Armenian(i)
3 Ան ալ եկաւ Յորդանանի շրջակայքը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր՝ մեղքերու ներումին համար, 4 ինչպէս գրուած է Եսայի մարգարէին խօսքերուն գիրքին մէջ. «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները: 5 Ամէն ձոր պիտի լեցուի, եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ. ծուռը պիտի շտկուի, խորտուբորտ տեղերը պիտի ըլլան հարթ ճամբաներ, 6 եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը”»: 7 Իրմէ մկրտուելու եկող բազմութեան ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն: 8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք, եւ մի՛ սկսիք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. քանի որ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ: 9 Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ՝ որ լաւ պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը նետուի»: 10 Բազմութիւնները հարցուցին իրեն. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»: 11 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Ո՛վ որ երկու բաճկոն ունի՝ մէկը թող տայ չունեցողին, եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ»: 12 Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու, եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, մե՞նք ինչ ընենք»: 13 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Մի՛ պահանջէք աւելի՝ քան ինչ որ ձեզի պատուիրուած է»: 14 Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր. «Մե՞նք ինչ ընենք»: Ըսաւ անոնց. «Ո՛չ մէկը հարստահարեցէք, ո՛չ մէկը զրպարտեցէք, հապա բաւարարուեցէ՛ք ձեր թոշակով»: