Armenian(i)
18 Ամբողջ բազմութիւնը միասին աղաղակեց. «Վերցո՛ւր ասիկա, եւ Բարաբբա՛ն արձակէ մեզի» 19 (որ բանտը նետուած էր՝ քաղաքին մէջ եղած ապստամբութեան մը ու մարդասպանութեան համար): 20 Իսկ Պիղատոս՝ ուզելով Յիսուսը արձակել՝ դարձեալ խօսեցաւ անոնց: 21 Բայց անոնք կը գոչէին. «Խաչէ՛, խաչէ՛ զայն»: 22 Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չարիք ըրած է. ես մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ գտայ անոր վրայ. ուրեմն պատժեմ զայն եւ արձակեմ»: 23 Իսկ անոնք կը պնդէին բարձրաձայն աղաղակներով ու կը պահանջէին որ խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները յաղթեցին: