Armenian(i)
47 Հարիւրապետը՝ տեսնելով պատահածը՝ փառաբանեց Աստուած եւ ըսաւ. «Ի՛րապէս այս մարդը արդար էր»: 48 Այս տեսարանը դիտելու համար հաւաքուած ամբողջ բազմութիւնը՝ պատահածները տեսնելով՝ կը ծեծէր կուրծքը ու կը վերադառնար: 49 Իր բոլոր ծանօթներն ալ հեռուն կայնած էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որ ուղեկցեր էին իրեն Գալիլեայէն, եւ կը տեսնէին այս բաները: