Romans 15:9-15

Armenian(i) 9 եւ հեթանոսները Աստուած փառաբանեն՝ իր ողորմութեան համար, ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար պիտի ներբողեմ քեզ հեթանոսներուն մէջ, եւ սաղմոս պիտի երգեմ քու անունիդ»: 10 Դարձեալ կ՚ըսէ. «Հեթանոսնե՛ր, ուրախացէ՛ք անոր ժողովուրդին հետ»: 11 Եւ դարձեալ. «Գովաբանեցէ՛ք Տէրը, բոլո՛ր հեթանոսներ, ու գովեցէ՛ք զայն, բոլո՛ր ժողովուրդներ»: 12 Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ. «Յեսսէի մէկ արմատը պիտի ըլլայ, եւ կանգնելով՝ հեթանոսներուն վրայ պիտի իշխէ. անո՛ր պիտի յուսան հեթանոսները»: 13 Ուրեմն յոյսի Աստուածը թող լեցնէ ձեզ ամէն ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ՝ ձեր հաւատքին համեմատ, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ: 14 Ես ինքս ալ համոզուած եմ ձեր մասին, ի՛մ եղբայրներս, թէ դո՛ւք ալ լի էք բարութեամբ, ամէն գիտութեամբ լեցուած, եւ կրնաք զիրար խրատել: 15 Սակայն, եղբայրներ, կերպով մը աւելի՛ յանդգնութեամբ գրեցի ձեզի, իբր թէ յիշեցնելով ձեզի, Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքին պատճառով՝