Armenian(i)
3 որովհետեւ թլփատութիւնը մե՛նք ենք, որ կը պաշտենք Աստուած Հոգիո՛վ եւ կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսո՛վ, ու վստահութիւն չունինք մարմինի վրայ. 4 թէեւ ե՛ս ալ ունենալու էի նոյն վստահութիւնը մարմինի վրայ: Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմինի վրայ, ա՛լ աւելի ե՛ս՝ 5 ութերորդ օրը թլփատուած, Իսրայէլի ցեղէն, Բենիամինի տոհմէն, Եբրայեցի մը՝ Եբրայեցիներէն, Օրէնքին համեմատ՝ Փարիսեցի, 6 նախանձախնդրութեան համեմատ՝ եկեղեցին կը հալածէի, Օրէնքէն եղած արդարութեան համեմատ՝ անմեղադրելի էի: 7 Բայց ինչ որ շահ էր ինծի, վնաս համարեցի զայն՝ Քրիստոսի համար: