Revelation 18:21-23

Armenian(i) 21 Հզօր հրեշտակ մը վերցուց քար մը՝ մեծ ջաղացքի քարի պէս, ու նետեց ծովը՝ ըսելով. «Ա՛յսպէս սաստկութեամբ պիտի խորտակուի Բաբելոն մեծ քաղաքը եւ ա՛լ բնա՛ւ պիտի չգտնուի: 22 Քնարահարներուն, երաժիշտներուն, սրնգահարներուն ու փողահարներուն ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ. ա՛լ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ, ի՛նչ արհեստէ ալ ըլլայ. ջաղացքի քարին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ. 23 ճրագին լոյսը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չփայլի քու մէջդ. փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանի որ երկրի մեծամեծներն էին քու առեւտրականներդ, ու բոլոր ազգերը մոլորեցան քու կախարդութեամբդ»: