Armenian(i)
3 Ծուխէն մարախներ ելան երկրի վրայ, եւ անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ՝ երկրի կարիճներուն ունեցած իշխանութեան պէս: 4 Ըսուեցաւ անոնց որ վնասեն ո՛չ երկրի խոտին, ո՛չ որեւէ կանաչութեան, ո՛չ ալ որեւէ ծառի, հապա միայն ա՛յն մարդոց՝ որոնք չունին Աստուծոյ կնիքը իրենց ճակատին վրայ: 5 Հրաման տրուեցաւ անոնց որ չսպաննեն զանոնք, հապա տանջեն զանոնք հինգ ամիս. անոնց տուած տանջանքը՝ կարիճի տուած տանջանքին պէս էր, երբ կը խայթէ մարդը: 6 Այդ օրերը մարդիկ պիտի փնտռեն մահը, սակայն պիտի չգտնեն. պիտի ցանկան մեռնիլ, բայց մահը պիտի փախչի իրենցմէ: