Armenian(i)
18 Արդարեւ խաչին քարոզութիւնը յիմարութիւն է անոնց համար՝ որ կը կորսուին, իսկ մեզի համար՝ որ փրկուած ենք՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է: 19 Որովհետեւ գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ, ու խելացիներուն խելքը պիտի ջնջեմ»: 20 Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհի վիճաբանողը. միթէ Աստուած չյիմարացո՞ւց այս աշխարհի իմաստութիւնը: 21 Արդարեւ՝ քանի աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած՝ անոր իմաստութեան մէջ, Աստուած բարեհաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել անո՛նք՝ որ կը հաւատան. 22 որովհետեւ Հրեաները նշան կը պահանջեն, եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն, 23 իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, գայթակղութիւն՝ Հրեաներուն, ու յիմարութիւն՝ Յոյներուն. 24 բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Յոյներուն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը. 25 որովհետեւ Աստուծոյ յիմարութիւնը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է, եւ Աստուծոյ տկարութիւնը մարդոցմէ աւելի ուժեղ է: 26 Արդարեւ դուք կը տեսնէք ձեր կոչումը, եղբայրնե՛ր, թէ ի՛նչպէս ո՛չ թէ շատ իմաստուններ՝ մարմինի համեմատ, շատ զօրաւորներ, շատ ազնուականներ կանչուեցան, 27 հապա Աստուած ընտրեց աշխարհի յիմարնե՛րը՝ որպէսզի ամօթահար ընէ իմաստունները: Աստուած ընտրեց աշխարհի տկարնե՛րը՝ որպէսզի ամօթահար ընէ հզօրները. 28 Աստուած ընտրեց աշխարհի ստորիննե՛րը, անարգուածնե՛րն ու բա՛ն մը չեղողները, որպէսզի ոչնչացնէ բա՛ն մը եղողները. 29 որպէսզի ո՛չ մէկ մարմին պարծենայ Աստուծոյ առջեւ: