 Օրինականներէն մէկը ըսաւ անոր. «Վարդապե՛տ, ա՛յսպէս խօսելով՝ մե՛զ ալ կը նախատես»:46 Իսկ ան ըսաւ. «Ձեզի՛ ալ վա՜յ՝ օրինականներո՛ւդ, որ դժուարակիր բեռներ կը բեռցնէք մարդոց, բայց դուք՝ ձեր մէ՛կ մատով չէք հպիր այդ բեռներուն:47 Վա՜յ ձեզի, որ գերեզմաններ կը կառուցանէք մարգարէներուն, մինչդեռ ձեր հայրե՛րը սպաննեցին զանոնք:48 Ուստի կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն գործերուն. որովհետեւ իսկապէս իրե՛նք սպաննեցին զանոնք, ու դուք գերեզմաններ կը կառուցանէք անոնց:49 Հետեւաբար՝ Աստուծոյ իմաստութիւնը նաեւ ըսաւ. “Անոնց պիտի ղրկեմ մարգարէներ եւ առաքեալներ: Անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննեն ու ոմանք հալածեն,50 որպէսզի աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը պահանջուի այս սերունդէն:51 Աբէլի արիւնէն մինչեւ Զաքարիայի արիւնը, որ թափուեցաւ զոհասեղանին ու տաճարին մէջտեղ, այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, պիտի պահանջուի այս սերունդէն”:52 Վա՜յ ձեզի՝ օրինականներուդ, որ վերցուցիք գիտութեան բանալին. դո՛ւք չմտաք, եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»:
Luke 12:47-48
Luke 13:18
18 Եւ ըսաւ. «Ի՞նչ բանի նման է Աստուծոյ թագաւորութիւնը , կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ զայն:
Luke 13:24
24 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Պայքարեցէ՛ք՝ որ մտնէք նեղ դռնէն. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ շատե՛ր պիտի ջանան մտնել՝ բայց պիտի չկարողանան:
Luke 14:1
1 Երբ ինք Շաբաթ օր մը մտաւ Փարիսեցիներու պետերէն մէկուն տունը՝ հաց ուտելու, անոնք կը հսկէին իր վրայ:
Luke 14:11
11 Որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:
Luke 14:35
35 Ո՛չ հողի, ո՛չ ալ թրիքի յարմար կ՚ըլլայ. ուստի դուրս կը նետեն զայն: Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Luke 15:1-2
Luke 15:25
25 Անոր երէց որդին արտն էր. երբ եկաւ ու մօտեցաւ տան, լսեց նուագարաններու եւ պարերու ձայնը,
Luke 16:16
16 Օրէնքն ու Մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. այդ ատենէն ետք Աստուծոյ թագաւորութի՛ւնը կ՚աւետուի, եւ ամէն մէկը կ՚արտորայ մտնել անոր մէջ:
Luke 16:23
23 Մինչ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր, իր աչքերը բարձրացնելով՝ հեռուէն տեսաւ Աբրահամը, ու Ղազարոսը՝ անոր գոգը հանգիստ նստած:
Luke 19:7
7 Երբ բոլորն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Մեղաւոր մարդու քով գնաց՝ իջեւանելու»:
Luke 19:38
38 Եւ կ՚ըսէին. «Օրհնեա՜լ է այդ թագաւորը, որ կու գայ Տէրոջ անունով. երկինքի մէջ խաղաղութի՜ւն, ու փա՜ռք՝ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:
Luke 22:42
42 եւ կ՚ըսէր. «Հա՛յր, եթէ փափաքիս՝ հեռացո՛ւր այս բաժակը ինձմէ. բայց ո՛չ թէ ի՛մ կամքս՝ հապա քո՛ւկդ թող ըլլայ»:
Luke 24:27
27 Եւ սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր Մարգարէներէն՝՝, կը մեկնէր անոնց՝ ի՛նչ որ գրուած էր իր մասին բոլոր Գիրքերուն մէջ:
Luke 24:44
44 եւ ըսաւ անոնց. «Ահա՛ւասիկ այն խօսքերը՝ որ ըսի ձեզի, երբ դեռ ձեզի հետ էի. “Պէտք է որ իրագործուին բոլոր բաները՝ որոնք գրուած են իմ մասիս Մովսէսի Օրէնքին մէջ, Մարգարէներուն մէջ եւ Սաղմոսներուն մէջ”»:
John 1:15
15 Յովհաննէս վկայեց անոր մասին, եւ աղաղակեց. «Ասիկա՛ է ան՝ որուն մասին կ՚ըսէի. “Ան որ իմ ետեւէս կու գայ՝ իմ առջեւս եղաւ, որովհետեւ ինձմէ առաջ էր”:
John 1:18
18 Ո՛չ մէկը երբե՛ք տեսած է Աստուած. բայց միածին Որդին՝ որ Հօրը ծոցն է, ի՛նք պատմեց անոր մասին»:
John 1:21-23
21 Հարցուցին անոր. «Հապա ո՞վ. Եղիա՞ն ես»: Ըսաւ. «Չեմ»: Հարցուցին. «Այն մարգարէ՞ն ես»: Պատասխանեց. «Ո՛չ»:22 Ուրեմն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես. ըսէ՛ մեզի, որպէսզի պատասխան մը տանինք մեզ ղրկողներուն. ի՞նչ կ՚ըսես քու մասիդ»:23 Ըսաւ. «Ես անոր ձայնն եմ՝ որ կը գոչէ անապատին մէջ. “Շտկեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան”, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»:
John 1:23-23
23 Ըսաւ. «Ես անոր ձայնն եմ՝ որ կը գոչէ անապատին մէջ. “Շտկեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան”, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»:
John 1:27
27 ի՛նք է իմ ետեւէս եկողը՝ որ իմ առջեւս եղաւ, որուն կօշիկին կապը քակելու արժանի չեմ»:
John 1:38
38 Երբ Յիսուս դարձաւ եւ տեսաւ թէ անոնք կը հետեւէին իրեն, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը փնտռէք»: Անոնք ալ ըսին իրեն. «Ռաբբի՛, (որ թարգմանուելով՝ վարդապետ ըսել է,) ո՞ւր կը բնակիս»:
John 1:44
44 Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասի ու Պետրոսի քաղաքէն:
John 2:2
2 Յիսուս ալ հրաւիրուեցաւ այդ հարսանիքին, նաեւ՝ իր աշակերտները:
John 2:23
23 Երբ Զատիկի տօնին ատենը Երուսաղէմ էր, շատ մարդիկ հաւատացին անոր անունին՝ տեսնելով անոր ըրած նշանները:
John 3:2
2 Ասիկա գիշերուան մէջ եկաւ Յիսուսի քով եւ ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես. որովհետեւ մէ՛կը չի կրնար ընել այն նշանները՝ որ դուն կ՚ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»:
John 3:5-10
5 Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”:6 Մարմինէն ծնածը՝ մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի է:7 Դուն մի՛ զարմանար որ ըսի քեզի. “Դուք պէտք է վերստին ծնիք”:8 Հովը կը փչէ ո՛ւր որ ուզէ. կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կու գայ, կամ ո՛ւր կ՚երթայ: Ո՛վ որ Հոգիէն կը ծնի՝ ա՛յսպէս է»:9 Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ ատիկա»:10 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես, ու չե՞ս գիտեր այս բաները:
John 3:24-28
24 որովհետեւ Յովհաննէս դեռ բանտը նետուած չէր:25 Ուստի վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանց եւ Հրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան մասին:26 Ու եկան Յովհաննէսի քով եւ ըսին անոր. «Ռաբբի՛, ա՛ն որ քեզի հետ՝ Յորդանանի միւս կողմն էր, որուն մասին դուն վկայեցիր, ահա՛ ի՛նք կը մկրտէ ու բոլորը կ՚երթան անոր»:27 Յովհաննէս պատասխանեց. «Մարդ մը ոչինչ կրնայ ստանալ՝ եթէ երկինքէն տրուած չըլլայ իրեն:28 Դո՛ւք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար՝ թէ ըսի. “Ես Քրիստոսը չեմ, հապա ղրկուած եմ անոր առջեւէն”:
John 3:30
30 Պէտք է որ ան մեծնայ, իսկ ես՝ պզտիկնամ»:
John 3:35
35 Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան տուած է անոր ձեռքը:
John 4:1
1 Ուրեմն երբ Տէրը գիտցաւ թէ Փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէ աւելի աշակերտներ կ՚ընէ ու կը մկրտէ,
John 4:21
21 Յիսուս ըսաւ անոր. «Կի՛ն, հաւատա՛ ինծի, որ ժամը պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ պիտի երկրպագէք Հօրը:
John 4:46-54
46 Յիսուս դարձեալ եկաւ Գալիլեայի Կանա քաղաքը, ուր ջուրը փոխած էր գինիի: Հոն պալատական մը կար, որուն որդին հիւանդ էր՝ Կափառնայումի մէջ:47 Ասիկա՝ լսելով թէ Յիսուս Հրէաստանէն եկած է Գալիլեա, եկաւ անոր ու կը թախանձէր՝ որ իջնէ եւ բժշկէ իր որդին, որովհետեւ մեռնելու մօտ էր:48 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու սքանչելիքներ չտեսնէք՝ բնա՛ւ պիտի չհաւատաք»:49 Պալատականը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, իջի՛ր, քանի դեռ տղաս մեռած չէ»:50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, որդիդ կ՚ապրի՛»: Մարդն ալ հաւատաց այն խօսքին՝ որ Յիսուս ըսաւ իրեն, ու գնաց:51 Երբ արդէն կ՚իջնէր, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ լուր տուին՝ ըսելով. «Որդիդ ո՛ղջ է»:52 Ուստի հարցափորձեց զանոնք թէ ո՛ր ժամուն սկսաւ լաւանալ: Ըսին իրեն. «Երէկ եօթներորդ ժամուն՝՝ տենդը թողուց զայն»:53 Ուստի անոր հայրը գիտցաւ թէ ա՛յն ժամն էր՝ երբ Յիսուս ըսաւ իրեն. «Որդիդ կ՚ապրի՛», ու հաւատաց՝ ինք եւ իր ամբողջ տունը:54 Յիսուս դարձեալ ըրաւ այս երկրորդ նշանը՝ երբ Հրէաստանէն Գալիլեա եկաւ:
John 5:21-29
21 որովհետեւ ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ՝ անոնց որ ուզէ:22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը: Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը՝ որ ղրկեց զայն:24 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ մտիկ կ՚ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր՝ որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ՚իյնար դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք”:25 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ժամը պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ մեռելնե՛րը պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը. եւ անոնք որ կը լսեն՝ պիտի ապրին”:26 Որովհետեւ ինչպէս Հայրը ինքնիր մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ՝ որ ինքնիր մէջ կեանք ունենայ.27 նաեւ անոր տուաւ դատաստան կիրարկելու իշխանութիւն, քանի որ ան մարդու Որդին է:28 Մի՛ զարմանաք ասոր վրայ. որովհետեւ ժամը պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները պիտի լսեն անոր ձայնը,29 ու դուրս պիտի գան. անոնք որ բարիք գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար, եւ անոնք որ չարիք գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»:
John 5:35
John 5:46-47
John 6:14
14 Իսկ մարդիկը, երբ տեսան Յիսուսի ըրած նշանը, կ՚ըսէին. «Ճշմա՛րտապէս ասիկա՛ է այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»:
John 6:27
27 Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար՝ որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ, եւ մարդու Որդի՛ն պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրը՝ Աստուած զի՛նք կնքեց»:
John 6:37
37 Բոլոր անոնք որ Հայրը կու տայ ինծի՝ պիտի գան ինծի, եւ ա՛ն որ կու գայ ինծի՝ բնա՛ւ պիտի չվտարեմ:
John 6:46
46 Ո՛չ մէկը տեսած է Հայրը, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է. անիկա՛ տեսած է Հայրը:
John 6:60-61
John 6:66
66 Ու ըսաւ. «Ասո՛ր համար ըսի ձեզի. “Ո՛չ մէկը կրնայ գալ ինծի, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր”»:
John 7:20
20 Ինչո՞ւ կը ջանաք սպաննել զիս»: Բազմութիւնը պատասխանեց. «Դե՛ւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կը ջանայ սպաննել քեզ»:
John 7:29
29 բայց ես կը ճանչնամ զայն, որովհետեւ ես անկէ եմ, եւ ա՛ն ղրկեց զիս»:
John 7:31
31 Բազմութենէն շատեր հաւատացին իրեն, ու կ՚ըսէին. «Երբ Քրիստոս գայ, միթէ աւելի՞ նշաններ պիտի ընէ՝ քան անոնք որ ասիկա ըրաւ»:
John 7:37
37 Տօնին վերջին մեծ օրը՝ Յիսուս կայնած էր ու կ՚աղաղակէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող գայ ինծի եւ խմէ:
John 7:39
39 Ասիկա ըսաւ Հոգիին մասին՝ որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. որովհետեւ Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանի որ Յիսուս փառաւորուած չէր տակաւին:
John 7:41-42
John 7:48-49
John 8:48
48 Հրեաները պատասխանեցին անոր. «Մենք ճիշդ չե՞նք ըսեր թէ դուն Սամարացի ես, ու դեւ կայ քու ներսդ»:
John 9:39-41
39 Յիսուս ըսաւ. «Ես այս աշխարհը եկայ՝ դատաստանի համար, որպէսզի չտեսնողները՝ տեսնեն, իսկ տեսնողները՝ կուրանան»:40 Փարիսեցիներէն ոմանք, որ իրեն հետ էին, լսելով ասիկա՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»:41 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք չէիք ունենար. բայց հիմա կ՚ըսէք. “Կը տեսնե՛նք”. ուրեմն ձեր մեղքը կը մնայ ձեր վրայ»:
John 10:15
15 Ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ զիս՝ ես ալ կը ճանչնամ Հայրը, եւ իմ անձս կ՚ընծայեմ ոչխարներուն համար:
John 10:20
20 Անոնցմէ շատեր կ՚ըսէին. «Դե՛ւ կայ ատոր մէջ, ու խելագարած է. ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէք ատոր»:
John 10:25
25 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ըսի՛ ձեզի, ու չէք հաւատար: Այն գործերը՝ որ ես կ՚ընեմ իմ Հօրս անունով, անո՛նք կը վկայեն իմ մասիս:
John 10:38
38 Իսկ եթէ կ՚ընեմ, թէպէտ չէք հաւատար ինծի՝ գոնէ գործերո՛ւն հաւատացէք, որպէսզի գիտնաք եւ հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է, ու ես՝ անոր մէջ»:
John 10:41
41 Շատեր գացին անոր եւ ըսին. «Իրա՛ւ Յովհաննէս նշա՛ն մը չըրաւ.
John 11:27
27 Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, ես կը հաւատամ թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գար»:
John 11:41
41 Ուստի վերցուցին քարը: Յիսուս բարձրացուց իր աչքերը եւ ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ լսեցիր զիս:
John 11:43-44
John 12:2-8
2 Հոն՝ ընթրիք մը սարքեցին անոր. Մարթա կը սպասարկէր, ու Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն՝՝ մէկն էր:3 Իսկ Մարիամ՝ առնելով մէկ լիտր թանկագին նարդոսի օծանելիք՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը, եւ սրբեց անոր ոտքերը իր մազերով. ու տունը լեցուեցաւ օծանելիքին հոտով:4 Ուստի աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդա, որ պիտի մատնէր զինք, ըսաւ.5 «Ինչո՞ւ այդ օծանելիքը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի՝ որ տրուէր աղքատներուն»:6 Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա՝ քանի որ գող էր եւ ինք ունէր գանձանակը, ու կը կրէր ինչ որ ձգուէր:7 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛յլ տուր անոր. այդ բանը պահեց իմ թաղումիս օրուան համար:8 Որովհետեւ աղքատները ամէն ատեն ունիք ձեզի հետ, բայց զիս ամէն ատեն չունիք»:
John 12:13
13 առաւ արմաւենիի ոստեր, դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու, եւ կ՚աղաղակէր. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով»:
John 12:21
21 Ասոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդայէն էր, ու կը թախանձէին անոր՝ ըսելով. «Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսո՛ւսը տեսնել»:
John 12:38-40
38 որպէսզի իրագործուի Եսայի մարգարէին խօսքը՝ որ ըսած էր. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, ու Տէրոջ բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ»:39 Չէին կրնար հաւատալ՝ քանի որ Եսայի դարձեալ ըսած է.40 «Կուրցուց անոնց աչքերը եւ կարծրացուց անոնց սիրտը, որպէսզի չտեսնեն իրենց աչքերով, չհասկնան իրենց սիրտով ու դարձի չգան, եւ ես չբժշկեմ զանոնք»:
John 13:3
3 Յիսուս՝ գիտնալով թէ Հայրը ամէն բան տուաւ իր ձեռքը, եւ թէ ինք եկաւ Աստուծմէ ու կ՚երթայ Աստուծոյ քով,
John 13:15
15 Որովհետեւ օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչպէս ես ըրի ձեզի՝ դուք ալ ընէք:
John 13:17
17 Եթէ գիտէք այս բաները, երանելի՜ էք՝ եթէ ընէք զանոնք:
John 14:6-9
6 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ո՛չ մէկը կու գայ Հօրը քով՝ բայց միայն ինձմով:7 Եթէ ճանչնայիք զիս՝ պիտի ճանչնայիք նաեւ իմ Հայրս. եւ այժմէն իսկ կը ճանչնաք զայն, ու տեսած էք զայն»:8 Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ցո՛յց տուր մեզի Հայրը, ու կը բաւէ մեզի»:9 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛յսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ, եւ չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ա՛ն որ տեսաւ զիս՝ տեսաւ Հա՛յրը. դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Ցո՛յց տուր մեզի Հայրը”:
John 14:11-12
John 14:21-24
21 Ա՛ն որ ունի իմ պատուիրաններս եւ կը պահէ զանոնք, անիկա՛ է զիս սիրողը: Ա՛ն որ կը սիրէ զիս՝ պիտի սիրուի իմ Հօրմէ՛ս. ու ես պիտի սիրեմ զայն, եւ զիս պիտի յայտնեմ անոր»:22 Յուդա (ոչ Իսկարիովտացին) ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ՝ որ դուն քեզ պիտի յայտնես մեզի, բայց ոչ՝ աշխարհին»:23 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ մէկը սիրէ զիս՝ պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ պիտի գանք անոր ու բնակինք անոր հետ:24 Ա՛ն որ չի սիրեր զիս՝ չի պահեր իմ խօսքերս: Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ ղրկեց զիս:
John 15:10
10 Եթէ պահէք իմ պատուիրաններս՝ պիտի մնաք իմ սիրոյս մէջ, ինչպէս ես պահեցի իմ Հօրս պատուիրանները եւ կը մնամ անոր սիրոյն մէջ:
John 15:10-14
10 Եթէ պահէք իմ պատուիրաններս՝ պիտի մնաք իմ սիրոյս մէջ, ինչպէս ես պահեցի իմ Հօրս պատուիրանները եւ կը մնամ անոր սիրոյն մէջ:11 Այս բաները խօսեցայ ձեզի՝ որպէսզի իմ ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ, ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:12 Սա՛ է իմ պատուիրանս՝ որ սիրէք զիրար, ինչպէս ե՛ս սիրեցի ձեզ:13 Ո՛չ մէկը ունի աւելի մեծ սէր, քան այն՝ երբ մէկը կ՚ընծայէ իր անձը իր բարեկամներուն համար:14 Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք ի՛նչ որ ես կը պատուիրեմ ձեզի:
John 15:14-14
14 Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք ի՛նչ որ ես կը պատուիրեմ ձեզի:
John 16:12
12 Տակաւին շատ բաներ ունիմ՝ ձեզի ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար հանդուրժել:
John 16:14
14 Ինք պիտի փառաւորէ զիս, որովհետեւ պիտի ստանայ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի:
John 16:33
33 Այս բաները խօսեցայ ձեզի, որպէսզի խաղաղութիւն ունենաք ինձմով. աշխարհի մէջ տառապանք պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի աշխարհին»:
John 17:2-3
John 17:6
6 Բացայայտեցի քու անունդ այն մարդոց՝ որ տուիր ինծի աշխարհէն: Քուկդ էին՝ եւ ինծի տուիր զանոնք, ու պահեցին քու խօսքդ:
John 17:25-26
Acts 1:2
2 մինչեւ այն օրը՝ երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէրներ տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն, ու համբարձաւ:
Acts 2:22
22 Իսրայելացի՛ մարդիկ, լսեցէ՛ք սա՛ խօսքերը. Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցոյց տրուած մարդ մը՝ հրաշքներով, սքանչելիքներով ու նշաններով - որ Աստուած անոր միջոցով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք -,
Acts 2:27
27 որովհետեւ իմ անձս պիտի չթողուս դժոխքին մէջ, ու պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ:
Acts 3:2-8
2 Իր մօր որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերուէր եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրան քով կը դրուէր, որպէսզի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ:3 Ան, տեսնելով Պետրոսն ու Յովհաննէսը՝ որոնք տաճարը պիտի մտնէին, ողորմութիւն խնդրեց:4 Իսկ Պետրոս՝ Յովհաննէսի հետ աչքերը անոր վրայ սեւեռելով՝ ըսաւ. «Նայէ՛ մեզի»:5 Ան ալ ուշադրութիւն դարձուց անոնց, եւ կ՚ակնկալէր բան մը ստանալ անոնցմէ:6 Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն կու տամ քեզի. Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ ոտքի՛ ելիր ու քալէ՛»:7 Եւ բռնելով անոր աջ ձեռքէն՝ ոտքի հանեց զայն: Անմի՛ջապէս անոր ոտքերուն ներբաններն ու կոճերը ամրացան,8 եւ վեր ցատկելով՝ կայնեցաւ, քալեց ու անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով, ցատկելով եւ Աստուած գովաբանելով:
Acts 3:22-24
22 Մովսէս ըսաւ մեր հայրերուն. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեր եղբայրներէն պիտի հանէ ձեզի մարգարէ մը՝ ինծի նման. անո՛ր մտիկ ըրէք՝ ամէն ինչ որ խօսի ձեզի:
Acts 3:22-23
Acts 3:23-23
Acts 4:9-10
Acts 7:37
37 Այս Մովսէսն է որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեր եղբայրներէն պիտի հանէ ձեզի մարգարէ մը՝ ինծի նման. մտի՛կ ըրէք անոր”:
Acts 10:38
38 Նազարէթէն եղող Յիսուսը, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ, շրջեցաւ բարիք գործելով ու բժշկելով բոլոր Չարախօսէն ճնշուածները, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր.
Acts 10:42
42 Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ քարոզենք ու վկայենք ժողովուրդին թէ ի՛նք է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը ողջերուն եւ մեռելներուն:
Acts 12:20
20 Հերովդէս չափազանց զայրացած էր Տիւրացիներուն եւ Սիդոնացիներուն դէմ: Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան իրեն, ու հաշտութիւն խնդրեցին՝ համոզելով թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը. որովհետեւ իրենց երկիրը կը կերակրուէր թագաւորին երկրէն:
Acts 13:27
27 Քանի որ Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց պետերը՝ ո՛չ զայն ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք կը կարդացուին ամէն Շաբաթ օր. բայց իրագործեցին գրուածները՝ դատելով զայն:
Acts 13:44-48
44 Հետեւեալ Շաբաթ օրը, գրեթէ ամբողջ քաղաքը հաւաքուեցաւ՝ լսելու Աստուծոյ խօսքը:45 Իսկ Հրեաները՝ երբ տեսան բազմութիւնները՝ լեցուեցան նախանձով, ու դէմ կը խօսէին Պօղոսի ըսածներուն՝ հակաճառելով եւ հայհոյելով:46 Ուստի Պօղոս ու Բառնաբաս համարձակելով ըսին. «Հարկ էր որ Աստուծոյ խօսքը քարոզուէր նախ ձեզի՛. բայց քանի որ կը վանէք զայն ձեզմէ, եւ դուք ձեզ արժանի չէք սեպեր յաւիտենական կեանքի, ահա՛ մենք կը դառնանք հեթանոսներուն:47 Որովհետեւ Տէրը սա՛ պատուիրած է մեզի. “Քեզ իբր լոյս դրի հեթանոսներուն, որպէսզի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս՝ մինչեւ երկրի ծայրերը”»:48 Լսելով ասիկա՝ հեթանոսները կ՚ուրախանային ու կը փառաւորէին Աստուծոյ խօսքը, եւ անոնք որ սահմանուած էին յաւիտենական կեանքին՝ հաւատացին:
Acts 14:8-10
8 Ասիկա մտիկ կ՚ընէր Պօղոսի խօսքերը, որ ակնապիշ նայելով անոր ու նշմարելով թէ բուժուելու հաւատք ունի՝9 բարձրաձայն ըսաւ. «Ուղի՛ղ կանգնէ ոտքերուդ վրայ»: Ան ալ ցատկեց եւ քալեց:10 Երբ բազմութիւնը տեսաւ Պօղոսի ըրածը, բարձրացնելով իրենց ձայնը՝ ըսին լիկայոներէն. «Աստուածները իջած են մեզի՝ մարդոց նմանութեամբ»:
Acts 15:10
10 Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել:
Acts 15:28
28 Որովհետեւ յարմար թուեցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ՝ աւելի ծանրութիւն չդնել ձեր վրայ, սա՛ հարկաւոր բաներէն զատ.-
Acts 17:20
20 որովհետեւ քանի մը տարօրինակ բաներ լսել կու տաս մեզի՝՝: Ուրեմն կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ ատոնք»:
Acts 17:24
24 Աստուած՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ,
Acts 19:1-3
1 Մինչ Ապողոս Կորնթոսի մէջ էր, Պօղոս՝ վերի երկրամասերը շրջելէ ետք՝ հասաւ Եփեսոս, եւ գտնելով քանի մը աշակերտներ՝2 ըսաւ անոնց. «Երբ հաւատացիք, արդեօք ստացա՞ք Սուրբ Հոգին»: Անոնք պատասխանեցին իրեն. «Բայց մենք լսած իսկ չենք՝ թէ Սուրբ Հոգի մը կայ»:3 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք»: Անոնք պատասխանեցին. «Յովհաննէսի մկրտութեամբ»:
Acts 26:24
24 Մինչ ան այսպէս կը ջատագովէր ինքզինք, Փեստոս բարձրաձայն ըսաւ. «Կը ցնորի՛ս, Պօղո՛ս. շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը խելագարեցնէ»:
Acts 27:3
3 Հետեւեալ օրը իջանք Սիդոն. Յուլիոս՝ մարդասիրութեամբ վարուելով Պօղոսի հետ՝ արտօնեց որ երթայ բարեկամներուն եւ վայելէ անոնց խնամքը:
Acts 28:25-28
25 Իրարու հետ չհամաձայնած՝ բաժնուեցան, երբ Պօղոս խօսք մըն ալ ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ճիշդ խօսեցաւ մեր հայրերուն՝ Եսայի մարգարէին միջոցով,26 ըսելով. “Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՛. «Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:27 Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ. իրենց ականջներով ծանր լսեցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին, որպէսզի իրենց աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք»”:28 Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ փրկութիւնը ղրկուեցաւ հեթանոսներուն, եւ անո՛նք մտիկ պիտի ընեն»:
Romans 3:21
21 Բայց հիմա՝ առանց Օրէնքին՝ Աստուծոյ արդարութիւնը բացայայտ եղած է, վկայուած ըլլալով Օրէնքէն ու Մարգարէներէն.
Romans 7:22-25
22 Որովհետեւ ներքին մարդուն համաձայն՝ կը հաւնիմ Աստուծոյ Օրէնքը.23 բայց անդամներուս մէջ կը տեսնեմ ուրի՛շ օրէնք մը, որ կը մարտնչի միտքիս Օրէնքին դէմ եւ գերի կը դարձնէ զիս մեղքի օրէնքին՝ որ անդամներուս մէջ է:24 Ի՜նչ թշուառ մարդ եմ. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմինէն:25 Շնորհակալութիւն Աստուծոյ՝՝, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Ուրեմն ես ինքս միտքով կը ծառայեմ Աստուծոյ Օրէնքին, իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին:
Romans 9:18
18 Ուրեմն կ՚ողորմի որո՛ւն որ ուզէ, եւ կը խստացնէ զա՛յն որ ուզէ:
Romans 9:32-33
Romans 11:8-10
Romans 11:33-36
33 «Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:34 Որովհետեւ ո՞վ գիտցաւ Տէրոջ միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդատու եղաւ:35 Կամ ո՞վ նախապէս անոր տուաւ բան մը, որ հատուցանուի իրեն»:36 Որովհետեւ անկէ, անով եւ անորն են բոլոր բաները, որուն փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն:
Romans 15:2
2 Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար:
Romans 16:25-26
25 Եւ հիմա՝ անո՛ր, որ կարող է ձեզ ամրացնել՝ իմ աւետարանիս ու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան համաձայն, այն խորհուրդին յայտնութեան համաձայն՝ որ լռութեան մէջ մնացած էր դարերու ժամանակներէն ի վեր,26 բայց հիմա բացայայտ եղաւ ու Մարգարէներուն գիրքերով - յաւիտենական Աստուծոյ հրամանին համաձայն - բոլոր հեթանոսներուն գիտցուեցաւ՝ հաւատքի հնազանդութեան համար,
1 Corinthians 1:18-29
18 Արդարեւ խաչին քարոզութիւնը յիմարութիւն է անոնց համար՝ որ կը կորսուին, իսկ մեզի համար՝ որ փրկուած ենք՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է:19 Որովհետեւ գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ, ու խելացիներուն խելքը պիտի ջնջեմ»:20 Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհի վիճաբանողը. միթէ Աստուած չյիմարացո՞ւց այս աշխարհի իմաստութիւնը:21 Արդարեւ՝ քանի աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած՝ անոր իմաստութեան մէջ, Աստուած բարեհաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել անո՛նք՝ որ կը հաւատան.22 որովհետեւ Հրեաները նշան կը պահանջեն, եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն,
1 Corinthians 1:22-29
1 Corinthians 1:23-29
23 իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, գայթակղութիւն՝ Հրեաներուն, ու յիմարութիւն՝ Յոյներուն.24 բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Յոյներուն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը.25 որովհետեւ Աստուծոյ յիմարութիւնը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է, եւ Աստուծոյ տկարութիւնը մարդոցմէ աւելի ուժեղ է:26 Արդարեւ դուք կը տեսնէք ձեր կոչումը, եղբայրնե՛ր, թէ ի՛նչպէս ո՛չ թէ շատ իմաստուններ՝ մարմինի համեմատ, շատ զօրաւորներ, շատ ազնուականներ կանչուեցան,27 հապա Աստուած ընտրեց աշխարհի յիմարնե՛րը՝ որպէսզի ամօթահար ընէ իմաստունները: Աստուած ընտրեց աշխարհի տկարնե՛րը՝ որպէսզի ամօթահար ընէ հզօրները.28 Աստուած ընտրեց աշխարհի ստորիննե՛րը, անարգուածնե՛րն ու բա՛ն մը չեղողները, որպէսզի ոչնչացնէ բա՛ն մը եղողները.29 որպէսզի ո՛չ մէկ մարմին պարծենայ Աստուծոյ առջեւ:
1 Corinthians 2:6-8
6 Սակայն կատարեալներուն կը խօսինք իմաստութեան մասին. բայց ո՛չ այս աշխարհի, ո՛չ ալ այս աշխարհի ոչնչացող իշխաններուն իմաստութեան մասին,7 հապա՝ Աստուծո՛յ խորհրդաւոր եւ ծածկուած իմաստութեան մասին կը խօսինք, որ Աստուած դարերէն առաջ սահմանեց մեր փառքին համար:8 Այս աշխարհի իշխաններէն ո՛չ մէկը ճանչցաւ զայն. քանի որ եթէ ճանչցած ըլլային, չէին խաչեր փառքի Տէրը:
1 Corinthians 2:14
14 Իսկ շնչաւոր մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բաները, որովհետեւ անոնք իրեն համար յիմարութիւն են, ո՛չ ալ կրնայ հասկնալ, քանի որ կը զննուին հոգեւոր կերպով:
1 Corinthians 3:2
2 Ձեզ սնուցանեցի կաթո՛վ, ո՛չ թէ կերակուրով. որովհետեւ մինչեւ հիմա չէիք կրնար հանդուրժել, եւ ո՛չ իսկ ներկայիս կրնաք, քանի որ տակաւին մարմնաւոր էք:
1 Corinthians 3:18-20
18 Ո՛չ մէկը թող խաբէ ինքզինք: Եթէ ձեզմէ մէկը կը կարծէ իմաստուն ըլլալ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար դառնայ՝ որպէսզի իմաստուն ըլլայ:19 Որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը՝ Աստուծոյ քով յիմարութիւն է. քանի որ գրուած է. «Ան իմաստունները կը բռնէ իրենց խորամանկութեան մէջ»:20 Եւ դարձեալ. «Տէրը գիտէ իմաստուններուն մտածումները՝ որ փուճ են»:
1 Corinthians 4:11
11 Մինչեւ այս ժամը թէ՛ կ՚անօթենանք, թէ՛ կը ծարաւնանք, թէ՛ մերկ կը մնանք, թէ՛ կը կռփահարուինք, թէ՛ որոշ բնակավայր չունինք,
1 Corinthians 6:4
4 Ուրեմն եթէ դատեր ունիք՝ այս կեանքի բաներուն համար, դատաւո՛ր նշանակեցէք եկեղեցիին անարգները:
1 Corinthians 9:19-23
19 Քանի որ՝ թէպէտ բոլորէն ազատ էի՝ ես զիս բոլորին ծառայ ըրի, որպէսզի շատերը շահիմ:20 Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէսզի Հրեաները շահիմ:21 Օրէնքի տակ եղողներուն հետ՝ իբր թէ Օրէնքի տակ, (ո՛չ թէ ես Օրէնքի տակ էի,) որպէսզի Օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ: Առանց Օրէնքի եղողներուն հետ՝ իբր թէ առանց Օրէնքի, (ո՛չ թէ ես Աստուծմէ օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսի օրէնքին տակ էի,) որպէսզի առանց Օրէնքի եղողներն ալ շահիմ:
1 Corinthians 9:21
21 Օրէնքի տակ եղողներուն հետ՝ իբր թէ Օրէնքի տակ, (ո՛չ թէ ես Օրէնքի տակ էի,) որպէսզի Օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ: Առանց Օրէնքի եղողներուն հետ՝ իբր թէ առանց Օրէնքի, (ո՛չ թէ ես Աստուծմէ օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսի օրէնքին տակ էի,) որպէսզի առանց Օրէնքի եղողներն ալ շահիմ:22 Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէսզի տկարները շահիմ. բոլորին հետ ամէն ինչ եղայ, որպէսզի ա՛նպայման ոմանք փրկեմ:23 Եւ ասիկա կ՚ընեմ աւետարանին համար, որ հաղորդակից ըլլամ անոր:
1 Corinthians 9:27
27 բայց կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ մարմինս, որպէսզի՝ ուրիշներուն քարոզելէ ետք՝ ես ինքս խոտելի չըլլամ:
1 Corinthians 15:9
9 Որովհետեւ ես առաքեալներուն փոքրագոյնն եմ, եւ արժանի ալ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի որ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին:
1 Corinthians 15:25-27
2 Corinthians 1:4-5
2 Corinthians 1:17-18
2 Corinthians 3:14
14 Սակայն անոնց միտքերը կուրցան. որովհետեւ՝ մինչեւ այսօր՝ նոյն ծածկոցը ձգուած կը մնայ Հին Կտակարանի ընթերցումին վրայ, (ան Քրիստոսով կ՚ոչնչանայ,)
2 Corinthians 4:3-6
3 Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած է, կորսուածներո՛ւն համար ծածկուած է.4 որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ:5 Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար.6 որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ:
2 Corinthians 4:17
17 Արդարեւ մեր թեթեւ, վայրկենական տառապանքը՝ մեզի համար կը պատրաստէ գերազանց ու յաւիտենական կշիռք ունեցող փառք մը.
2 Corinthians 10:1
1 Ես ինքս՝ Պօղոս՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի Քրիստոսի հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ, ես՝ որ ձեր ներկայութեան մէջ խոնարհ եմ, բայց բացակայ ըլլալով՝ խիզախ եմ ձեզի հանդէպ:
2 Corinthians 10:5
5 Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում:
2 Corinthians 11:27
27 Աշխատանքի ու տաժանքի մէջ էի, յաճախ՝ հսկումներու մէջ, անօթութեան եւ ծարաւի մէջ, շատ անգամ՝ ծոմապահութեան, ցուրտի ու մերկութեան մէջ:
2 Corinthians 12:9-10
9 Բայց ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կ՚իրագործուի տկարութեան մէջ»: Ուրեմն մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս:10 Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:
Galatians 5:1
1 Ուստի հաստատո՛ւն կեցէք այն ազատութեամբ՝ որով Քրիստոս ազատեց մեզ, եւ դարձեալ ստրկութեան լուծին տակ մի՛ կաշկանդուիք:
Galatians 5:11
11 Սակայն, եղբայրնե՛ր, ա՛լ ինչո՞ւ կը հալածուիմ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ. ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը ոչնչացա՞ծ է:
Galatians 5:18
18 Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ Օրէնքին տակ չէք ըլլար:
Ephesians 1:9
9 Գիտցուց մեզի իր կամքին խորհուրդը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն, որ իր մէջ՝՝ առաջադրած էր.
Ephesians 1:11
11 Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն,
Ephesians 1:20-23
20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ,21 ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ:22 Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին,23 որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:
Ephesians 2:3
3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման:
Ephesians 3:8
8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,
Ephesians 3:8-10
8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,9 եւ բոլորին տեսնել տամ թէ ի՛նչ է հաղորդակցութիւնը այն խորհուրդին, որ դարերու սկիզբէն ի վեր ծածկուած էր Աստուծոյ մէջ, որ ստեղծեց ամէն բան.10 որպէսզի Աստուծոյ բազմակողմանի իմաստութիւնը՝ եկեղեցիին միջոցով հիմա գիտցուի երկնային վայրերու մէջ եղող պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն,11 իր յաւիտենական առաջադրութեան համաձայն, որ իրագործեց մեր Տէրոջմով՝ Քրիստոս Յիսուսով:
Ephesians 4:14
14 Որպէսզի ա՛լ ասկէ ետք մանուկ չըլլանք, տարուբերած ու վարդապետութեան ամէն հովէ հոս-հոն քշուած՝ մարդոց խաբեբայութեամբ, որոնք կը մոլորեցնեն խորամանկութեան հնարքներով.
Ephesians 4:20-21
Ephesians 6:11-13
11 Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն:12 Որովհետեւ մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին՝՝ իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ:13 Ուստի առէ՛ք ձեր վրայ Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել չար օրը,
Philippians 2:5
5 Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր.
Philippians 2:7-8
Philippians 2:10-11
10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,11 եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար:12 Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդեցաք, ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս մէջ, հապա ա՛լ աւելի հիմա՝ իմ բացակայութեանս ատեն, գործադրեցէ՛ք ձեր փրկութիւնը՝ ահով ու դողով.
Philippians 4:13
13 Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս:
Colossians 1:26-27
1 Thessalonians 4:2
2 քանի որ գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի՝ Տէր Յիսուսով:
2 Thessalonians 1:7
2 Thessalonians 2:13-14
2 Thessalonians 3:6
6 Կը պատուիրենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ զգուշանաք ամէն եղբօրմէ՝ որ կ՚ընթանայ անկարգութեամբ, եւ ո՛չ թէ այն աւանդութեան համաձայն՝ որ ընդունեցիք մեզմէ:
2 Thessalonians 3:10
10 Որովհետեւ երբ ձեր քով էինք, սա՛ կը պատուիրէինք ձեզի, թէ “ա՛ն որ չ՚ուզեր գործել, հա՛ց ալ թող չուտէ”:
1 Timothy 6:14
14 որ պահես այս պատուէրը՝ ապրելով անբիծ, անարատ, մինչեւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երեւումը:
2 Timothy 1:9
9 Ան փրկեց մեզ եւ կանչեց սուրբ կոչումով, ո՛չ թէ մեր գործերուն համեմատ, հապա՝ իր առաջադրութեան ու շնորհքին համաձայն, որ Քրիստոս Յիսուսով տրուեցաւ մեզի՝ դարերու ժամանակներէն առաջ,10 բայց հիմա բացայայտուեցաւ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի երեւումով: Ան ոչնչացուց մահը, եւ լուսաւորեց կեանքն ու անմահութիւնը՝ աւետարանով,
2 Timothy 2:25-26
Hebrews 2:3
3 մենք ի՞նչպէս զերծ պիտի մնանք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը հանդէպ, որ սկիզբ առաւ Տէրոջ խօսքով ու մեր մէջ հաստատուեցաւ լսողներուն միջոցով.
Hebrews 2:8-10
8 ամէն բան հպատակեցուցիր անոր ոտքերուն ներքեւ»: Քանի որ բոլորը հպատակեցուց անոր, անոր դէմ ըմբոստացող ոչինչ թողուց. բայց հիմա բոլորը անոր հպատակած չենք տեսներ:9 Սակայն փառքով ու պատիւով պսակուած կը տեսնենք Յիսո՛ւսը, որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով մահ համտեսէ բոլորին համար:10 Որովհետեւ կը պատշաճէր անոր,- որուն համար է ամէն բան, եւ անո՛վ եղած է ամէն բան,- որ շատ որդիներ փառքի մէջ մտցնելու համար՝ չարչարանքներո՛վ կատարեալ ընէ անոնց փրկութեան Ռահվիրան:
Hebrews 4:1
1 Ուրեմն վախնա՛նք, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը զրկուած թուի անոր հանգստավայրը մտնելու խոստումէն, որ մնացած է մեզի:
Hebrews 4:3-11
3 Իսկ մենք՝ որ հաւատացինք, պիտի մտնենք հանգիստը, ինչպէս ըսաւ. «Հետեւաբար երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ. “Անոնք պիտի չմտնեն իմ հանգստավայրս”», թէպէտ իր գործերը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր եղած էին:4 Որովհետեւ Գիրքը սա՛ կ՚ըսէ տեղ մը՝ եօթներորդ օրուան համար. «Եւ Աստուած եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն»:5 Ու հոս դարձեալ կ՚ըսէ. «Անոնք պիտի չմտնեն իմ հանգստավայրս»:6 Ուրեմն, քանի որ ոմանց կը մնայ հոն մտնել, իսկ անոնք որ նախապէս ստացած էին աւետիսը՝ անհնազանդութեան պատճառով չմտան,7 դարձեալ օր մը կը սահմանէ՝ ա՛յնքան ժամանակէ ետք, եւ Դաւիթի բերանով կ՚ըսէ՝ «այսօր», ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը, մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը»:8 Որովհետեւ եթէ Յեսու հանգստացուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետք պիտի չխօսէր ուրիշ օրուան մասին:9 Ուրեմն դեռ հանգիստի Շաբաթ մը կը մնայ Աստուծոյ ժողովուրդին.10 որովհետեւ ա՛ն որ մտաւ անոր հանգստավայրը, ի՛նք ալ հանգստացաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած՝ իրեններէն:11 Ուրեմն ջանա՛նք մտնել այդ հանգստավայրը, որպէսզի ո՛չ մէկը իյնայ՝ նոյն անհնազանդութեան օրինակին պէս:
Hebrews 5:9
9 ու երբ կատարեալ եղաւ, յաւիտենական փրկութիւն պատճառեց բոլոր իրեն հնազանդողներուն,
Hebrews 6:4-8
4 Արդարեւ անկարելի է անոնց՝ որոնք անգամ մը լուսաւորուեցան, համտեսեցին երկնային պարգեւը, բաժնեկից դարձան Սուրբ Հոգիին,5 եւ համտեսեցին Աստուծոյ բարի խօսքն ու գալիք աշխարհին սքանչելիքները,6 որ վերանորոգուին ապաշխարութեամբ՝ եթէ սայթաքին. քանի որ կրկին կը խաչեն Աստուծոյ Որդին իրենք իրենց համար, ու կը խայտառակեն զայն:7 Որովհետեւ այն երկիրը՝ որ կը խմէ իր վրայ յաճախ եկած անձրեւը, եւ կ՚արտադրէ յարմար բոյսեր անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, օրհնութիւն կը ստանայ Աստուծմէ.8 բայց ան որ կ՚արտադրէ փուշեր ու տատասկներ՝ անպէտ է եւ անիծուելու մօտ. անոր վախճանն է այրուիլ:
Hebrews 10:26-31
26 Արդարեւ եթէ կամովին մեղանչենք՝ ճշմարտութեան գիտակցութիւնը ստանալէ ետք, ա՛լ ուրիշ զոհ չի մնար մեղքերու համար,27 հապա կը մնայ դատաստանի ահարկու սպասում մը ու նախանձախնդրութեան կրակ մը, որ պիտի լափէ հակառակորդները:28 Ա՛ն՝ որ կ՚անարգէր Մովսէսի Օրէնքը, կը մեռնէր առանց արգահատանքի, երկու կամ երեք վկաներով:29 Ա՛լ ո՜րչափ աւելի խիստ պատիժի կը կարծէք թէ պիտի արժանանայ ա՛ն՝ որ ոտնակոխ ըրած է Աստուծոյ Որդին, պիղծ համարած է ուխտին արիւնը՝ որով ինք սրբացաւ, եւ նախատած է շնորհքի Հոգին:30 Քանի որ կը ճանչնանք ա՛ն՝ որ ըսաւ. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ,- կ՚ըսէ Տէրը»: Եւ դարձեալ. «Տէ՛րը պիտի դատէ իր ժողովուրդը»:31 Ահարկու բան է իյնալ ապրող Աստուծոյ ձեռքը:
Hebrews 10:37
37 Քանի որ «քիչ մը ատենէն պիտի գայ ա՛ն՝ որ գալիք է, ու պիտի չուշանայ:
Hebrews 11:40
40 քանի որ Աստուած մեզի համար նախատեսած էր աւելի լաւ բան մը, որպէսզի անոնք չհասնին խոստումին իրագործումին՝՝ առանց մեզի:
James 1:5
James 2:5
5 Լսեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս. միթէ Աստուած չընտրե՞ց այս աշխարհի աղքատները՝ որոնք հարուստ են հաւատքով, ու ժառանգորդ արքայութեան՝ որ խոստացաւ զինք սիրողներուն:
1 Peter 1:10
10 Այդ փրկութիւնը փնտռեցին եւ զննեցին մարգարէները, որոնք մարգարէացան ձեզի սահմանուած շնորհքին մասին:
1 Peter 2:8
8 ու սայթաքումի քար եւ գայթակղութեան ժայռ» անոնց՝ որ խօսքին անհնազանդ ըլլալով կը գայթին, որուն համար ալ որոշուած էին:
1 Peter 2:21-23
21 Քանի որ դուք կանչուեցաք այս բանին համար, որովհետեւ Քրիստո՛ս ալ չարչարուեցաւ ձեզի համար եւ օրինակ թողուց ձեզի՝ որպէսզի հետեւիք իր հետքերուն:22 Ան մեղք չգործեց, ո՛չ ալ նենգութիւն գտնուեցաւ անոր բերանին մէջ:23 Երբ կը հեգնուէր, փոխարէնը չէր հեգներ. կը չարչարուէր, բայց չէր սպառնար, հապա կը յանձնէր ինքզինք արդարութեամբ դատողին:
1 Peter 3:22
22 Ան երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, եւ հրեշտակները, իշխանութիւններն ու զօրութիւնները հպատակած են իրեն:
2 Peter 2:4-9
4 Արդարեւ Աստուած չխնայեց մեղանչած հրեշտակներուն, հապա նետեց տարտարոսը ու մատնեց մթութեան կապանքներուն՝ դատաստանի վերապահելու համար:5 Նաեւ չխնայեց նախկին աշխարհին. բայց պահեց Նոյը՝ ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը, երբ ջրհեղեղը բերաւ ամբարիշտներու աշխարհին վրայ:6 Մոխիրի վերածելով Սոդոմի ու Գոմորի քաղաքները՝ դատապարտեց զանոնք կործանումով, եւ օրինակ դարձուց յետագայ ամբարիշտներուն.7 սակայն ազատեց արդար Ղովտը, որ ընկճուած էր անօրէններուն շուայտ վարքէն:8 (Որովհետեւ անոնց մէջ բնակող այդ արդարը, տեսնելով ու լսելով անոնց անօրէն գործերը, օրէ օր կը տանջէր իր արդար անձը:)9 Տէրը գիտէ բարեպաշտները ազատել փորձութենէ, եւ անարդարները վերապահել դատաստանի օրուան՝ պատուհասի համար.
2 Peter 2:9-9
9 Տէրը գիտէ բարեպաշտները ազատել փորձութենէ, եւ անարդարները վերապահել դատաստանի օրուան՝ պատուհասի համար.
2 Peter 3:7
7 Իսկ երկինքն ու երկիրը որ կան հիմա՝ պահեստի դրուած են նո՛յն խօսքով, վերապահուած կրակի համար՝ մինչեւ դատաստանին եւ ամբարիշտ մարդոց կորուստին օրը:
1 John 2:6
6 Ո՛վ որ կ՚ըսէ թէ կը բնակի անոր մէջ, պարտաւոր է ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս ա՛ն ընթացաւ:
1 John 2:23
23 Ո՛վ որ կ՚ուրանայ Որդին, անիկա Հա՛յրն ալ չունի. (բայց ա՛ն որ կը դաւանի Որդին, անիկա Հա՛յրն ալ ունի:)
1 John 4:17
17 Ինչպէս ի՛նք է, նոյնպէս մե՛նք ենք այս աշխարհի մէջ. ասո՛վ մեր սէրը կատարեալ է, որպէսզի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը:
1 John 5:3
3 Քանի որ սա՛ է Աստուծոյ սէրը.- պահել անոր պատուիրանները: Իսկ անոր պատուիրանները ծանր չեն,
1 John 5:19-20
2 John 1:9
9 Ո՛վ որ զանցառու կ՚ըլլայ եւ չի մնար Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, չունի Աստուած: Իսկ ա՛ն որ կը կենայ Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, ունի թէ՛ Հայրը, թէ՛ ալ Որդին:
Jude 1:7
7 Նմանապէս Սոդոմ ու Գոմոր, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջը եղած քաղաքները, որոնք անձնատուր եղան պոռնկութեան եւ ընթացան ուրիշ մարմինի ետեւէն, իբր օրինակ դրուած են մեր առջեւ, կրելով յաւիտենական կրակին վճիռը:
Jude 1:11
11 Վա՜յ անոնց, քանի որ գացին Կայէնի ճամբայէն, ինկան Բաղաամի մոլորութեան մէջ՝ վարձքի համար, եւ կորսուեցան Կորխի հակաճառութեամբ:
Revelation 2:7
7 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ կեանքի ծառէն, որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»:
Revelation 2:11
11 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի չվնասուի երկրորդ մահէն»:
Revelation 2:17
17 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ պահուած մանանայէն. նաեւ պիտի տամ անոր ճերմակ խիճ մը, եւ այդ խիճին վրայ գրուած նոր անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէ, բայց միայն զայն ստացողը»:
Revelation 2:21
21 Ես ժամանակ տուի անոր՝ ապաշխարելու իր պոռնկութենէն, բայց չապաշխարեց:
Revelation 2:29
29 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:
Revelation 3:6
6 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:
Revelation 3:13
13 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:
Revelation 3:22
22 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:
Revelation 5:11-14
11 Տեսայ, ու լսեցի ձայնը շատ հրեշտակներու՝ որոնք գահին, էակներուն եւ երէցներուն շուրջն էին. անոնց թիւը բիւրերով բիւր ու հազարներով հազար էր:12 Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն»:13 Ու լսեցի բոլոր արարածները՝ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ եղող, ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կայ, որոնք կ՚ըսէին. «Գահին վրայ բազմողին եւ Գառնուկին՝ օրհնաբանութի՜ւն, պատի՜ւ, փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝»:14 Եւ չորս էակները կ՚ըսէին. «Ամէն»: Ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին:
Revelation 7:12
12 ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնաբանութի՜ւն, փա՜ռք, իմաստութի՜ւն, շնորհակալութի՜ւն, պատի՜ւ, զօրութի՜ւն ու կարողութի՜ւն մեր Աստուծոյն՝ դարէ դար՝՝: Ամէն»:
Revelation 9:20-21
20 Միւս մարդիկը՝ որ չսպաննուեցան այս պատուհասներէն, չապաշխարեցին իրենց ձեռքերուն գործերէն՝ որ չերկրպագեն դեւերուն, նաեւ ոսկիէ, արծաթէ, պղինձէ, քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ լսել, ո՛չ ալ քալել:21 Նաեւ չապաշխարեցին ո՛չ իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ իրենց պոռնկութենէն, ո՛չ ալ իրենց գողութիւններէն:
Revelation 11:3
3 Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր:
Revelation 11:8
8 Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ:
Revelation 16:9
9 ու զօրութիւն տրուեցաւ անոր՝ որ կրակով տօթակէզ ընէ մարդիկը: Մարդիկ տօթակէզ եղան սաստիկ տօթէն, եւ հայհոյեցին անունը Աստուծոյ՝ որ իշխանութիւն ունի այս պատուհասներուն վրայ. բայց չապաշխարեցին՝ որ փառք տան անոր:
Revelation 16:11
11 ու հայհոյեցին երկինքի Աստուծոյն՝ իրենց ցաւերուն եւ պալարներուն պատճառով. բայց չապաշխարեցին իրենց գործերէն:
Revelation 20:4
4 Տեսայ նաեւ գահեր, որոնց վրայ բազմեցան, եւ անո՛նց տրուեցաւ դատավարութիւնը: Տեսայ նաեւ Յիսուսի վկայութեան համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն անձերը: Անոնք չերկրպագեցին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին. չընդունեցին անոր դրոշմը իրենց ճակատին կամ իրենց ձեռքին վրայ: Ուստի ապրեցան ու հազար տարի թագաւորեցին Քրիստոսի հետ:
Revelation 22:17
17 Հոգին ու հարսը կ՚ըսեն. «Եկո՛ւր», եւ ա՛ն որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» : Ա՛ն որ ծարաւ է՝ թող գայ, եւ ո՛վ որ կ՚ուզէ՝ թող ձրի առնէ կեանքի ջուրը: