Luke 23:39-43

Armenian(i) 39 Այդ կախուած չարագործներէն մէկը կը հայհոյէր անոր ու կ՚ըսէր. «Եթէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, փրկէ՛ դուն քեզ, նաեւ մե՛զ»: 40 Իսկ միւսը՝ յանդիմանելով զայն՝ ըսաւ. «Դուն չե՞ս վախնար Աստուծմէ, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես: 41 Մենք՝ իսկապէս արդարաբար, քանի որ ահա՛ կը ստանանք մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը. բայց ասիկա անտեղի ո՛չ մէկ բան ըրաւ»: 42 Եւ ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս՝ երբ գաս քու թագաւորութեամբդ»: 43 Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն ա՛յսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ”»: