Armenian(i)
6 Եւ եօթը հրեշտակները, որ ունէին եօթը փողերը, պատրաստուեցան հնչեցնելու զանոնք: 7 Առաջին հրեշտակը հնչեցուց փողը, եւ արիւնով խառնուած կարկուտ ու կրակ եղաւ եւ նետուեցաւ երկրի վրայ. (երկրի մէկ երրորդը այրեցաւ,) ծառերուն մէկ երրորդը այրեցաւ, ու ամէն կանաչ խոտ այրեցաւ: 8 Երկրորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, եւ հրավառ մեծ լերան պէս բան մը նետուեցաւ ծովը. ծովուն մէկ երրորդը արիւն եղաւ,